ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐԱԾ ԱՀԱՒՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ… ՍՈՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ “ՄԵԾ ՄՕՐՍ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ“ ԺԱՊԱՒԷՆԸ
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) “Հայ Սքուլ“ի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն վարժարանի Հայկական Ակումբին, Հայ Տիկնանց Միջազգային Ընկերակցութեան, Հայկական Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին (NAASR) եւ Պոսթընի “Սարդարապատ“ Կոմիտէութեան, պիտի կատարուի ցուցադրութիւնը Շուէտաբնակ Սուզան Խարտալեանի “Մեծ Մօրս Դաջուածքները“ ժապաւէնին: Նաեւ յօդուածագիր, Սուզան Խարտալեան, իր կողակից Փիօ Հոլմքվիսթի հետ պատրաստած է տասնեակ մը ժապաւէններ, որոնք ընդհանրապէս ունին վաւերագրական բնոյթ: Մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ շարժանկարը արտադրած է Pea Holmquist, HB Pea Holmquist Film (Շուէտ):
Ութսունականներու ընթացքին “Դէպի Արարատ“ը երկար ժապաւէն մըն էր, որ կը նկարագրէր յատկապէս Սթիւռքահայն ու իր սուրբ Հայ Դատը: Ընդհանրապէս ընկերային հարցեր շօշափող եւ անարդար իրադարձութիւններ ու կաղութիւններ ներկայացնող վաւերագրականներու կողքին, նախքան “Մեծ Մօրս Դաջուածքները“, Խարտալեան նաեւ պատրաստած էր, Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապակցութիւն ունեցող այլ վաւերագրական մը` “Ես կ՛ատեմ շուները“ ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր Եղեռնէն ճողոպրած ֆրանսահայ Կարպիսին վերջին տարիները:
“Մեծ Մօրս Դաջուածքները“ ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ այն ահաւոր դէպքերուն, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահեցան շատ մը հայ կիներու: Խարտալեան, անցեալ երթալով եւ պրպտելով, կը փորձէ հետաքննել իր մահացած մեծ մօր` Խանումի կեանքի իրական պատմութիւնը:
Շարժանկարը նման է ուրուավէպի. առեղծուած մը, բանադրանք մը: Ոչ ոք ցանկութիւն ունի ամբողջ պատմութիւնը պատմելու: Եւ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դէպքը ամբողջացնել, հանդիսատեսը կը հետեւի անցուդարձերուն, ներկայ օրերու Շուէտէն մինչեւ բեմադրիչին ծննդավայրը` Լիբանան-Պէյրութ:
Ժապաւէնին մէջ իրագործուած են գեղարուեստական հետաքրքրական հնարքներ: Սուզան առանձին կը կատարէ թաղման կարգը Տէր Զօրի մէջ` իր հաւաքած ոսկորներով: Ան անցեալն ու ներկան միախառնելով, ցոյց կու տայ, թէ կեանքը կը շարունակուի` ի՛նչ ալ եղած ըլլան անցեալի դառնութիւնները. ողբերգութեանց առընթեր, ժապաւէնին մէջ կան ուրախութիւն, նշանտուք ու խնճոյք, բայց անշուշտ տիրականը յուզումն է, զոր Սուզանը յաջողած է փոխանցել եւ մեզի լսելի դարձնել իր ձայնը` հայ կնոջ ձայնը, որ խեղդուած էր ցարդ:
Շարժանկարին մէջ ականատես կ՛ըլլանք մեծ մօր քրոջ` 98-ամեայ Լիւսիայի հետ հանդիպումին, որ կ՛ապրի Հոլիվուտ: Լիւսիան եւս ունի իր քրոջ դաջուածքներէն: Ան եւս կը խուսափի պատմել ամբողջ պատմութիւնը: Լիւսիան տարագրութեան օրերուն իր քրոջ եւ մօր հետ կ՛ապաստանի քիւրտ ցեղի մը մօտ եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը տարի: Կը հանդիպինք նաեւ մեծ մօր միակ ապրող զաւակին` Մարիին, որ կ՛ապրի Պէյրութ, եւ որ նոյնպէս տեղեակ չէ ամբողջ պատմութեան մութ էջերէն: Մեծ մայրիկը նոյնիսկ իր աղջկան չէ պատմած այդ մասին: Բացարձակապէս արգիլուած էր խօսիլ: Մեծ մայրը հեռու էր ֆիզիքական բոլոր շփումներէն: Չէր սիրեր ուրիշներուն դպչիլ ու չէր ուզեր, որ ուրիշները իրեն դիպչին: Երբեք մօտ չէ եղած շուրջիններուն, նոյնիսկ` իր ամուսինին հետ:
Ի վերջոյ Սուզանի մայրն է, որ կը պատմէ մեծ մօր պատմութիւնը: Մեծ մայրիկ Խանումը միայն 12 տարեկան էր, երբ իր մօր եւ քրոջ ներկայութեամբ բռնաբարուած է քիւրտ նաւավարի մը կողմէ, Եփրատի ափին, երբ իրենք կը փախչէին ջարդերէն:
Շարժանկարին մէջ հանդիսատեսը կը կատարէ նոյն պտոյտը, որ կատարած է մեծ մայրիկը: Անցնելով Եփրատի վրայէն` կը հասնին Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքը, ուր հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայեր:
Սուզանի մեծ մօր ընտանիքը եկած է Ատըեամանէն եւ եղած է բաւական բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ: Հայրը դատաւոր էր, իսկ մայրը` երկրորդական դպրոցի ուսուցիչ: Մեծ մայրը սահուն եւ մաքուր հայերէն կը խօսէր, բայց նաեւ` հրաշալի քրտերէն: Երբեմն, երբ ինքնիրեն մրթմրթար, կը սկսէր քրտերէնով բաներ մը ըսել:
“Յատկանշական էր իր քրտերէն գիտնալը, որովհետեւ իր տարիքը ունեցող այլ վերապրողներ չէին գիտեր: Արդեօք ի՞նք ալ նկարին մէջ երեւցող աղջիկներուն ճակատագիրին ենթարկուած է: Առօրեաս սկսաւ այս հարցումներով կլանուիլ, անոնք միտքս կը չարչրկէին, մանկութենէս դէպքեր սկսայ վերյիշել: Ատոր համար ալ կ՛ըսեմ, որ երբ ժապաւէնը կը պատրաստէի, բեկորներ հաւաքեցի, որովհետեւ իսկապէս լրիւ պատկեր չկար, այլ կային բեկորներ, զորս քով–քովի դնելով` բան մը մէջտեղ եկաւ: Մնայուն կերպով նոյն հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէր. “Արդեօք մեծ մայրս ալ նման բաներու ենթարկուա՞ծ է“. կար նաեւ այն, որ երբ փոքր էի, շշուկով կը խօսէին մեծերը եւ կը պատմէին աղջկան մը մասին, նաւուն վրայ, ուր նաեւ մարդ մը կար, մարդը բան մը ըրած է աղջկան, բայց ի՞նչ ըրած է` չեմ յիշեր: Պարզ է, որ երբ մեծերը կը խօսին, փոքրերը կը լսեն, բայց ամէն ինչ չեն հասկնար: Այդ պատկերը մտքիս մէջ կար, կը յիշեմ, որ խօսակցութեան մէջ կար ծովու չափ լայն գետ, կար նաւ մը, նաւուն վրայ մարդ, որ անպատշաճ կերպով կը վարուի: Ասոնց հիման վրայ սկսայ ուսումնասիրութիւնս ընել, անշուշտ, տնեցիներուն հետ խօսեցայ, հարցաքննեցի: Այս պատմութեան կազմութեան հիմնական աղբիւրը պիտի ըլլար մեծ մօրս քոյրը` Լուսիան, որ նաեւ դաջուածքներ ունի:
Այսպէս սկսաւ պատմութիւնը եւ զարգացաւ, մինչեւ որ գիտցայ, թէ իսկապէս ի՛նչ եղած է մեծ մօրս“, կը յայտնէ Խարտալեան:
Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք դաջուածքներ ունեցող հայ կիներու երեխաներուն եւ կը հասկնանք, որ անոնց վէրքը եւս նոյնն է, որ բռնաբարութիւնն ու սեռական ոտն-ձգութիւնները “բնատիպ“ էին ջարդերէն գոյատեւած հայ կիներուն համար:
“Մեծ մայրս միշտ եղած է սառն, կասկածամիտ, մօտիկութիւն ու սէր չէ ցուցաբերած ո՛չ միայն տղամարդոց, այլ նաեւ` երեխաներու նկատմամբ, ան չէ սիրած իր երեխաները, ասիկա ազդած է նաեւ իմ հօրս վրայ, որովհետեւ ան եւս մեզի չէր գրկեր, չէր համբուրեր: Ֆիզիքական մօտիկութիւն չկայ մեր միջեւ: Շատ լաւ կը յիշենք, որ մեծ մօրս հետ նկար մը ունի հայրս. մեծ մայրս զայն գրկած է կարծես տոպրակ մը ըլլար` առանց գուրգուրանքի եւ մօտիկութեան, իրմէ հեռու. այս նկարը կայ ժապաւէնին մէջ: …Այս բոլորին ետին կան իրականութիւններ, որոնց դէմ յանդիման կանգնելու կարիք ունինք մենք այսօր: 1919-ին, երբ անգլիացիները յաղթական ներս կը մտնեն, 90 հազար երեխաներու եւ աղջիկներու անուանացանկ կը ներկայացնեն թուրքերուն ու անոնց վերադարձը կը պահանջեն: Շատ քիչ թիւով աղջիկներ կը վերադառնան հայութեան, միւս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մնայ հոն, այսօր սկսած ենք լսել նմաններուն ձայները, անոնց պատմութիւնները: Ներկայիս այս հարցը, ցաւ ի սիրտ, թուրքերուն կողմէ կը բացուի, սակայն Սփիւռքը նոր կը մօտենայ այս էջին: Մենք դժուարութիւն ունինք այս իրականութիւնը ընդունելու եւ մեր մեծ մայրերուն հետ տեղի ունեցածին հետ դէմ յանդիման կանգնելու: Այս հարցը կը յառաջացնեմ, որովհետեւ այսօր նաեւ մենք կը վարանինք Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր ապրող իսլամացած հայութիւնը հայ նկատելու, մենք իրաւունք չունինք այդ դատումը կատարելու: Ժամանակն է, որ մեր մտայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկենք. կ՛երազենք այն օրը, երբ մեր կղերականներէն մէկը քաջութիւնը ունենայ ըսելու, որ այդ իսլամացած հայերը նաեւ հայեր են, եւ ես անոնց ալ հոգեւոր հովիւն եմ:…Երբ անապատ գացած էինք, հանդիպեցանք շատերու, որոնք հաստատեցին, որ իրենց մեծ մայրերը հայեր են: Ի՞նչ պէտք էր ըլլար իմ կեցուածքս, արդեօք պէ՞տք էր ըսէի, թէ որովհետեւ ինք պետեւի է, երկար հագուստներ հագած է եւ արաբերէն կը խօսի, ուրեմն հայ չէ… Այս մէկը իսկապէս ահաւոր է, որ մենք մեզի իրաւունք տանք նման բնորոշումներ տալու. սակայն մենք հետեւողական կերպով այդպէս ըրած ենք. հազիւ մէկը տարբեր եղած է մեզմէ, ըսած ենք` դուք հայ չէք: Ասիկա վախի հարց է, զոր պէտք է շրջանցենք, պէտք է տէր կանգնինք նմաններուն, ըսենք, որ անոնք եւս մաս կը կազմեն հայութեան, եւ մեր թիւը այդպիսով պիտի բազմանայ: Կը հաւատամ, որ 100-200 տարի ետք հայ պիտի մնան Սասունի մէջ ապրողները:…Ժապաւէնին միտք բանին այն է, որ հայ ընտանիքի խնդիրներուն ընդմէջէն կը բանայ թղթածրարը մեր այսօրուան ընկերային հարցերուն, բնականաբար, եթէ կ՛ուզենք տեսնել զանոնք, այլապէս կրնանք նորէն շարունակել այնպէս, ինչպէս որ է: Ես կ՛ուզեմ, որ անոնք, որոնք այս ժապաւէնը դիտեն, մեր հայութեան առնչուած մեծ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնին, որովհետեւ մենք այլեւս պէտք է պատասխան տանք այս բոլոր հարցերուն“, կը հաստատէ Խարտալեան:
“Մեծ Մայրիկի Դաջուածք“ը պատմութիւն է, որուն մէջ աշխարհի իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը այնքան շաղախուած են, որ դժուար է զանոնք տարանջատել: Փոքրիկը նաեւ այն մեծ մայրիկն է, որ դաջուած եւ բռնաբարուած է, եւ որ յետագային պիտի բացայայտէ դաջուածքը եւ զզուանք զգալով` պիտի փորձէ զայն անջատել իր ցաւէն: