ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐՔ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՇՃԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Մեսրոպ Արք. Աշճեան սրահին մէջ, նշուեցաւ Մեսրոպ Արք. Աշճեանի 70-ամեակը, Յուլիս 1, 2011-ին, կազմակերպութեամբ` Պատմութեան Ինստիտութի տնօրէն, Դոքթ. Աշոտ Մելքոնեանի: Սրահը կը յորդէր զինք սիրողներով եւ իր յիշատակը յարգողներով: Պատին զետեղուած մեծադիր նկարներէն Սրբազանը մեզ հետ էր, իր այնքան իւրայատուկ ու բարի ժպիտով:
Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան, հակիրճ բացման խօսքով շեշտեց Սրբազանի խիստ կարեւոր ներդրումը Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներու քաոսային վիճակի ժամանակ, երբ ան կանթեղի լոյսի նման լուսաւորելով, ճշմարիտ ուղին ցոյց տուաւ շատերուն:
Մարգարիտ Խաչատրեանի տքնաջան ջանքերով, Մուղնիի դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտները, Սրբազան հօր կենսագրականը եւ իր մասին արտայայտուած մտքերը ներկայացուցին մեզ, շատ տպաւորիչ կերպով:
Ապա իրենց ջերմ սրտի խօսքով արտայայտուեցան` Ակադեմիկոս Բարխուդարեան, Ազգային Գրադարանի նախկին տնօրէն` Դաւիթ Սարգիսեան, նկարիչ Յակոբ Յակոբեան, թատերագիր-բանաստեղծ Հրանդ Մարգարեան, գրականագէտ Մարգարիտ Խաչատրեան, Համազգայինի գրասենեակի պատասխանատու` Լիլիթ Գալստեան, Մուղնիի դպրոցի տնօրէն Մուշեղ Գալստեան եւ ներկայ մտաւորականներէն, անոնք, որ առնչութիւն ունեցած էին Սրբազանին հետ:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Սրբազան Աշճեանի քոյրը` Հռիփսիմէ Աշճեան-Սերոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բոլոր արտայայտուողներուն եւ Մուղնիի դպրոցի շրջանաւարտներուն եւ տնօրէնին: Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի փակման խօսքով վերջ գտաւ այս հոգեպարար օրը: