Շիրակի Նահանգապետ Կարօ Սասունիի Արձանը Տեղադրուեցաւ Գիւմրիի Մէջ
Գիւմրիի Պռօշեան եւ Գարեգին Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին տեղադրուեցաւ Շիրակի նախկին նահանգապետ Կարօ Սասունիի արձանը:
Հասարակական-քաղաքական գործիչ, իրաւաբան, պատմաբան, Հ.Յ. Դաշնակցութիւն անդամ Կարօ Սասունի ծնած է 15 Յուլիս 1889-ին, Սասնոյ Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղի` Մամիկոնեաններու իշխանական տոհմէն սերած Ղազարի եւ հերոսուհի Աննայի (Աննա Մայրիկ) ընտանիքին մէջ: Ան Ղազարի ութ զաւակներէն վեցերորդն էր:
Սասունի 1901 թուականին աւարտած է Մուշի Մխիթարեան վարժարանը, իսկ նոյն տարուան աշունէն սկսեալ ուսանած է Մշոյ Մուրատ – Մխիթարեան վարժարանը, որ շրջանի միակ միջնակարգ դպրոցն էր:
Ան Մխիթարեան վարժարանին մէջ կ՛ուսանի հինգ տարի մինչեւ 1906 թուականը, աչքի զարնելով` ուսումնատենչութեամբ եւ բացառիկ ընդունակութեամբ: 1912 թուականին ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը: Այնուհետեւ գործած է Տարօնի մէջ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ եղած է հայկական կամաւորական շարժման գործօն մասնակից: 1916 թուականին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, Կարօ Սասունի Տարօնի մէջ նշանակուած է ընդհանուր կառավարիչ եւ ռազմական խորհրդական: Ռուսական զօրքերու նահանջի ժամանակ կրցած է փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպած է անոնց անցումը Արեւելեան Հայաստան:
1920 թուականի Մայիսին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ, մասնակցած է տեղւոյն մայիսեան խռովութեան ճնշման: Ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:
1921 թուականի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն էր: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ եղած է ներքին գործերու նախարար: Պոլշեւիկներու կողմէ Երեւանի վերագրաւումէն ետք անցած է արտասահման, նախ` Փարիզ, ապա` Պէյրութ, ուր զբաղած է ստեղծագործական, հրատարակչական աշխատանքով:
Պէյրութի մէջ 1962-1974 թուականներուն եղած է «Բագին» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի վարիչ-խմբագիրը: Ուսումնասիրած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը, որոնց հիման վրայ գրած է շարք մը արժէքաւոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գեղարուեստական երկեր: Սասունի մահացած է 1977-ին, Պէյրութ:

