ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ» ԳԻՐՔԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Փարիզ, 5 Նոյեմբեր 2025
Կրնայի՞ չգրել Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի « Մեր Տունը» գրքի հրատարակութեան առիթով, երբ այդ «Տունը» քիչ մըն ալ իմ տունս եղած է։
«Սահակ աղային տունը», կը սկսի գիրքը այս տողերով, « այդպէս կ՛անուանէին զայն թաղեցիք եւ բարեկամներ։ Տունը ունէր ռազմավարական դիրք Նոր Թոմարզա թաղի մուտքին՝ գրաւելով թաղի ամենամեծ հողամասը…»։
Ուրիշներուն համար Սահակ աղան, ինծի համար Սահակ էմմի էր։ Երբեք չեմ կանչած զինք «Սահակ աղա» անունով։ Իսկ դեռ կային ոմանք, որ զինք «Սահակ Տայի»ով կը կանչէին։ Ի՜նչ փոյթ “աղա”, “էմմի” կամ “տայի” անուանումները, երբ պարոն Սահակ Մարկոսեան թաղին տիրական դէմքն էր։ Թաղապետը։ Նահապետը։
Տունէն ներս պատկառելի ուրիշ ներկայութիւն մըն էր, Խաթուն մաման։ Հակառակ աթոռին գամուած վիճակին, տիրական էր կերպարը։ Չեմ վերլուծած երբեք այն ակնածանքը որ ունեցած եմ հանդէպ այս մամուկին, ակնածանք մը, որ պահած եմ պատանութենէս մինչեւ հիմա երբ կը գրեմ սա տողերը… Թող անլոյծ մնայ ակնածանքիս խորհուրդը։ Այնքան հաճելի է խորհուրդին գեղեցկութիւնը։
Ինչպէս ըսի , քիչ մը տունին տղան՝ ես ալ եղած եմ։ Ուստի բացառուած չէ որ պատմուածը պատմելու փորձութեան մատնուած չ՛ըլլամ… Կրցածիս չափ պիտի հսկեմ ինքզինքիս վրայ, հեղինակին գրիչէն պատմութիւններ չխլելու եւ անպարկեշտութեան թակարդին մէջ չիյնալու համար։
***
Սեդա Մարկոսեան Խտշեանի հատորը գաղտնիք մը ունի, որ կարդալ սկսելէդ ետք, չես ուզեր ընդհատել, կը շարունակես, մինչեւ որ հասնիս վերջաւորութեան։ Այս գաղտնիքը կը բացատրուի անով որ ներքին ոյժ մը կը բանի գործէն ներս, եւ այդ տինամիզմը ծրագաւորուած չէ, կը գործէ առանց կազմակերպուած ճիգ մը գործադրուած ըլլալու։ Ինքնաբուխ է։
Հարց կու տամ թէ ի՞նչ մտքէ մղուած ձեռնամուխ եղած է հեղինակը այս աշխատանքին… Արդեօք, ընտանեկան վարքաբանութեամբ ազգագրական արժէքնե՞ր կ՛ուզէր փրկել, նախնիքներու հանդէպ երախտագիտական խօսքերով՝ յարգանքի եւ սիրոյ տո՞ւրք վճարել, կամ ներբողաբանութեամբ թաղին կարգ մը տիպարնե՞րը անմահացնել… Այս բոլորը թերեւս, կամ պարզապէս գրելով կ՛ուզէր ապրիլ կեանքը որ ապրած էր Նոր Թոմարզա թաղին մէջ, որու համին կարօտը կը քաշէր։ Ինծի այնպէս կը թուի թէ աւելի կը միտէր, ապրուած համով հոտով, իրը եղած կեանքը ձեւաւորել, եւ մերժել այն կորուստը որ եղաւ թաղին։
Հետաքրքրական է որ չի՛ խօսիր էականօրէն թաղի հայօրէն քայքայումի, ըսենք՝ անհետացման մասին։ Գոհացած է միայն յիշատակելով տեղափոխութիւնները դէպի նոր արուարձաններ, սկսեալ հօրենական իր ընտանիքէն։ Չի՛ գրեր քայքայումը, ան կը յայտնուի, մակերես կու գայ ինքնիրեն, ընտանեկան կամ թաղային զուարթ կեանքի դրուագներու պատումին ընդմէջէն։ Յաջող է թեքնիքը, որովհետեւ գրութեան մտադրութիւններէն է քայքայումը ըսել, կ՛ըսէ առանց խօսելու այդ մասին, մինչ ընթերցողը գիրքը կը փակէ այն տպաւորութեամբ որ քայքայուած է այսօր թաղին երբեմնի վարար կեանքը։ Չկայ։
Ինչ որ քայայում կ՛ըսենք, պէտք է հասկնալ՝ հաւաքական կեանքի ամայութիւնը, որ պատահեցաւ Պուրճ Համուտի հանուր թաղերուն, նախ՝ ինքնակամ, ապա երկրին քաղաքական անկայունութեան հետեւանքով։ Նոր Թոմարզան պատկեր մըն է ի միջի այլոց, միւս բոլորը պատկերացնող։
***
Սեդա Մարկոսեան Խտշեան, այս գործին մէջ կ՛արծարծէ, կորուստի երկու տեսակ։ Մին՝ շիջումի մասին է Պուրճ Համուտի թաղային ծաղկուն, երբեմնի բոցավառ կեանքին։ Միւսը՝հայրենի երկրէն, բռնի տեղահանութեան։
Թաղային կեանքի սկզբնաւորութեան՝ հեղինակը ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ահաւոր ջարդէն, անպատմելի կորուստէն, հոգեպէս փլած ներաշխարհով, վերապրող աքսորեալներու վրայ, որոնք բռնութեամբ հայրենի հողերէն տեղահանուելէ եւ մահուան մէջէն քալելէ ետք, հասեր են անծանօթ վայրեր։ Տեղ կը փնտռեն։ Ապրիլ կ՛ուզեն, երդիք մը՝ տեղաւորուելու։ Անտեղեակ նոր միջավայրերու ընկերա‐տնտեսական ընկալումներուն, նոյնպէս հասարարական գիտակցութեան ձեւին…երկրին լեզուն չեն գիտեր։ Հաց պէտք է ճարեն…
Այս ի՞նչ սկիզբ… Աստուա՜ծ իմ։ Խռնուեր են Գարանթինայի քաոսին մէջ։
Հեղինակը, 1936‐ի Նոր Թոմարզայի հիմնումի առթիւ, համառօտ կերպով կ՛անդրադառնայ նաեւ 1920‐ականներէն ետք Պուրճ Համուտի մէջ հիմնուած թաղամասերու, ինչպէս Նոր Մարաշի,Նոր Ատանայի, եւ ուրիշ թաղերու։ Կորուստէն եկող այս աքսորեալներուն համար մեծ նշանակութիւն ունէր գործածել կորսնցուցած իրենց երկրին բարբառը, պահպանել հայրենական վարքն ու բարքը, վերահսկել անոնց վրայ, նոր կայքերու կարգաւորման սարսափելի դժուար այս ժամանակներուն։
Հետաքրքրական է որ ճակատագրի հաւասար թշուառութեան մէջ, հայրենի ազգագրական արժէքներու նուրբ տարբերութիւններու վրայ կը սկսի հիմնուիլ Պուրճ Համուտի հայ ընկերութեան հասարակական կեանքը, կը կազմուի հայրենակցական դասակարգային դրութեամբ։
Այս դժբախտ զանգուածին հաւաքական ենթագիտակցութիւնը, հաւանաբար մեծ կարիքն ունէր արժէքներու այս տարբերութեան։ Արդեօ՞ք Ջարդին ցաւը ամոքելու եւ մխիթարուելու եղանակ մըն էր ասիկա։
Միւս կողմէ, ներքին բախումի մէջ էին աղէտի այս աքսորեալները, նոր վայրերու օտարութեան եւ կորուսեալ իրենց երկրի հարազատութեան միջեւ։ Նոր վայրի տեղացի բնակիչ՝ լիբանանցին օտար էր իրենց համար, առանց անդրադառնալու որ օտարը իրենք էին նոր երկրին մէջ կայք փնտռող։ Չունէին կարողութիւնը զանազանելու օտարը եւ հարազատը։ Կը գտնուէին այնպիսի նոր իրականութիւններու առջեւ, որոնց հետ բնաւ հաշտ չէին, բայց պարտաւոր էին իրականացնելու։ Որովհետեւ ապրիլ կ՛ուզէին։ Մեծապէս ուշագրաւ է տուեալ պայմաններու մէջ, կորուսեալ երկրին վարքով ու բարքով ապրելու իրենց եղանակին յաջողութիւնը։ Իսկապէս մտքէ վեր է առհաւատչեան սա աքսորեալներուն։
Գրողը՝ Պուրճ Համուտի վրայ ընդհանուր ակնարկ մը կը նետէ, բայց իր նայուածքը առաւելաբար սեւեռած է իր թաղին՝ Նոր Թոմարզայի սկզբնաւորութեան վրայ։ Ընթերցողը, ինչպէս կը նշմարէ, արխիւային իմաստով պատմագրական մօտեցում չի կիրարկեր թաղին ծնունդը ներկայացնելու։ Թաղին ի՞նչպէս սկիզբ առնելը կ՛իմանանք այն տեղեկութեամբ, որ նախ կառուցուած է իրենց տունը ֆրանսական ոճով, տան սեմի առաստաղին վիթխարի արծիւի մը նկարով, ապա կը նկարագրուի մեծ հողաշերտի մը գնումը հօրը կողմէ, հայրենակիցներուն կալուածատէր դարձնելու բարեմտութեամբ…Հայրենակիցները, որոնք այլազան թաղերու մէջ վարձու սենեակներու մէջ կ՛ապրէին, տնտեսական միջոցը չունենալով չէին կրնար տանտէր դառնալ։ Հայրը՝ պարոն Սահակը, ձեւը կը փնտռէ անոնց օգնելու, եւ կը գտնէ տնտեսական դիւրութիւններ ընծայելու միջոցը։ Այնուհետեւ անոնք կարելիութիւնը կ՛ունենան իրենց կարողութեան չափով հողաբաժինի մը տէր դառնալ։ Ծրագիրը կը յաջողուի, այսպիսով կամաց կամաց մեծ այդ հողակտորին վրայ ի մի կը հաւաքուին հայրենակիցները, իւրաքանչիւրը կալուածատէր դառնալով։
Եւ կը կառուցուի Նոր Թոմարզա թաղը , որու բնակիչներուն աւելի քան իննըսուն տոկոսը կը բաղկանայ թոմարզացիներէ։ Մի քանի տուներ միայն, ինչպէս սեբաստացի «ղուշճի» Արամ էմմիին, եոզկատցի հայրիկիս, եւ դեռ մի քանի ուրիշ ոչ թոմարզացի ազգակիցներու տուները, որոնք տանտէր ըլլալու բախտը կ՛ունենան թոմարզացի չըլլալով։
Հաճելի էր կարդալ թաղի տուներու մեծ մասին ճարտարապետական համեստ ոճով կառուցուած ըլլալու մանրամասնութիւնը։ Մեր տունը օրինակի համար, կառուցուած էր առանց ճարտարապետի, համեստ որմնադիրի մը ձեռամբ եւ առանց սիւնի։ Աղիւսէ չորս պատեր՝ վրան պեթոնէ առաստաղ մը։ Այդքան։
Միւս կողմէ, միապաղաղ, միօրինակ, միյարկանի տուներով թաղերը, պիտի պարզէին այդ օրերու Պուրճ Համուտի համայնապատկերը, որ վկան պիտի դառնար քաղաքաշինարարական չափանիշին։
Տանիքները առհասրակ կը ծառայէին լուացք փռելու, իսկ յանցագործներու համար, փախուստի գաղտնի ճամբայ էր, անշուշտ այն պարագային երբ ոստիկանական հետապնդում կար։ Անոնք մէկ տանիքէն միւսը կը ցատկէին, անհետանալով, եւ չես գիտեր ի՞նչպէս, յանկարծ թաղէ մը, ապահով դուրս կու գային։
Սեդա Մարկոսեան Խտշեանի գրական այս երկին հոյակապ մասերէն մէկը պատումի բաժինն է։ Այս առումով բացառիկ է պատմելու եղանակը։ Գրողը՝ պատմողն է լսածները, մինչ ընթերցումի պահուն տարուած չես թէ գրողը կը վերապատմէ։ Ընթերցողը այն տպաւորութիւնը ունի թէ ուղղակի իր կարգին ինքն ալ հարազատօրէն կը լսէ պատմութիւնները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս գրողը լսած է անոնց շրթներէն։
Դիւրին չէ գրական վիպական աշխարհի մէջ իրագործումը այս հնարքին։ Հոս կը միանամ Արմենակ Եղիայեանի այն խորհրդածութեան, երբ «Յառաջաբանի Փոխարէն»‐ին մէջ կը գրէ,‐ «…տեղ մը, ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան տեղի ունեցած է սեփական տաղանդի մսխում մը. մսխողը եղած է Սեդա Մարկոսեանը, մսխուողը գրողի իր ձիրքը, որ չէ գիտցած գնահատել ու ըստ արժանւոյն վերաբերիլ հանդէպ այն բնատուր շնորհին, որ Աստուած պարգեւած է իրեն, իսկ ինք փոխանակ զայն ի տղայ տիոց զարգացնելու եւ բիւրեղացնելու, իր տասնամեակները վատնած է ընկերային ծառայութեանց մէջ…»։
Անկասկած Սեդա Մարկոսեանը կրնար գրական հարուստ ժառանգութիւն մը թողուլ, եթէ տաղանդին այդ գիծը, “բնատուր շնորհին”, ինչպէս Արմենակը կ՛ըսէ, չմաշէր իր առօրեայով։
Այս զրոյց‐պատումներու մէջ, գրողը իր հոգին եւ միտքը բացած է այդ մարդոց իմացական աշխարհին վրայ։ Օրինակ, Խաչեր մեծ հայրիկի կուսակցական պատմութեան հատուածին մէջ…
Խաչեր մեծհայրը, շրջանի հնչակեան կուսակցութեան հերթապահը եղած է, այս առթիւ հեղինակը կը գրէ,‐
« Օր մը հնչակեան կուսակցութեան տղաք կ՛իմանան, որ հիմնուած է նոր կուսակցութիւն մը՝ Դաշնակցութիւնը, Էվերեկէն, Հաճընէն կը հաւաքուին ու կուգան մեծ հօրս՝ իբրեւ հերթապահ, ընդվզած, գանգատելու եւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուէր, եւ իրենց բառերով՝ “ Քանի քի մենք կանք, տահա ինչո՛ւ նոր կուսակցութիւն”։ Խաչեր պապը բոլորը կը նստեցնէ եւ շատ հանդարտ ամէն մէկուն կը հարցնէ, թէ ուրկէ՞ կու գային ո՞ւր երթալու համար։ Իւրաքանչիւրը կը պատասխանէ, մին Ենիճէէն, միւսը՝ Տաշանէն, ուրիշ մը Էվերեկէն եւայլն։
‐ Բոլորդ զատ զատ ճամբաներո՞վ եկաք,‐ կը հարցնէ Խաչեր պապը։
‐ Այո,‐ կը պատասխանեն։
‐ Բայց բոլորդ հոս գալու համար ճամբայ ելաք, չէ՞։
‐ Այո,‐ կը պատասխանեն դարձեալ։
‐ Անոնց ալ նպատակը նոյնն է, բոլորս նոյն նպատակին կը ծառայենք, բոլորս ալ հայրենիքին համար ճամբայ ելած ենք,‐ կ՛ըլլայ Խաչեր պապին եզրակացութիւնը։
Պահ մը լռութիւն կը տիրէ։ Ապա տղաքը առանց տնտնալու կը հաւաքուին ու ճամբայ կ՛ելլեն վերադառնալու իրենց շրջանները»։
Կուսակցական խոնարհ գործիչին եզրակացութիւնը, կապ չունի քաղաքական մտքի փիլիսոփայական խօսքի հետ, խորութիւնը չափեցէ՛ք սա պարզ հնարամիտ պատասխանին, որ կը հիմնուի հայրենիքին ծառայելու սիրոյն վրայ։ Այս մարդոց համար, իմաստութիւնը՝ ամէն գաղափարէ վեր, սիրոյ զօրութիւնն էր։ Հայրենիքը կը կերտուի երբ սէր կայ։ Այսպէս կը հաւատային։
Զրոյցներու, երբեմն նոյնիսկ հեգնական բաժիններուն մէջ, սիրոյ երանգի մը ուրուագիծը յաճախ նշմարելի է. օրինակ Սահակ էմմին՝ կնոջը եկեղեցի գացած պահուն երբ կ՛ըսէ,
‐ Տէր հայրը տահա ժամուն դուռը բացած չէ, դուն ու՞ր կա կ՛երթա՜ս։
Բարեկրթութիւնը նայեցէք հեգնական թուող սա խօսքերուն, կը բխի պարզապէս կնոջը հանդէպ իր յարգանքէն եւ սէրէն։ Ո՛չ մէկ նշոյլ ծաղրանքի։
Կամ, կնոջը ականջէն լսափողը դուրս մնալով, սուլած պահուն, երբ ջղայնացած կ՛ըսէ,
‐ Թրէնին տիւտիւկը կա փիւչէ նորէն, ըտոր ձէնը կըտտէ՛։
Յանդիմանութիւն մը, պարուրուած երանգովը միայն յարգանքին։
Սեդա Մարկոսեան Խտշեանի «Մեր Տունը»‐ի բովանդակութիւնը, կը բացայայտէ արժէքը, տոհմային գրականութեան արուեստի իր ճանաչողութեան, որ միանգամայն համոզիչ կը դարձնէ գրական ճաշակի իր նուրբ զգայնութիւնը, գիտակցութեան բարձր վերաբերմունքը եւ իմացութիւնը։ Իմ համեստ կարծիքով,տոհմային գրականութեան արուեստի փորձ մըն է այս աշխատութիւնը, առանց, հեղինակը, մասնաւոր կերպով այդ կէտի վրայ նման ուղի մը որոնած ըլլալու։
«Հայրիկս» եւ «Մայրս» այս գլուխները, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ գլուխներ՝ զրկուած չեն արուեստի ներգործութենէն, որովհետեւ անոնց ապրելու բնական ձեւը, շնչող ընտանեկան կենսունակութիւնը, միաբան կ՛ընթանան գրութեան պատկերին հետ։ Ըսի թէ, քիչ մը տունին տղան՝ ե՛ս ալ եղած եմ։ Վերոնշեալ,այս երկու գլուխները կարդացած ատենս, տան մէջ խլրտացող կենսայորդ կեանքի ձայնը, Մարիամ տուտույի, Քրիստոսի պատկերին առջեւ ծնկաչոք ցած ձայնով աղօթքները, կարծես թէ կը լսէի ընթերցումի պահուս։ Գրութիւնը յաջողած է դրսեւորել իրականութեան նմանութիւնը։
Ընտանեկան, ո՛չ ալ թաղային, դէպքերը բնական է չեն սպառիր հատորով մը։ Հետաքրքրական է սակայն որ ինչո՞ւ զանց առած է դրուագել ընտանեկան դէպքերու շարքին, քոյրերուն եւ եղբայրներուն ամուսնութիւնները, օրինակ մեծ քրոջը՝ Սոնային, չեմ յիշեր նշանտո՞ւքն էր թէ «ղընա կէճէսի»‐ն, որուն նոյնիսկ ներկայ էր Անդրանիկ Ծառուկեանը, անմոռանալի գիշեր մըն էր, ուր խնճոյքի տաք մէկ պահուն, յանկարծ թաղի տասնըեօթ, տասնըութը տարեկան տղաքը, չկարենալով զսպել ինքզինքնին, պարելու ելան, այնպիսի պար մը բռնեցին, որու անակնկալը թաղի հանրային կարծիքին վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեց։ Ուրիշ անակնկալ մըն էր, Անդրանիկ Ծառուկեանի ներկայութիւնը։ Այդպիսի խնճոյքի մը ընթացքին, վայելել Ծառուկեանի պէս տաղանդաւոր գրագէտին ներկայութիւնը, պատմական դէպք էր մեր սերունդին համար։ Իսկ այս խնջոյքին յաջորդող շաբաթներուն, թաղը խօսակցութեան ուրիշ նիւթ չունէր…
Երկրորդ քրոջը՝ Անահիտի նշանտուքի վերաբերեալ, Ովսաննա տուտույի գովասանական խօսքերուն ընդմէջէն հատ ու կէնտ ըսուած խօսքերը, աւելի կը վերաբերին Ովսաննա տուտույի կերպարը ներկայացնելու քան թէ քրոջը նշանտուքը։
Գալով եղբօրը՝ Խաչերին Ինտոնեզիայի հետ կապուած պատմութեան, հոս, լրացուցիչ յաւելում մը օգտակար կը համարեմ, զայն նկատելով ընտանեկան պատմութեան մաս։ Խաչերը պատմած է ինծի քանի մը անգամ։
Ֆրանսական Տէկրէմոն՝ ջուրի ընկերութեան համաշխարհային գործարկներու այդ օրերու ընդհանուր նախագահը եղած է համբաւաւոր ճարտարագէտ, փարիզաբնակ՝ պարոն Սարգիս Պալապանեանը, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է եւ բարձր գնահատած Խաչերի աշխատասիրութիւնը եւ գործէն հասկացողութիւնը։ Նոյնիսկ, Տէկրէմոնի որպէս լաւագոյն պաշտօնեաներէն մին, առաջարկած է Խաչերին օգնել, եթէ ցանկութիւն ունէր ֆրանսական հպատակութեան դիմումնագիր ներկայացնելու։
Խաչերի ինտոնեզիական յիշատակներու մէջ, մեծ տեղ գրաւած էր, փարիզաբնակ անաղմուկ եւ համեստ եկեղեցասէր այս ճարտարագէտին ազնուութիւնը եւ յատուկ տեղ ունէր իր սրտին մէջ։ Ան փարիզահայ համայնքի արժէքներու փաղանգին մաս կազմող դէմքերէն է։ Յանկարծամահ եղաւ 57‐ը տարեկանին Լոնտոնի մէջ։ Պարոն Պալապանեան, բարերարը եղած է Փարիզի մերձակայ արուարձաններէն՝ Շավիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդային սրահին։ Սրահը կը կրէ իր անունը։
Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի «Մեր Տունը» հատորը հետաքրքրական է նաեւ այն տեսակէտով, որ չէ՛ առանձնացուցած գովերգելով իրենց սեփական ընտանիքի պատմութիւնը։ Գովերգած է թաղը, ազգագրական արժէքները։ Գարանթինայի թշուառներով սկսուած եւ իրագործուած ծաղկեալ Պուրճ Համուտի կեանքը։ Իրաւամբ գովասանքի արժանի է սա յաջողութիւնը։ Այս յաղթանակը հեղինակը կը համարէ հայու առաքինութիւն։ Ընթերցողը կը գտնէ որ աշխատասիրութիւն՝ արհեստի, եւ նախանձախնդրութիւն՝ ուսման մէջ, հոգին են այս ժողովուրդին։ Ի՜նչ կամք ապրելու եւ տենդ՝ տեղաւորուելու հիւրընկալ հողերու վրայ, երբ արմատախիլ եղած էին այս տառապեալները իրենց հայրենի հողերէն, գիւղերէն կամ քաղաքներէն։
Այս գործին թելադրողական կարեւոր մտքերէն է նաեւ հետեւեալը որ, մահուան խաւարէն եկող այս ամբոխը, սրտին մէջ ունէր լուսաւորութիւնը կռուելու մահուան դէմ, սէր ունէին իրականացնելու լուսաւոր կեանք մը եւ ապահովելու անոր գոյատեւումը, անկախ դասակարգային անհաւասարութիւններու պայքարէն։ Ասոնցը՝ մահու կենաց պայքար էր, հացի պայքար, որուն հետ շաղուած էր բանին պայքարը, լեզուին, հայ մշակոյթի փրկութեան։ Հազար ամեայ քաղաքակրթութեան մը մեծ կորուստէն ետք, գոնէ ազգային արժէքներու մնացած փշրանքները յաջողէին փրկել, հայրենի երկրէն պարտադրուած ելքէն ետք, սփիւռքեան հողավայրերու վրայ, հարկադրուած կեանք մը ծաղկեցնելու կենդանարար օրինակով, եւ աշխարհի ըսէին, «կեանքն է գերհզօր»։
Այս հատորին առանցքը կը կազմէ հայասիրութեան եւ հայրենասիրութեան սէրը, որպէս մարդկային ազնիւ եւ սուրբ զգացմունք, որ Ջարդի սերունդը յաջողեցաւ փոխանցել յաջորդող սերունդի եկուորներուն, որոնցմէ մէկն է ինք՝ Սեդա Մարկոսեանը։
Լեզուի, մշակոյթի փոխանցման նիւթը, սփիւռքեան այսօրուան ամենէն կարեւոր թեմաներէն, գլխաւոր հարցերէն մէկն է, որու մէջ, Սփիւռքի արեւմտեան հատուածի այսօրուան սերունդը ձախողած է եւ պարտուած։
Սեդա Մարկոսեան այն բախտաւորեալներէն է որ արժանացաւ վայելելու առաջին սերունդի փոխանցած հայրենական վառ սէրերն ու ապրումները , եւ հատորին էջ 286‐ի վերջին պարբերութեան մէջ, կու տայ վկայութիւն մը որ կրնայ թերեւս փոխանցումի հարցին վերաբերիլ, որու ներքին ծալքերուն մէջ չի խորանար անշուշտ։ Իր այս տպաւորիչ աշխատասիրութեան մէջ աղքատ այս սերունդի մարդոց հոգեբանութեան մէջ գտաւ համերաշխ գործակցութիւն, սիրտ սրտի տուած, իրարու թիկունք կանգնած, իրենց ազգի ահաւոր կորուստի ցաւէն կարծէք բուժուելու աշխատանքին յանձնուած։
***
Գիրքը կ՛աւարտի “վերջաբան”ով մը, ուր հեղինակը 5 էջերու մէջ ամփոփած է իր մտորումները, աւելի ճիշդ իրավիճակի հաստատումները, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Սփիւռք‐Հայաստան փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ։
Պարբերութիւններէն առաջինին մէջ հեղինակը կը գրէ,‐ « Մեր թաղը, մեր տունը, մեր անցեալն ու մեր պատմութիւնն էր, որ ամէն օր քիչ մը քար առ քար կառուցեց հայրենիքը մեր հոգիներուն մէջ»(էջ 287)։
Իսկ յաջորդ պարբերութեան մը մէջ պիտի կարդանք հետեւեալը,‐ «…Իսկ շատեր, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն խոյս տալով, մեկնեցան անծանօթ ու հեռաւոր ափեր, ուր մերուեցան օտար հաւաքականութիւններու մէջ. անոնցմէ ոմանք ընդ միշտ կորսնցուցին իրենց հարազատ ինքնութիւնը եւ անհետ կորան»(էջ 287)։
Կարդալով այս տողերը յուզում մը կը պատէ զիս, որովհետեւ կը նկատեմ որ առաջին աքսորին՝ որու ենթակայ զոհերը մեր ծնողներն էին, կը հետեւի երկրորդ աքսոր մը, չըսելու համար «ներքին» աքսոր մը։ Ասկէ առաջ գրած եմ տեղ մը,‐ «երկու աքսորներուն միջեւ նմանութիւնը մեծ է։ Եթէ առաջին աքսորը կեցութիւնը հասկնալուն կը վերաբերի, երկրորդը՝ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ մեր գոյութիւնը»։
Երբ «մեր գոյութիւնը» կ՛ըսենք, պիտի հասկնանք այն աշխարհը՝ հաւաքական կամ ցրուեալ, ուր հայ լեզուն կենդանի է եւ կը բանի, որ կը կենսաւորէ հայ մտածողութիւնը ներկայի մէջ ստեղծագործական զօրութեամբ, անիկա ըլլայ հասարակական կամ գրական, քաղաքական կամ հոգեւորական։
Մէջբերուած երկու հատուածները, ցոյց կու տան նաեւ մեր հայակերտումի կարողութեան ներքին զօրութեան չափը։
Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ, (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Իրաք, եւայլն),
հայակերտումի տեսակէտէն արձանագրուած բացառիկ յաջողութիւնները կը պարտինք ո՛չ այնքան մեր ներքին ոյժի կարողութեան, որքան ընկերային արտաքին նպաստաւոր պայմաններուն։ Այս երկիրներու ընկերային կեանքի բաղադրիչ տարրերուն մէջ, կրօնական յարանուանութիւնները եղած են այլամերժ։ Անոնց այլամերժութիւնը մեծապէս օգնած է մեր յաջողութեան, քանի որ ո՛չ այլամերժ հասարակութիւններու մէջ՝ Յունաստանէն մինչեւ Ատլանտեան, Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա,, եթէ բոլորովին չե՛նք ձախողած, յաջողած ալ չե՛նք, այս անյաջողութիւնը մեր ներքին ոյժերու կարողութեան չափի ցուցանիշն է։
Գրողը կարծէք լռելեայն կը յայտարարէ թէ հասած է ժամը անդրադառնալու մեր ներքին ոյժերու զօրութեան, ազդարարելով որ ժամն է արթննալու հզօրացման եթէ իսկապէս կամեցողութիւնը ունինք գոյատեւելու։
Վերջաբանին բովանդակութիւնը, կը շօշափէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի իրավիճակներուն դրական եւ բացասական երեսները, այսուամենայնիւ զարդարուած է անիկա հայրենասիրական գաղափարախօսութեան վսեմ երազով որ կը յիշեցնէ Անդրանիկ Ծառուկեանի “Թուղթ առ Երեւան”‐ի վերջին հատուածը․‐
«Մեր արցունքի մէջ հոգիդ ճանաչես,
Հոգուդ ժպիտով մեր վիշտը ջնջես,
Մի օր էլ դարձի շեփորը հնչես
Եւ պանդուխտներիդ հայրենիք կանչես»։
Մեծ է Սեդա Մարկոսեանի յուսախաբութիւնը այս առնչութեամբ, բայց ո՛չ յուսահատական։ Այլօրէն այժմէական է գիրքը որոշ պատասխաններու պարունակով, այսօրուան հայ աշխարհի քաղաքական իրադարձութիւններուն կապուած։
Պիտի խուսափիմ խորանալու “Վերջաբան”‐ի պարբերութիւններուն իւրաքանչիւրին վրայ, որովհետեւ այնքա՜ն վճիտ է լաւատեսութիւնը Սեդա Մարկոսեան Խտշեանին հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ, որ նախընտրելի է վայելել այդ լաւատեսութիւնը քան թէ տուայտիլ յոռետեսութեամբ։
«Մեր Տունը» հատորը, մաս կը կազմէ սփիւռքեան գրականութեան ոլորտին։ Հեղինակը, արժէքաւոր նուէր մը կը մատուցէ, պիտի ըսէի ինքնատիպ ոսկեմանեակ մը, սփիւռքեան գրականութեան գանձարանին։
Գրիչդ դալար, սիրելի Սեդա…

