Յօդուածներ

Երիտասարդական Անկիւն․- Ջաւախքի Ընդմէջէն

Դրօ Գալայճեան

Սաօ Փաուլօ – Պրազիլ

Ջաւախքը այսօր միայն աշխարհագրական տարածք մը չէ, այլ ան մեր գոյութեան եւ յիշողութեան կենդանի մասն է։ Աստիճանաբար կորսնցուցինք Արեւմտեան
Հայաստանը, Կարս–Արտահանը, Նախիջեւանը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն
բոլորիս ծանօթ Արցախը։ Այս ցաւալի շարքին, Ջաւախքը այսօր միակ հողակտորն է
Հ․Հ․-էն անկախ, ուր հայը դեռ կը շարունակէ շունչ առնել՝ իր լեզուով, իր եկեղեցիով, իր
ներկայութեամբ։
Ջաւախքահայութիւնը դիմադրող հոգի է։ Այդ մէկը տեսանելի է դպրոցներու մէջ, ուր
աշակերտը առաւօտեան հայերէն կ՚երգէ ու կը գրէ։ Համայնքային դպրոցներու եւ
երիտասարդական ճամբարներու միջոցով, նոր սերունդը կը կրթուի եւ կը կապուի իր
մայրենի լեզուին հետ։ Ջաւախքի տօները, ծննդեան եւ ամանորեայ ժողովները,
երգ-պարային երեկոները ոչ միայն ուրախութիւն են՝ այլեւ ինքնութեան պահպանում։
Բնականաբար, դժուարութիւնները իրականութիւն են։ Տնտեսական ճնշումներ,
աշխատատեղերու պակաս, կրթական ու մշակութային մարտահրաւէրներ – այս բոլորը
կը մղեն արտագաղթի։ Բայց այսօրուայ Ջաւախքը միայն դժուարութիւններով չի
սահմանափակուիր. ան նաեւ ուժի եւ դիմադրութեան կեդրոնակայանն է։ Այնտեղի
հայորդիները, իրենց նախաձեռնութիւններով կ՛ապացուցեն, որ կարելի է մնալ եւ գործել։
Ջաւախքը կենդանի է, որովհետեւ ժողովուրդը իր կեանքով կրակը վառ կը պահէ։
Արցախի մեր ցաւալի փորձը մեզի կը ստիպէ ուշադիր ըլլալ. ան մեզի սորվեցուց, որ
անուշադրութիւնը եւ երկարատեւ համակերպումը՝ ճնշուող պայմաններուն, կրնան
անդառնալի կորուստներ բերել։
Այն ինչ, որ պէտք է ընենք հիմա, պարզ է եւ գործնական։ Օգտագործելով մեր
կազմակերպական ցանցը պէտք է ծրագիր գծենք՝ ի նպաստ ջաւախքահայութեան
աշխատելու համար. այդ մէկը կը նշանակէ կրթութիւն, լեզուական ծրագրեր, տնտեսական նախագծեր եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւում։ Աշխատինք Ջաւախքի քարոզչութեան վրայ՝ չձգենք, որ մարդիկ սկսին Ջաւախքի մասին սորվիլ երբ արդէն շատ ուշ է եւ շրջանը հայաթափուած է։ Աշխատինք մեր
միջավայրին մէջ, մեր ակումբերու պատերէն ներս։ Տարածենք «Ջաւախք» բառը ու անոր
կարեւորութիւնը։
Սփիւռքահայ երիտասարդներու այցելութիւնները, ճամբարները, ուսումնական փոխանակումները եւ ֆինանսական աջակցութիւնը կրնան շտապօրէն տեսանելի
փոփոխութիւն բերել։ Ջաւախքի բոլոր ուժերը՝ տեղացի եւ սփիւռքեան, պէտք է
միասնաբար գործեն, համատեղելով կրթութիւնը, մշակոյթն ու տնտեսութիւնը։
Այս է պարզ ու կենդանի այն ուղերձը, որ պէտք է մնայ մեր մտքին։ Ջաւախքը մեր
ազգային դիմադրութեան խորհրդանիշն է։ Անիկա միայն մեր անցեալի յուշատետրը չէ, այլ
նաեւ ապագայի պահապանը։

Եկէ՛ք աշխատինք, որպէսզի այս հողը շարունակէ երգել, պարել եւ աճեցնել իր երեխաները։ Պատասխանատուութեան կոչ մը՝ բոլորի՛ս։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button