Լրահոս
Ցմահ Բանտարկութիւն` Արայիկ Յարութիւնեանի Եւ Դաւիթ Պապայեանի
ՊԱՔՈՒ․- Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն գործով դատական նիստը հասած է իր աւարտին։
Գլխաւոր դատախազը պահանջած է ցմահ բանտարկութիւն Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանի համար։
Դատախազը 20 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ միւս տարեց գերիներուն համար, իսկ մնացեալներուն՝ 16-19 տարուան բանտարկում։ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործը կը քննուի առանձին։

