ԱզգայինԼրահոս

15-ԱՄԵԱԿ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԻ

22 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոսին, Ծաղկաձորի (Հայաստան) մէջ, երկու շաբաթական նիստերով մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ «Յոյս եւ լոյս» կազմակերպութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծ ընտանիք» ամառնային 15-րդ ճամբարը, որուն մասնակցեցան 10-16 տարեկան 97 որբ երեխաներ եւ 23 խորհրդականներ, որոնք ընտրուած էին ճամբարի նախկին մասնակիցներու ընդմէջէն։

Այս նախաձեռնութիւնը իր սկիզբէն գլխաւորած է Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան։ Մասնակիցներուն օրերը հոգեւոր եւ գործնական աշխատանքով անցուցին, նաեւ ստեղծուեցան մարզանքի ու զուարճութեան պահեր։

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button