ԳլխաւորԿիզակէտՅօդուածներ
Ռուսիոյ Շուրջ Գ. Մաս.- Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ
Այս Ծրագիրին Գործադրութիւնը Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմով Սկսաւ
16 Յունիս 2025-ին, ամերիկացի դատաւոր, յայտնի քաղաքական եութիուպ կայքէջի հաղորդավար, Անտրիւ Նափոլիթանիի հիւրն էր Անգլիացի նախկին դեսպան՝ Ալասթէր Քրուք (1), որ յստակօրէն բացատրեց, թէ Իրանի վրայ Իսրայէլեան յարձակումը ամերիկեան անգլիական եւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց միացեալ համադրումով տեղի ունեցաւ, այնպէս ինչպէս Ռուսիոյ մէջ 1 յունիսին: Առաջին օրը մի՛այն ներսի գործակալներուն կողմէ խափանարարական գործողութիւններ էին, ականուած ինքնաշարժներ, ռումբեր եւ այլն, ու «անօդաչու ռմբակոծիչ թռչող սարքեր, Կասպից ծովու վրայով Ատրպէյճանէն արձակուած, այն տպաւորութիւնը տալով, որ իսրայէլեան օդանաւեր կը յարձակէին», մի՛այն այս հատուածը՝ այստեղ (2):

16 Յունիս 2025-ին «Ալիք» արդէն կը յայտնէ (3), որ Թեհրանի Շահրէ Ռէյ շրջանին մէջ յայտնաբերուած է «Մոսատ»-ի գործակալներու արհեստանոց մը, որ կը զբաղէր անօդաչու թռչող սարքեր կազմելու եւ ինքնաշէն ռումբերու շինութեամբ։
Ինչո՞ւ համար է այս բոլորը – Արցախի գրաւում եւ ցեղասպանութիւն, Կազայի ցեղասպանութիւն, Ռուսիոյ դէմ խափանարարութիւն, Իրանի դէմ պատերազմ…
Չինաստանի Ուրումքի քաղաքէն 25 մայիս 2025-ին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան հասաւ չինական առաջին բեռնատար գնացքը, կտրելով շուրջ 10 հազար քմ. եւ կոտրելով նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմուտքին կամայական պատժամիջոցները: Այս մասին Տը Եուրէյժըն Թայմզ (The Eurasian Times) կը գրէ (4). «Ինչ որ կարելի է անուանել մի՛այն իբրեւ աշխարհաքաղաքական յեղաշրջում, Չինաստանէն առաջին բեռնատար գնացքը այս շաբաթ հասաւ Իրան: Հակառակ ՄՆ-ու պատժամիջոցներուն, որոնք ուղղուած են Թեհրանի քարիւղի առեւտուրը խաթարելուն եւ Փեքինը մեկուսացնելուն: Երկաթուղին ոչ միայն կը խթանէ երկու երկրներուն միջեւ առեւտուրը, այլեւ կը վնասէ տարածաշրջանին մէջ Ամերիկայի ազդեցութեան:

«Բեռնատար գնացք մը ժամանեց Թեհրանի Ափրին կայանը 25 մայիս 2025-ին: Սովորական գնացք մը չէր այդ: Այս առաջին ուղիղ բեռնատար գնացքն էր, որ կը կապէր կեդրոնական Չինաստանի Զիանը Թեհրանի հետ, անցնելով աւելի քան 10,000 քմ. ուղիներէ՝ Կեդրոնական Ասիոյ հնագոյն Մետաքսի ճամբան վերականգնելու յաւակնոտ ծրագիրով», 12 յունիս 2025-ին կը գրէ Հնդկաստանի Պենկալուրուէն լրագրող Շըյամ Կօթամ (Shyam Gowtham) ՔրոսՏոք Ինսայթսի (CrossDock) Insights մէջ. «Այն ամենը, որ պէտք է գիտնաք Իրան-Չինաստան երկաթուղային միջանցքին մասին» խորագիրով կարեւոր յօդուածին մէջ որ ստորեւ կ՚ամփոփեմ (5):
«Այսօր ժամանակակից գերպետութիւնները նոյնպէս ունին տկար կողմեր, իսկ Չինաստանի համար այդ Մալաքքայի նեղուցն է՝ ջուրի նեղ հատուածը, որ Հնդկաց ովկիանոսը Խաղաղական ովկիանոսին կը միացնէ:
«Այս նեղ խեղդող կէտը շատ կարեւոր է Չինաստանի քարիւղ ներածելուն եւ առեւտուրին համար, քանի որ նաւթի եւ ապրանքներու զգալի մասը այս նեղուցէն կ՚անձնին: Մատակարարման Կառավարման Հիմնարկի տուեալներուն համաձայն՝ Չինաստանի ներածած նաւթին շուրջ 80 տոկոսը նեղուցէն կ՚անցնի։ Մալաքքայի նեղուցի որեւէ խափանում կամ շրջափակում կրնայ լրջօրէն վնասել Չինաստանի տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ապահովութեան: Տասնամեակներէ ի վեր չինացիք կը գիտակցէին այս հարցին:


«2003-ին Չինաստանի օրուան նախագահ Հու Ճինթաուը յօրինեց «Մալաքքայի երկընտրանք» եզրը, ընդգծելով այս ռազմավարական վտանգին Չինաստանի սուր գիտակցութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր Չինաստանը կը ձգտէր վերացնել այս վտանգը՝ մեծ ներդրումներ կատարելով բազմակողմանի ռազմավարութեան մէջ՝ բազմացնելով ուժանիւթի մատակարարման իր ուղիները եւ նուազեցնելով նեղուցէն կախեալ վիճակը: Չինաստանը կարծէք այդ լուծումը գտած է՝ գնացքներով։
«Այս իրագործումը ուշագրաւ է համաշխարհային առեւտուրի խորապատկերին, քանի մը պատճառներով։ Նախ, յաջողութեամբ շրջանցած է աւանդական ծովային երթուղիները՝ տալով աւելի անմիջական եւ աւելի արագ այլընտրանքային երթուղի:
«Երկրորդ, փաստած է ցամաքային միջանցքի գործնականութիւնը: Աւելի կարեւորը, որ այդ հատուածը պատժամիջոցներէն զերծ է եւ Ուաշինկթընի ու Արեւմուտքի ազդեցութենէն դուրս է:
«Քրոս Տոքի այս թիւով, պիտի վերլուծենք Չինաստան-Իրան երկաթուղային կապը, առեւտրային հետեւանքները եւ թէ ինչո՞ւ կը ցնցէ մատակարարման ու համաշխարհային տնտեսական կարգը: Նախքան Չինաստան-Իրան երկաթուղային կապը քննարկելը, կարեւոր է հասկանալ երկու երկրներուն միջեւ տարիներու առեւտրային յարաբերութիւնները:
«Եղբայրներու խումբ
«Տարիներ շարունակ Չինաստանն ու Իրանը համեմատաբար հանգիստ տնտեսական յարաբերութիւններ ունեցած են: Հարկ է նշել, որ 2005-էն ի վեր Իրանի մէջ չինական ներդրումները տարեկան միջինը շուրջ 1,8 միլիառ տոլար էր, որ շատ աւելի ցած է, քան Չինաստանի ներդրումը տարածաշրջանի այլ դերակատարներէն, ինչպիսիք են Սէուտական Արաբիան կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Սակայն աւելի կարեւոր բանի մը հիմը կը դրուէր։
«Փեքինը երկար ժամանակ յենարան կը փնտռէր Միջին Արեւելքի մէջ, տարածաշրջան մը, ուր Միացեալ Նահանգները զգալի ազդեցութիւն ունէր: Այդ տարածաշրջանին մէջ Չինաստանը գործընկեր մը կը փնտռէր, որ պատրաստ կ՚ըլլայ մատուցել թէ՛ տնտեսական հասանելիութիւն, թէ՛ ալ քաղաքական լծակներ:
«Ահա կը յայտնուի Իրանը: Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուած եւ ՄՆ-ու խիստ պատժամիջոցներուն տակ Իրանը պատրաստ էր այդ գաղափարին համար, իր աշխարհագրութիւնը աւելի գրաւիչ ըլլալով: Իրանը կը գտնուի Ասիան, Միջին Արեւելքը եւ եւրոպան կապող ցամաքային եւ ծովային ուղիներու քառուղիին: Ճիշդ այն հանգոյցը, որ անհրաժեշտ է Չինաստանին՝ կեանքի կոչելու իր «Գօտի եւ ճամբայ» նախաձեռնութիւնը Belt and Road Initiative (BRI):
«Հետաքրքրութիւնը փոխադարձ էր: Իրանը տասնամեակներէ ի վեր փորձած է նուազեցնել իր կախուածութիւնը Արեւմուտքէն եւ խուսափիլ Միացեալ Նահանգներու հսկող աչքերէն: 2018-ին Իրանի առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին պարզ շարադրեց. «Պիտի նախընտրենք Արեւելքը Արեւմուտքէն»: Նոյն տարին Իրանը պաշտօնապէս ստորագրեց եւ դարձաւ Չինաստանի «Գօտի եւ ճամբայ» յաւակնոտ նախաձեռնութեան մէկ մասը:
«Այսօր Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտուրը մեծցած է։ 2024-ին Չինաստանը ամրապնդեց իր դիրքերը՝ իբրեւ Իրանի հում նաւթի գլխաւոր յաճախորդ։ Ըստ Քփլեր Kpler վերլուծական ընկերութեան տուեալներուն՝ ան գնած է Իրանի հում նաւթին 77 տոկոսը՝ մօտաւորապէս 29 միլիառ տոլար արժողութեամբ:
«Ուշագրաւ է, որ ոչ նաւթային առեւտուրը նոյնպէս, արագօրէն կ՚աճի։ Ըստ Իրանի մաքսային վարչութեան տուեալներուն՝ մարտ 2025-ին աւարտող տարին Չինաստանը Իրանէն ներածած է 14,8 միլիառ տոլարի ոչ նաւթային ապրանքներ, մինչ Իրանը Չինաստանէն ներածած է 19,3 միլիառ տոլարի ապրանք, ոչ նաւթային առեւտուրը կազմելով աւելի քան 34 միլիառ տոլար: Չինաստանը Իրանի երկրորդ մեծ առեւտրային գործընկերն է՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ետք, որ Իրանի ընդհանուր ներածումին շուրջ 27 տոկոսը կը կազմէ:
«Չինաստանի եւ Իրանի տնտեսական գործընկերութեան առանցքն է 25 տարուայ համագործակցութեան շրջադարձային ծրագիրը՝ 400 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 2021-ին: Աւելի՛ քան պարզապէս առեւտրային պայմանագիր, ան հիմը դրաւ երկարաժամկէտ համագործակցութեան՝ ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ առեւտուրի բնագաւառներուն մէջ՝ ազդարարելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծ տեղաշարժ: Ներկայիս երկաթուղային միջանցքը, որ կը կապէ Չինաստանը Իրանին, աւելի լայն ռազմավարական ծրագրէն բխող առանցքային նախագծերէն մէկն է:
«Բարեկամական ուղի
«Մայիս 2025 ի գնացքը Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղային բեռնափոխադրումի առաջինը չէր: Այդ հանգրուանը կատարուեցաւ 2016-ին, երբ արեւելեան Չինաստանէն գնացքը հասաւ Թեհրան 10,000 քմ ճամբորդելով, որ տեւեց 14 օր՝ փոխադրելով 32 բեռնարկղ ապրանքներ: Այս եղաւ հնագոյն Մետաքսի ճամբուն խորհրդանշական վերածնունդը՝ անցնելով Ղազախստանէն, Ուզպէքիստանէն եւ Թուրքմենիստանէն:
«Սակայն 2016-ինը աւելի հայեցակարգի ապացոյց էր, քան տեւական կապ: Աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը եւ Քովիտ համաճարակը կանգնեցուցին հետագայ թափը։ Սակայն տեսիլքը մնաց։
«Ապրիլ 2024-ին ամեն ինչ վերսկսաւ։ Չինաստանի, Իրանի, Ղազախստանի եւ Թուրքմենիստանի երկաթուղային իշխանութիւնները Փեքինի մէջ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին՝ հիմը դնելով վերանորոգուած ուղիին:
Վերջնական քայլը մայիս 2025-ին բեռնատար գնացքը հասաւ Ափրին կայան, այս անգամ իբրեւ կայուն եւ մեծ ծաւալով միջանցք: Չինաստանէն բերաւ արեւային վահանակներ՝ առաջինը բազմաթիւ առաքումներէն, որոնք ուղղուած են երկարաժամկէտ ուժանիւթի առեւտուրի կառուցման: Նոյն օրը երկու գնացքներ եւս ժամանեցին՝ ազդարարելով, որ այս շարունակուող կայացած ուղի է»:
Ահաւասիկ այս երկաթուղին խափանելու համար է Իրանի դէմ Իսրայէլի անունով Ամերիկայի պատերազմը: Արցախի դէմ պատերազմը, որուն ետին կը կանգնէր հաւաքական արեւմուտքը նպատակ ունէր, տակաւին ունի, Սիւնիքն ալ գրաւել որպէսզի փանթուրանական ծրագիրը գործադրուի, կտրելով Իրան-Հայաստան-Ռուսիա-Եւրոպա կապը, միեւնոյն ժամանակ «Բարեկամական ուղին իրենց հակակշիռին տակ առնելու համար: Այս բոլորը՝ Ռուսիան զբաղ պահելով Ուքրանիոյ պատերազմին միջոցով:
Այս խճանկարին մէջ արդեօք Հայաստանը ո՞ւր կը գտնուի:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
17 յունիս 2025
Շարունակելի
haroutchekijian.wordpress.com
1. https://www.youtube.com/watch?v=Bsm7aMDKLBE
2.https://youtube.com/clip/Ugkx2OgCHgTea3rldlqkFRUa273FO3-pJSmy?si=NhndVUHNkPeimoFj
3. https://alikonline.ir/political/57811
4. https://www.eurasiantimes.com/first-freight-train-from-china-wheels-into-iran/
5. https://crossdockinsights.com/p/iran-china-rail-corridor