Լրահոս

Մարսէյի «Քամփ Օտտօ»-ի Փաստաթուղթերը Պիտի Ցուցադրուին Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ

 

Մարսէյի «Արամ» հետազօտութեան եւ հայկական յիշողութեան արխիւներու ընկերակցութեան կողմէ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան փոխադրուած են արժէքաւոր նմուշներ, փաստաթուղթեր, որոնք կ’ընդգրկեն քաղաքի «Քամփ Օտտօ»-ի մէջ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու առօրեայի մասին պատումներ։

Փոխադրուող նմուշներէն մէկը՝ «Նանսէնեան անձնագիրը», ընկերակցութեան տնօրէնուհի Ասթրիտ Արթին Լուսիկեան նուիրած է Պատմութեան թանգարանին։

Թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատւութեան համար, նշեց, թէ այս բոլոր նմուշները, համադրուելով թանգարանին մէջ պահուող այլ ցուցանմուշներու հետ, շուտով իրենց տեղը պիտի գտնեն եւ հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած «Քամփ Օտտօ, Մարսէյ․ պատմութիւն Ցեղասպանութենէն փրկուածներէն» խորագրով առժամեայ ցուցադրութեան մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button