ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Վահան Կոստանեան, Լաշա Տարսալիա եւ Էլնուր Մամետով Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ ունեցան խորհրդակցական հանդիպում մը, որ ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, նախնական փուլ մըն է՝ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակով շարունակութեան նպատակով։
Հանդիպման մասնակիցները ողջունեցին հարաւկովկասեան երեք հանրապետութիւններուն միջեւ առաջին եռակողմ հանդիպումը եւ ընդգծեցին, որ երեք երկիրներն ալ ունին իրարու ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութեան ներուժ, որ տակաւին չէ գործադրուած։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը նշեց, որ հանդիպումին նպատակն էր առաջ մղել ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ եռակողմ համագործակցութիւնը՝ նպատակ ունենալով նպաստել Հարաւային Կովկասի կայուն զարգացման եւ բարգաւաճման։
*
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Թուրքիա կրնայ շինիչ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարու մօտեցնելու իմաստով։
Թրքական լրատու աղբիւրներու թղթակիցներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Միրզոյեան նկատել տուաւ,որ Թուրքիա յստակացուցած է, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնել, այնքան ատեն, որ Հայաստան- Ատրպէյճան կարգաւորումը չէ իրականացած։
Միրզոյեան կարծիք յայտնեց, որ եթէ կարողանանք կարգաւորել հայ- թրքական յարաբերութիւնները, ապա ասիկա դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ հայ- ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։ Ան աւելցուց, որ այս հարցին շուրջ իւրաքանչիւր կողմ ունի իր պատասխանն ու մօտեցումը եւ կան տարբեր կարծիքներ։
*
Պաքու Երեւանէն պահանջեց Անարգել մուտք՝ Նախիջեւան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Դանիա Ֆայոնի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ խաղաղութեան համաձայնագրին նախագիծին շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են եւ Ատրպէյճան կարելիութիւն ունի Հայաստանի հետ քննարկելու հոլովոյթին վերջնական աւարտին իր օրինական ակնկալութիւնները։
Պայրամով ըսաւ,որ նշած է Հայաստանի Սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանի նկատմամբ հողային պահանջներու վերացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբին լուծարումը։Ան նաեւ ըսաւ, որ սահմանազատման աշխատանքները կը շարունակուին, բայց հաղորդակցութեան միջոցներու բացման հարցը տակաւին լուծուած չէ։ Միտքերու փոխանակում կատարուած է այն մասին, թէ Նախիջեւան անարգել մուտքը տակաւին ապահովուած չէ։
Փորձագէտներու կարծիքով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոր նախապայմաններ կը ներկայացնեն, խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն խուսափելու համար։
*
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարօ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ համաձայնեցուած փաստաթուղթը պէտք է կնքուի, իսկ Պաքուի մէջ կամայականօրէն բանտարկուած հայերը պէտք է ազատ արձակուին։ Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը այս յայտարարութիւնը կատարեց Լիւքսեմպուրկի մէջ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին։
Պարօ նաեւ անդրադարձ կատարեց հայեւատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան՝ նշելով, որ անհանգստացած է սահմանին վրայ սրող լարուածութեամբ։Ան յոյս յայտնեց ,որ հայեւատրպէյճանական սահմանին տեղակայուած եւրոպական դիտորդական առաքելութիւնը կրնայ ամրապնդել իրավիճակը՝ արդիւնաւէտ վերահսկելու եւ լարուածութիւնը զսպելու համար։
*
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը քննարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները՝ կարեւորելով Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական նշանակութիւնը։
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը Լիւքսամպուրկի մէջ իր նիստին ընթացքին նաեւ քննարկեց Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւնները, Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան եւ Ափրիկէի ու Պալքանեան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները։
*
Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակի ղեկավար Ճեֆրի Վան Լեւենի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան Հարաւային Կովկասի ապահովական իրավիճակը եւ Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը։Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուող քայլերը, իսկ Լեւեն ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններուն աւարտը, ինչպէս նաեւ կարեւորեց համաձայնագրին ստորագրման համար թափուող ճիգերը։ Գրիգորեան եւ Վան Լեւեն նաեւ զրուցեցին Հայաստան- ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին։