Լրահոս
Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Մեղրի
Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելեց Մեղրի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Խաչատուր Անդրէասեանի հետ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ յայտնեց․ «Մեղրի քաղաքը` Արաքսի ափին, կը գտնուի Իրանի հետ սահմանին վրայ: Անիկա քանի մը ամիս առաջ քոյր քաղաք դարձաւ Ֆրանսայի Պրոն քաղաքին հետ: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը կը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ: Շնորհակալութիւն քաղաքապետ պարոն Խաչատուր Անդրէասեանին՝ ընդունելութեան համար»։