ԱզգայինՅօդուածներ

Շահագործումէն Մինչեւ Բնաջնջում

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Ժամանակն է անգամ մը եւս անդրադառնալու, որ դրամատիրութիւնը շահագործման երեւոյթէն անդին անցած է եւ այսօր կը ներկայանայ իր վայրագ բնաջնջման նկարագիրով։ Ժամանակակից գաղութատիրութիւնը այլեւս չի տիրեր կամ շահագործեր բնիկ ժողովուրդը, այլ պարզապէս կը բնաջնջէ եւ նոր ու աւելի վայրագ պատկերը ցոյց կու տայ շահագործման երեւոյթին։ Գաղութատիրութեան հիմնական նպատակը բնիկ ժողովուրդը շահագործել եղած է։ Այսօր, շահագործումէն անդին՝ գաղութատիրութեան նպատակը այդ ժողովուրդին բնաջնջումն է։ Վերջապէս, ականատես կ՛ըլլանք դրամատիրութեան տարբեր արտայայտութեան մը հոլովոյթին։

Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդը դարերով շահագործուած է, ապա՝ բնաջնջուած։ Արցախի բնիկ ժողովուրդը դարերով շահագործուած է, ապա՝ տեղահանուած, այսինքն՝ բնաջնջուած։ Կազայի բնիկ ժողովուրդը իր հողէն տեղահան ընելու, կամ բնաջնջելու նոյն ծրագիրն է որուն ականատէս կ՛ըլլանք այսօր։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրով արդէն հաստատած է, որ դրամատիրութիւնը, գաղութատիրութիւնը, կայսերապաշտութիւնը եւ ամբողջատիրութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ տիրապետութեան եւ շահագործման երեւոյթներ եղած են։ Անոնք կը դրսեւորուին «ռազմապաշտութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, սակաւապետութեամբ, տնտեսական, գաղափարական եւ մշակութային ծաւալապաշտութեամբ»։ Հետեւաբար, «անոնց հետեւանքներն են՝ տնտեսական մենաշնորհները, ազգային իրաւունքներու ոտնակոխումները, մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումը եւ նոյն այդ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով կատարուող քաղաքական շահարկումները, կենսոլորտի եւ բնական միջավայրի աւերումները»։

Ժամանակակից աչքառու օրինակներ են Արցախի հայաթափումը եւ Կազայի ժողովուրդին բնաջնջումը։ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը, կամ մեզի ներկայացուած քաղաքակիրթ աշխարհը, 21րդ դարուն, անգամ մը եւս իր վայրագ նկարագիրը ցոյց կու տայ։

Այսպէս կոչուած՝ 17րդ դարու արեւմտեան լուսաւորութեան դարաշրջանէն մինչեւ 21րդ դար մեզի հասած դիւանագիտական-պետական ներքին թէ արտաքին օրինաչափութիւններու հասկացողութիւնը, եւ նոյն դարաշրջանէն սկսած կեանքի բանական յառաջատուութեան, գիտական զարգացումի, ազատական յառաջդիմութեան եւ մարդկային «առողջ» յարաբերութիւններու ընթացքը մեզ հասցուցած են մինչեւ անորոշութիւններով, անապահովութիւններով եւ վայրագութիւններով լեցուն 21րդ դարը։ Աղքատացած այս մարդկութեան ներկայ տագնապին արմատները կարելի է գտնել արեւմտեան քաղաքակրթութեան, կամ լուսաւորութեան դարաշրջանէն ծնունդ առած այսպէս կոչուած տրամաբանական, գիտական, յառաջդիմական եւ ազատական մտածողութեան հոլովոյթներուն մէջ։

Ընդունինք, թէ վերջապէս արեւմտեան քաղաքակրթութիւնն է, որ ցեղասպանութեան գիւտը ըրած է, եւ այդ հայ քաղաքական միտքը լաւ կը հասկնայ։ Այսօր, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնէն ծնած արդիական մտածողութիւնը չի կրնար ինքզինք անջատել Տէր Զօրի, Աշուիթցի, Հիրոշիմայի, Արցախի կամ Կազայի մարդկային դժբախտութիւններէն եւ անմեղ ձեւանալ։

Իրողութիւնը այն է, որ քաղաքակիրթ աշխարհին ստեղծած կեանքն է, զոր մարդկութիւնը կ՛ապրի այսօր՝ իր լուսաւորութեան դարաշրջանէն ծնունդ առած բանականութեամբ, գիտական զարգացումներով եւ (ան)մարդկային յարաբերութիւններով։ Կարելի չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ այս քաղաքակրթութեան յատկանիշ արդիականութիւնը՝ իբրեւ լուսաւորութեան դարաշրջանէն մեզի հասած կեանքի ուղեգիծ՝ իր բանական գիտութեամբ եւ արհեստագիտական զարգացումներով՝ բերած է նաեւ զանգուածային բնաջնջումի զէնքերը եւ ցեղասպանութեան արհեստագիտութիւնը։ Կարելի չէ նաեւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ ձեւաւորուած ազատութեան եւ անկախութեան տրամաբանութիւնը եւ լեզուն անջատել ցեղային մաքրագործումներու երեւոյթէն։ Հակառակ պետութիւններու շարունակական այպանութիւններուն՝ ցեղային մաքրագործումները անբաժանելի մասը կը կազմեն արդի քաղաքակիրթ պատմութեան։ Զարմանալի չէ նաեւ, որ քաղաքակրթուած ներկայ մտածողութեան մէջ, ուր փառքը կը հիւսուի արդիականացած եւ բանականացած մարդու իրաւունքներուն, անբաժանելի կը մնայ նաեւ զանգուածային բնաջնջումի ու ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

Քաղաքակիրթ աշխարհի պատմութեան այս ընթացքին մէջ, դժուար է պատկերացնել կեանք մը՝ առանց ուժի պարտադրանքին, զէնքերու գործածութեան, շահագործման եւ նուիրապետական պարտադիր գոյավիճակներու։ Դժուար է նաեւ պատկերացնել հայ ժողովուրդի ապագայ կեանքը, ազատութիւնը եւ հոգեմտաւոր ու նիւթական զարգացման բնականոն ընթացքը՝ քաղաքակիրթ աշխարհին ստեղծած արդիականութեան չափանիշներուն մէջ։

Այս իրողութենէն մեկնելով է որ հայ քաղաքական միտքը 21 դարուն, մտածողութեան իր կեդրոնացումը ճշդէ ներազգային ինքնահաստատման, ներամփոփ եւ պետականութիւն կառուցելու տարածքին մէջ։ Մարտահրաւէրը քաղաքական մտածողութեան այս տարածքին մէջ է, ուր կարելի է համարկել ժողովուրդը եւ պետութիւնը, զանգուածային շարժումն ու իշխանութիւնը առանց նուիրապետական կառուցուածքներու, ամբողջատիրական ձգտումներու եւ դիւանագիտական սին յարաբերութիւններու։ Վերջապէս, հայ պետականութիւն յղացքը կը կառչի եւ կը կառուցուի հայ մարդուն բնական, առօրեայ եւ սովորական կեանքը բնութագրող ընկերային-քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ։ Ասիկա ժողովուրդի կեանքին անհրաժեշտ ենթակառոյցն է, որ կրնայ համարկիլ պետական կառոյցներուն հետ, եթէ կ՛ուզենք հաստատել պետականութիւն ըսուածը։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button