Փետրուար 28-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով: Ցուցարարները, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ռազմաքաղաքական միւս ղեկավարներուն լուսանկարները պարզած՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շինծու դատավարութիւններուն ու անոնց նկատմամբ խոշտանգումներուն վրայ:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին լրագրողներուն հետ զրուցեց Հ․Յ․Դ․ի- անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան՝ հարցնելով, որ ներկայ իշխանութիւնը ինչի՞ շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ, մինչ հայ գերիները Պաքուի բանտին մէջ են։
Ցուցարարներուն տեղեակ պահուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, սակայն անոնք կասկածով մօտեցան, որովհետեւ շեշտեցին, թէ խօսքով եւ կոչերով ոչինչ կարելի է ձեռք բերել, պէտք է դիմել գործնական քայլերու։
Ցուցարարները արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին քովէն ուղղուեցան դէպի Հայաստանի կառավարութեան շէնքը, ապա բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հայաստանի մօտ Մ․Ա․Կ․-ին գրասենեակին դիմաց:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Սումկայիթի հայերու ջարդերու զոհերուն յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութեան ընթացքին՝ դիտել տալով, որ 2023 Սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր, Պաքուի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքին մասին բազմաթիւ անգամներ խօսած են, հրապարակուած են զեկուցներ` մանրամասն ներկայացնելով խոշտանգումներու եւ կտտանքներու ապացոյցները: