Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Երուանդ Արաբեան

 

Մոնրէալ

Advertisement Subscribe Today

Ծնած է 1874-ին Կոստանդնուպոլիս. զաւակն է իրաւաբան Անդրանիկ Արաբեանի. 1897-ին աւարտած է ծննդավայրին Հարպիէ թաղամասի զինուորական բժշկական վարժարանը:
1897-1907 հարիւրապետի աստիճանով ղրկուած է Պաղտատ, ապա Պասրա, եւ տասը տարի իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած է օսմանեան զանազան զօրամիաւորումներուն մէջ:
1903-ին, 14 ամիս շարունակ պայքարած է Մուսուլէն մինչեւ Տիարպէքիրի շրջաննե-րուն մէջ տարածուած քոլերային դէմ:
1906-ին, Մուսուլի մօտ ծառայած է իբրեւ գլխաւոր բժիշկ, ուր ծայր առած էր յեղափոխութիւն: 1907-ին նշանակուած է Մուսուլի զինուորական հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ եւ քաղաքապետական բժիշկ:
Մուսուլ գտնուած միջոցին, գիտական-բժշկական ուսումնասիրութիւն մը պատրաս-տած է՝ հիմնուելով հիւանդի մը ունեցած «Գերոսկրուց» (Hyperostosis) արտառոց հիւանդութեան մասին: Ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է թրքերէ-նով եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է տեղւոյն բժշկական մարմիններուն մօտ:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ ծառա-յած է զինուորական ուսումնարաններու մէջ:
1912-13 հազարապետի աստիճանով մասնակցած է պալքանեան պատերազմին, իբրեւ գլխաւոր բժիշկ: Հոն վիրաւորուած է եւ վերադարձած՝ Պոլիս:
1914-18 մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին: Պարսկական ռազմաճակատին վրայ, դժուարին պայմաններու մէջ յաջողած է մեծ թիւով վիրաւորներ փրկել:
1919-ին փոխադրուած է Պոլիս եւ ծառայած է Չամլըճայի զինուորական առողջա-րանին մէջ:
Երկար տարիներ ծառայած է օսմանեան կայսրութեան տարբեր քաղաքացիական եւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ եւ մասնաւորապէս արաբական թերակղզիի զինուորական միաւորներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ, ուր յաջողած է պայքարիլ տարափոխիկ հիւանդութիւններու դէմ, բուժելով հիւանդ եւ վիրաւոր զինուորներ եւ սպաներ:
Ունեցած է հանրային եւ գրական գործունէութիւն: Հեղինակ է յուշագրութիւններու եւ պատմուածքներու:
1909-1911 եղած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամ:
Պարգեւատրուած է բազմաթիւ պատուանշաններով: Օսմանեան բանակին իր ծառա-յութիւններուն համար, արժանացած է փոխգնդապետի կոչման եւ քանի մը շքանշան-ներու: Ունեցած է հազարապետի աստիճան եւ Պէյի տիտղոս:
Ամուսնացած է գրագիտուհի տիկին Արմէնուհիի հետ: Անոնք բախտաւորուած են քանի մը զաւակներով:
Բժիշկ Երուանդ Արաբեան մահացած է 1946-ին, Պոլիս:

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button