
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Վերիվայրումներով լեցուն փոթորկոտ կեանքիս ներկայ հանգրուանին, դժուար կը գտնեմ ներաշխարհիս մէջ պարզուող հոգեխռով ու իւրայատուկ վիճակը յաղթահարել եւ անտարբեր ձեւանալ, մասնաւորապէս գիշերային մտորումներուս ընթացքին: Եւ այդ մէկը կը թարմանայ ու կը շեշտուի, երբ ակամայ վերյիշեմ անցեալին պատահած տխուր այն դէպքերը, որոնց դերակատարները, իրենց զազրելի արարքներով ու անտեղի ցեխարձակումներով, ահաւոր ցաւ ու մորմոք պատճառած են գերզգայուն սա էակին: Փոխարէնը, իմ խոնարհ անկիւնէս փորձած եմ լռութեամբ տանիլ ինծի բաժին ինկած ցաւն ու հալածանքը: Գուցէ խոհուն ընթերցողը հարց տայ, թէ ինչո՞ւ , ի՛նչ բանը առիթ տուաւ, որ յատկապէս Ափրիկէի տանջալից կեանքը ճաշակած հայ գրողի մը դէմ ուղղուէին անտեղի ու զզուելի այդ նետարձակումները: Պատասխանը շատ պարզ է… Գուցէ իմ կատարած յանդուգն քննադատութիւններս՝ ազգային, գրական ու հոգեւոր բեւեռներուն կատարուող ոտնձգութիւններուն եւ այլանդակութիւններուն հասցէին առիթ ծառայեց անձիս դէմ շղթայազերծուած բուռն յարձակումներուն: Ինչպէս նաեւ՝ քիչ թէ շատ, իմ վայելած առանձնաշնորհումն ու ժողովրդականութիւնը ընթերցող հասարակութեան մօտ եւ գուցէ, անոնց համար ամէնէն անտանելին՝ իգական սեռին հաճելի թուացող առնական տեսքս էր եւ մարաշցիի քիչ մը ցցուն տղամարդկութիւնս․ այո իգական սեռին մօտ վայելած պաշտամունքի հասնող յարգանքը…
Ահա այս ալ՝ մտորումներուս երգիծական բաժինը:
Այո, կ՛ընդունիմ թէ նկարագրիս մաս չէ կազմած նմանիս հանդէպ ատելութիւն սնուցանելը: Նոյնիսկ ցեղասպան թուրքին հանդէպ, այո, այդ արիւնարբու, հրէ՜շ կայսրութեան հանդէպ, որ իմ ցեղս կոտորեց ու ջարդեց, իսկ վերապրողներն ալ անտունի խլեակներու եւ գնչուի վերածեց․ անոր դէմ ալ չեմ կրցած հարիւր տոկոս կիրարկել ատելութեան ընդունելի չափանիշը, ինքզինքս համոզելով, թէ ազնուական թուրքեր ալ գոյութիւն ունէին եւ ունին, թէեւ անոնց ձայնը հազիւ լսելի է… Ատոր փա՞ստը… թուրք գործարար մը, որ Մոնրովիայի փոխարէն, ուր իր հայրենակիցը կը գործէր, սխալմամբ Սիէրա Լէոնի մայրաքաղաք՝ Ֆրիթաուն կը յայտնուէր ու թրքերէնէն զատ ուրիշ լեզու չիմանալուն, պանդոկի տնօրէնը ինծի կը հեռաձայնէր ու այդ լեզուին ծանօթ ըլլալս պարզելէ վերջ, զիս անպաշտօն թարգմանիչ կը կարգէր ուղեկորոյս ճամբորդին: Գացի ու թուրք «վաթանտաշս» պանդոկէն վերցուցի, գրասենեակս տարի ու ամբողջ օրը հիւրասիրեցի… Ան չէր գիտեր ինչպէս իր երախտագիտութիւնը յայտնել: Իմս ոսոխէն վրէժ լուծելու չափազանց նրբին, առանձնայատուկ ձեւն էր…
Իսկ ցուցաբերած մարդկայնութեանս փոխարէն, գիտցէք ի՜նչ պատահեցաւ: Քանի մը ամիս ետք, Պելճիքայի թուրք դեսպանը փասփորթս երեսիս կը նետէր, երբ կ՛իմանար հայ ըլլալս… ու ծննդավայրս՝ Ալէքսանտրէթ այցելութեան երթալու կարօտակէզ, բարի նպատակս: Ուրկէ ծնունդ առաւ «Փասփորթ» վէպս: Հոն ալ հետեւած եմ մեծն Օշականի՝ «գրականութեան մէջ թուրքը մարդկայնացնելու»պատուէրին: Հանդերձեալ կեանքիս ընթացքին խուսափած եմ ոչ միայն զիս խոցողներուն, այլ նոյնիսկ անբան անասուններու ցաւ պատճառելէ: Վկայ՝ մանկական գրականութեան անտիպ հատորս: Ու որպէս փայլուն օրինակ՝ մէկդի դնելով որսորդական հրացանս, կեդրոնացած եմ ձկնորսութեան վրայ, ուր զոհիդ հետ աչք աչքի գալու առիթ չունիս, սակայն հոն ալ քիչ մնաց վրայ տայի երիտասարդ կեանքս, երբ աղեղարձակ զէնքով, Ատլանտեան ովկիանոսի խորը փորձեցի վրաս խուժող շանաձուկի նմանակ grooper ընտանիքէն ձուկը հարուածել: Նետը մխրճուեցաւ գազազած հրէշին ուսը, սակայն անիկա բոլորապտոյտ կատարելով, վրաս յարձակեցաւ ու փորձեց ձախ թեւս տեղէն փրցնել… Բարեբախտաբար չհասաւ իր նպատակին, սակայն թեւս խածնելով երակս արիւնեց… Ովկիանոսի բացերէն մինչեւ որսը նաւակ հանենք ու թեւս կերպով մը աղի ջուրով լուանք, բաւական արիւն կորսնցուցի, տակաւին չհաշուելով ժամ մը ամբողջ, մինչեւ քաղաքի կեդրոնական հիւանդանոցը հասնիլը ունեցած կորուստս: Յիսուն տարի ետք տակաւին կը կրեմ շանաձուկի նմանակին ատամներուն թողած հետքը:
Ամերիկա հաստատուելէս ետք, նետարձակ զէնքով ձկնորսութենէն ալ վազ անցայ, առօրեայ աշխատանքի կողքին, ինքզինքս ամբողջութեամբ գրականութեան եւ հայ մամուլի աշխատակցութեան նուիրելով: Ինչպէս վերը նշեցի, առանց այս պահուս հալածախտէ տառապողի տպաւորութիւն թողնելու ընթերցողին վրայ, աւելցնեմ որ գրելն ալ իր կարգին վտանգաւոր «հոպի» ու նախասիրութիւն մը յայտնուեցաւ: Հոն ալ վայրի շանաձուկերու նմանակներ, նետարձակ ձկնորսներու կը սպասէին, հակառակ անոր որ փորձառու այս ձկնորսը, կեանքին մէջ մէկու մը «աչքիդ վրայ յօնք կայ» չէ ըսած: Կ՛երեւի անոնք ալ մարզուած մկաններուս ու բարեձեւ մարմնիս, ինչպէս նաեւ գրելու տաղանդիս չկրցան հանդուրժել, մասնաւորապէս, երբ Քալիֆորնիայի գաղութէն ներս, քիչ թէ շատ սիրուած ու յարգուած անուն դարձայ ու դէմս հանեցի զիս չհանդուրժողներու վոհմակը:
Տակաւին ականջիս կը հնչէ Մխիթարեան միաբան ու «Վերելք» պարբերականի խմբագիր՝ ողբացեալ հայր Բարսեղ Ֆերհաթեանի սա խօսքը․ «Պօղո՛ս տղաս, սրտիդ մի առնէր ու մի յուզուիր․ քեզ չհանդուրժողներն ու հալածողները տասը մատերուդ վրայ կը համրուին, իսկ քեզ սիրող, քեզ գնահատող ընթերցողներու թիւը հազարներ կը հաշուեն… Մոռցի՜ր զզուելի այդ գրչակները, հայեացքդ սեւեռուած պահէ քու անձիդ հանդէպ լաւ տրամադրուածներուն»:
Իբրեւ ստեղծագործ մարդ ու երկու տասնեակ հատորներու հեղինակ, ամբողջ կեանք մը չեմ կրցած ատելութիւն կոչուող թունաւոր զգացողութեան խորքը թափանցել, անոր հետ հաշտուիլ: Երանի բնութիւնը զիս անեղծ հոգիով չստեղծէր: Ոմանց բնորոշումով նաեւ՝ միամի՜տ… Գոնէ իմ կարգիս, ես ալ յաջողէի զիս ցաւցնողները խոցել: Այո, իմ կարգիս, անոնց կեղտոտ վերաբերմունքին դժոխքը ապրիլ տայի: Տակաւին երեկուայ պէս անունները կը յիշեմ… Սակայն չեմ ուզեր անոնց մակարդակին իջնել: Խոստովանիմ, ես ալ իմ կարգիս, ճշմարտութիւնը աղաղակելու մոլուցքէն տարուած ու ամէն առիթով սխալ երեւոյթները քննադատելու հիւանդագին մօտեցումովս ու յանդգնութեամբս, գուցէ անգիտակցաբար ու առանց խորը մտածելու ոմանց ցաւ պատճառեցի… Որուն համար, անոնց ներողամտութիւնը կը հայցեմ:
Երբեք չեմ յաւակնած թեւաւոր հրեշտակ մը կամ ալ կատարեալ մարդ եղած ըլլալ: Այո, կ՛ընդունիմ, ճշմարտութիւնը մարդոց երեսին տալը երբեմն ակամայ կը ցաւցնէ: Սակայն եւ այնպէս, երբեք բնութեամբ դաժան ու արատաւոր անձ մը չեմ եղած… Բարեբախտաբա՜ր: