ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՈՒԺ ՄԸ` ԻՐԱՆԸ 

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

Ա.Ա.

Պահ մը այնպէս թուեցաւ,որ Իրան Հարաւային Կովկասի մէջ իր շրջանային քաղաքականութիւնը փոխելու միտումներ ունի եւ կը ջանայ ատրպէյճանամէտ ծրագրեր մշակել՝ պարզապէս որովհետեւ Իրանի նոր նախագահ Մասուտ փերզեշքիան Ատրպատականէն էր եւ կը համարուէր ատրպէյճանախօս իրանցի մը։

Բաւական մելան հոսեցուցած այս ենթադրութիւնը սակայն հիմնովին ջրեցին եւ հերքեցին իրանցիները՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ կատարուած յայտարարութիւններով, որոնք կատարուեցան յատկապէս Իրանի հարաւային կովկասեան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու ունակութեան եւ անփոխարինելիութեան մասին, յատկապէս նշելով եւ շեշտելով Հայաստանի բաժնով Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական իրավիճակին անփոփոխելիութիւնը, որ կը համընկնի Իրանի շրջանային եւ միջազգային շահերուն։

Հայաստանի Սիւնիքի շրջանը ներկայիս մէկ մասն է այն աշխարհաքաղաքական խաղին, ուր դերակատարները՝ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Չինաստան, Հնդկաստան, կը ջանան միջպետական ծրագրերու եւ արտաքին քաղաքականութեան մշակուած քայլերով առաւելներ ապահովել եւ ամրապնդել իրենց ազդեցութեան գօտիները։ Անշուշտ իւրաքանչիւր պետութիւն գործի լծուած է՝ առաջնորդուելով իր շահերէն, որոնց ապահովման ուղիին վրայ կարելի է շահարկել եւ սակարկել, առանց հաշուի առնելու Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն շահերը։ Միացեալ Նահանգներ մօտիկ անցեալին ջատագովն էր Վրաստանի մէջ «ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդման»։ Այսօր խաղին կանոնները փոխուած են եւ ամերիկացիները կը ծրագրեն վրացիները զրկել նիւթական օժանդակութիւններէ, պարզապէս որովհետեւ իրենց քաղաքականութեան անյարիր ծրագիրներ մշակուած են Վրաստանի մէջ։ Քաղաքական խաղն ալ հիմնուած է այս կանոնին վրայ։ Երբ շահ ունիս երկրէ մը, կը վերածուիս անոր ջատագովին եւ պաշտպանին։ Երբ տեսնես, որ այդ շահերուն չեն համընկնիր տուեալ երկրին արտաքին քաղաքականութեան արեւելումները եւ ուղղութիւնները, կը փոխես խաղին օրէնքներն ու կանոնները եւ կը վերածուիս այսպէս կոչուած «հակադիր» պետութեան մը, որ կը հետապնդէ իր սեփական շահերը՝ առաջնորդուելով քաղաքական այնպիսի միտումներէ, որոնց ընդհանուր գումարը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սեփական ծրագրերու եւ շահերու հետապնդում։

Այս իմաստով Իրան առաջին հերթին կը ջանայ պահպանել Հայաստանի Սիւնիքի մարզին ներկայ իրավիճակը, որովհետեւ ատիկա կը բխի իր շահերէն, նկատի ունենալով, որ Սիւնիքի անցքը դէպի Իրան եւ անկէ դէպի Հայաստան կարեւոր ուղի մըն է Իրանի համար, որուն աշխարհաքաղաքական շահերը կը պահանջեն, որ Սիւնիքը մնայ հայկական։ Այս ծիրին մէջ Իրան չափազանց դժգոհ պիտի ըլլայ եւ իր ուժերուն ամբողջ կարողականութեամբ դէմ պիտի դնէ Մեղրիէն միջանցքի մը բացման եւ զայն Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տակ դնելու ընտրանքին, որովհետեւ նման պարագայի առաջին տուժողը պիտի ըլլայ Իրանը, որ պիտի զրկուի ռազմավարական չափազանց կարեւոր ուղիէ մը։ Կայ նաեւ Իրանի սահմանին վրայ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու բջիջներուն գործունէութեան իրական վտանգը, մանաւանդ երբ նկատ ունենանք, որ Ատրպէյճան – Իսրայէլ մեղրալուսինը կը շարունակուի եւ իսրայէլացիք շատ գոհ պիտի մնան, եթէ Մեղրիի միջանցք մը ատրպէյճանցիներուն հսկողութեան տակ դրուի։

Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէջ Իրանի դերակատարութիւնը կեդրոնական է եւ զանց կարելի չէ առնել։ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա որքան ալ ջանան Թեհրանի ազդեցութիւնը նսեմացնելու ծրագրեր մշակել եւ գործադրութեան դնել, միեւնոյնն է։Իրան հարաւային կովկասեան գլխաւոր դերակատար մըն է եւ զայն կարելի չէ մեկուսացնել։ Հայրենի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքական արեւելումներուն մէջ Իրանի տեղն ու դերակատարութիւնը պէտք չէ անտեսել՝ անսալով ամերիկեան եւ եւրոպական խորհուրդներու։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles