ԿիզակէտՅօդուածներ

ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՇԱԲԱԹԷՆ ԱՆԴԻՆ

Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Ապրիլ 24-ը օրացոյցին վրայ յիշատակելի թուական մը չէ միայն…։

Տարիներու թաւալումին հետ, վտանգաւոր երեւոյթ մը կը զարգանայ յատկապէս սփիւռքի մէջ:

Երեւոյթը այսպէս կարելի է նկարագրել՝ Ապրիլ 24-ը խորհրդանշական կարեւոր թուական մըն է. սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպութիւնները լաւագոյն պարագային Ապրիլէն 1-2 ամիս առաջ կը հաւաքուին, միասնաբար ու յաճախ անջատաբար ձեռնարկներ կը ծրագրեն, կը կազմակերպեն, կ՛իրականացնեն ու ապա՝ կ՛անցնին իրենց առօրեային մինչեւ յաջորդ տարի: Ճի՛շդ կարծէք Վարդանանց տօն կամ բարեկենդան կը նշեն… կամ պարզապէս պարտաւորութիւն մըն է, որ պէտք է կատարեն ու հանգստանան:

Վերոնշեալին վրայ խիստ մտահոգիչ այլ երեւոյթ մը կ՛աւելնայ. տարուէ տարի, Ապրիլեան միջոցառումներու hայ մասնակիցներուն թիւը կը նուազի: Կազմակերպութիւններ կը ձախողին նոյնիսկ իրենց անդամներուն զգալի տոկոսին ներկայութիւնը ապահովել: Լաւագոյն պարագաներուն համայնքային զանգուածներուն 10-15% կը մասնակցի այս ձեռնարկներուն: Ոմանք նոյնիսկ հայկական դպրոցները փակ ըլլալուն պատճառաւ պտոյտի կամ արձակուրդի կ՛երթան…: Աւելի պարզ՝ Ապրիլ 24-ը իր իսկական խորհուրդէն – զոհերն ու վերապրածները հաւաքաբար յիշելու, ուխտի վերանորոգման, հաւաքական գօտեպնդումի եւ վերաշխուժացման, ի խնդիր արդարութեան մնայուն գործի եւ պահանջատիրութեան թելադրողականութենէն կը վերածուի լո՛կ արարողութեան եւ ծիսակատարութեան:

Այս յոռի երեւոյթներուն խորացման առաջին ու հիմնական պատասխանատուն սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւններն են: Իւրաքանչիւրը իր բնագաւարին մէջ, քանի՞ կազմակերպութիւն սփիւռքի տարածքին Ապրիլ 24-ի շաբաթէն բացի, տարուան 12 ամիսներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ արդարութեան վերականգման համար նպատակասլաց գործ կը տանի: Քանի՞ կազմակերպութիւն այս հարցերուն գծով լրջօրէն կը հաղորդակցի իր զանգուածներուն հետ ու զօրաշարժի կ՛ենթարկէ զանոնք: Իսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնց հիմնական առաքելութիւնը այս հարցի լուծման նպաստելն է, ինչպէ՛ս Ապրիլ ամիսէն 1 ամիս առաջ քով-քովի կու գան, տարուան ընթացքին եւս կը համագործակցի՞ն իրար հետ: Համասփիւռքեան մակարդակի վրայ, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս կը համակարգեն այդ աշխատանքները…:

Այս հարցումներուն պատասխանները առարկայականօրէն բացասական են…:
Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ոգեկոչումը տարին անգամ մը կրկնուող պարզ հանդիսութիւն չէ՜, այլ բարձրաձայն ու հրատապ կոչ մը՝ շարունակական, նպատակասլաց եւ քաջաբար աշխատելու՝ ի խնդիր այդ յանցագործութեան միջազգային դատապարտման ու արդարութեան վերականգման։ Թէեւ Ապրիլ 24-ին է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրածներուն յիշատակը կը յարգուի, սակայն կրաւորական յիշատակումէն եւ լոկ բեմային արարողութիւններէն անդին, պէտք է թափ տալ ու ամրագրել համակարգուած, թիրախաւորուած ու մնայուն համահայկական-համասփիւռքեան գործողութիւն:

Ճիշդ է, ՀՀ-ի ներկայ իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ խիստ դատապարտելի ժխտողական ու կասկածամիտ քաղաքականութիւնը լուրջ խոչընդոտ է այս գծով համահայկական քաղաքականութիւն եւ գործողութիւն ձեւաւորելու համար, ամէն պարագայի, սփիւռքեան եւ ՀՀ-ի ոչ պետական կառոյցները, պէտք չէ ազդուին ժամանակաւոր այս իշխանութիւններուն թրքահաճոյ մօտեցումներէն եւ կեդրոնացած մնան՝ արդարութեան վերականգման պահանջատիրութեան գործին վրայ:

Գործողութիւններու շարքը բազմազան է ու բազմոլորտ: Այդ կը ներառէ Ցեղասպանգիտութեան ժամանակակից կրթութիւն ջամբել հայ նոր սերունդներուն, հայ եւ օտար շրջանակներու մօտ թուրք-ազերի միասնութեամբ որդեգրուած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակականութեան յաւելեալ լուսաբանում կատարել, այդ քաղաքականութեան պատճառաւ ՀՀ-ի անվտանգային ու գոյութենական սպառնալիքները երեւան հանել, Արցախի ժողովուրդին հայրենազրկումը Ցեղասպանական նոյն գործողութեան պարունակին մէջ ներկայացնել, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելը քրէականացնող օրէնքներու հասնիլ, Ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու ցաւը աղաղակող յաւելեալ պաշտօնական-իրաւական ճանաչումներ եւ հրապարակային խոհրդանիշներ (յուշակոթողներ, հրապարակներու եւ կեդրոններու անուններ եւ այլն) ապահովել, ցեղասպանական մասնագիտական գրականութիւնը զարգացնել, Հայոց Ցեղասպանութեան մշակութային ու գրական ժառանգութիւնը թարմացնել, իրաւական ճանապարհներով Թուրքիոյ տարածքին հայապատկան կալուածներու վերադարձով զբաղիլ, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպաստել, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկող միջազգային ու տարածաշրջանային իրաւաքաղաքական ու դիւանագիտական գործիքներու եւ գործընթացներու դիմել, արդարութեան վերականգման համար յստա՛կ պահանջարկներ ձեւակերպել:

Բնականաբար, վերոնշեալները տարին միայն մէկ շաբաթ ձեռնարկ կազմակերպելով չեն իրականանար…: Իսկ առանց վերոնշեալ գործողութիւններու յամառ հետապնդման եւ արդիւնաւէտ համակարգման, դժբախտաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը դատարկուի իր էութենէն, զոհերուն ու վերապրածներուն յիշատակն ու կտակը կը խոցուին ու այդ շաբթուան ընթացքին արտասանուած բոլոր ճառերն ու ելոյթները անիմաստ կը դառնան:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button