Պրիւքսէլի Մէջ 10 Հազար Հայորդիներ Զօրակցութիւն Յայտնեցին Արցախին

0 0
Read Time:55 Second

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Կիրակի, Հոկտեմբեր 1-ին, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Նետերլանտներէն եւ Պելճիքայէն ժամանած տասը հազարէ աւելի հայորդիներ մասնակցեցան “Ռոպերթ Շուման” հրապարակին վրայ կատարուած հաւաքին, ի զօրակցութիւն Արցախին: «Եւրոպացիները Յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքին մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով:

Հանրահաւաքի մասնակիցները պաստառներով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն Տէր Լեյընը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելու համար։ Հանրահաւաքին մասնակցելու համար Ֆրանսայէն եկած էին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, երեսփոխաններ, շրջաններու ղեկավարներ եւ քաղաքապետներ:

Պելճիքայի Հայ կոմիտէի վեհաժողովի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան նշեց. «Այսօր այստեղ հաւաքուածներէդ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատասխանատուութիւն բոլոր այն մարդոց առջեւ, որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի Արցախի 120 հազար հայերուն ճակատագիրը չմատնուի անտէրութեան: Մենք արդէն կուշտ ենք յայտարարութիւններէն, եւ եկած է ժամանակը, որպէսզի Եւրոպան գործէ եւ անդրադառնայ հարցին առ այն, որ մենք` իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ, ունինք հաւասար իրաւունքներ պահանջելու այն ամէնը, ինչ որ իւրաքանչիւր եւրոպացին կը պահանջէ: Այսօր միակ բանը, որ մենք կրնանք ընել, բռունցք ըլլալն է, որպէսզի կարենանք մէկ բռունցք եղած պայքարիլ այն բոլոր անարդարութիւններուն դէմ, որոնք, ցաւօք, կը թելադրեն աշխարհաքաղաքական խաղերը»:

Հաւաքուածները խորհրդանշական երդում տուին` պայքարելու յանուն Հայաստանի եւ Արցախի. «Պիտի չզիջինք եւ պիտի չհաշտուինք: Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը կրնայ ապաւինիլ մեզի»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles