Թերթատելով եւ պրպտելով պատմութեան անցեալի էջերը, յիշատակելի եւ միեւնոյն ժամանակ անմոռանալի է, բրիտանացի վարչապետ Ուիլիըմ Կլատսթոնի (1809 – 1898) մէկ հռչակաւոր խօսքը. «Ծառայել հայուն՝ կը նշանակէ ծառայել քաղաքակրթութեան»:
Հայորդիի ենթագիտակցութեան մէջ կառչած այս իմաստուն խօսքը շարունակելով եւ կարկինն ալ աւելի սեղմելով, կարելի է շարունակել. «Ծառայել Համազգայինին՝ կը նշանակէ ծառայել հայոց մշակոյթին, արուեստին եւ քաղաքակրթութեան»:
Կլատսթոններու օրերուն, գոյութիւն չունէր Համազգայինը…Դեռ պատահած չէր Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր յաջորդող իրադարձութիւնները…որոնց արդիւնքն էր ցիր ու ցան հայրենազուրկ հայորդիներու «Համազգային» մը հիմնելու մտայղացումն ու տեսլականը, այդ օրերու Սփիւռքի կարեւոր փարոսներէն՝ Գահիրէի մէջ:
Կլատսթոններու օրերուն, երիտասարդ հրապարագիրներ, ուսուցիչներ, գործիչներ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփեկեան, Համօ Օհանջանեան եւ ընկերներ հաւանաբար երախտապարտ էին այն օտար ընտրանիներուն, որոնք… պաշտօնապէս կը յայտնէին թէ ծառայել հայութեան, յար եւ նման էր՝ ծառայել քաղաքակրթութեան:
Սակայն նոյնինքն վերոյիշեալ հայորդիները, չէին գիտեր թէ տարիներ անցած… Կլատսթոններու հրաժեշտէն ետք, իրենց առջեւ ցցուած էր մէկ ահաւոր կացութիւն՝ իր բնօրրանէն արտաքսուած հայ ժողովուրդը, զանազան հիւրընկալ երկիրներէն ներս, գաղթակայաններու հիւղակներուն մէջ՝ թշուառ ու անպատսպար, կը պայքարէր դաժան կեանքին դէմ: Հետեւաբար, շտապ կարիքը կար գործունեայ մտաւորականներու, որպէսզի իրենց կեանքը նուիրեն ուսուցչութեան, գրագիտութեան եւ յատկապէս գաղափարական մտաւորականի պարտաւորութիւնը ստանձնեն եւ լեցնեն այն անհուն պարապը, որ ստեղծուած էր Ցեղասպանութեան արդիւնք:
Մայիս 2010-ին…Վերոյիշեալ հիմնադիրներու ստեղծած միութեան Զ. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Լիբանանի մէջ, մասնակցութեամբ զանազան գաղթօճախներու ներկայացուցիչներուն: Անոնց պարտականութիւնն էր շարունակել կրթական սուրբ գործին ջահը վառ պահել՝ ի սպաս մշակոյթի ծառայութեան: Աշխատանք մը, բնագաւառ մը որ արդէն իսկ թեւակոխած է ութսունամեայ գործունէութեան առանցքը՝ պահպանելու համար սփիւռքահայ զանգուածին հայկականութիւնը:
«Հայրենիք»