ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ի՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:7 Minute, 29 Second

Շա­բաթ, Փետր­ուար 6, 2010-ին, Նիւ Եորք Հա­մալ­սա­րա­նի Կրին­ուիչ Վի­լէյճ գտնուող »Քի­մըլ« Կեդ­րո­նէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Օ.Մ.-ի կազ­մա­կեր­պած Երի­տա­սար­դա­կան Հա­մա­գու­մա­րը, ծա­նօթ Youth Connect Program անու­նով: Հ.Օ.Մ.-ի կրթա­կան այս ծրա­գի­րը սկիզբ առած էր 1971 թուա­կա­նին, Պոս­թը­նի Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս: Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ըն­դար­ձակ­ուած ու փո­փո­խու­թիւն­ներ կրած է այս յայ­տա­գի­րը:

Այս տա­րի, 62 դի­մող­ներ ըն­դուն­ուած են, մին­չեւ իսկ հե­ռա­ւոր Ուիս­քոն­սի­նի շրջա­նէն: Հա­մա­գու­մա­րը, մէկ օր տե­ւող կրթա­կան յայ­տա­գիր մըն էր, որուն աւար­տին զա­նա­զան հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ զանազան յայտագիրներ փո-խանցեցին:

Ըն­կե­րու­հի Սու­զան Ազար­եա­նը, Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի փոխ-ատե­նա­պե­տու­հին, բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց եւ բա­ցատ­րեց Հ.Օ.Մ.-ի Երի­տա­սար­դա­կան Հա­մա­գու­մա­րի նպա­տա­կը, յայտ­նե­լով թէ.- »Մեր երի­տա­սարդ­նե­րը ապա­գա­յի մեր առաջ­նորդ­ներն են:  Այս օր­ուան ըն­թաց­քին, երի­տա­սարդ հա­յեր մէկ­տեղ խմբե­լով առիթ կÿըն­ծա­յենք, որ անոնք իրենց գա­ղա­փար­նե­րը փո­խան­ցեն  եւ այդ­պէս իրար­մէ օգտ­ուին«: 

Ըն­կե­րու­հի Սիլ­վա Գու­յումճ­եան, Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի վար­չա­կան կազ­մին կող­մէ ող­ջու­նեց երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ իր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը  ուղ­ղեց Հ.Օ.Մ.-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ բո­լոր անոնց, որոնց աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւնք, հա­րիւր տա­րի­ներ գո­յա­տե­ւող այս կազ­մա­կեր­պու­թիւնը դեռ աշ­խու­ժա­բար կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տան­քը: Ան ըսաւ.- »Կանգ­նած ենք մեր երկ­րորդ հա­րիւ­րամ­եա­կի շե­մին: Կրնանք հպար­տա­նալ մեր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, եւ նոյն­պէս նկա­տի առ­նել մեր դէմ հան­դի­սա­ցող խո­չըն­դոտ­նե­րը:  Հ.Օ.Մ.-ը ծա­ռա­յած է եւ միշտ ալ պի­տի ծա­ռա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գա­լով անոր կա­րիք­նե­րուն: Իր բա­նակ մը կա­մա­ւոր­նե­րը, ոչ թէ միայն նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ նա­եւ իրենց ժա­մա­նա­կով, ճակ­տի քրտին­քով եւ մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով կեանք տուած են Հ.Օ.Մ.-ին:  Մենք յա­ջո­ղու­թեամբ կը քա­ջա­լե­րենք հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­ռա­ջա­ցու­մը:  Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը փա­փա­քի յայտ­նել իր խո­րին գնա­հա­տան­քը մեր բա­րե­րար­նե­րուն եւ բո­լոր անոնց որ մեզ զօ­րա­վիգ կանգ­նած են:  Մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը անոնց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան նպաս­տա­ւո­րում­նե­րուն«:

Յայ­տա­գի­րը վա­րեց դոկտ. Աս­պետ Գո­չիկ­եա­նը (Պէնթ­լի Հա­մալ­սա­րա­նի Հա­մաշ­խար­հա­յին Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու Բա­ժան­մունք):  Աշա­կերտ­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ մտիկ ըրին դա­սա­խօ­սին եւ կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մա­սին:  Նոյն­պէս իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Այ­տա Էր­պա­լը եւ »Զօհ­րապ« Հիմ­նար­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­լին Պա­պայ­եա­նը:   Կլոր-սե­ղան զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, այս եր­կու­քը իրենց կրթա­կան ու­ղի­նե­րուն մա­սին զե­կու­ցե­ցին: Ան­գա­րա­յաբ­նակ Էր­պալ պատ­մեց իր անց­եա­լի փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին: Ան քա­ջա­լե­րեց աշա­կերտ­նե­րուն որ հե­տապն­դեն իրենց ու­սու­մը մարդ­կա­յին, եւ մա­նա­ւանդ պատ­մու­թեան, ճիւ­ղե­րէն ներս, ուր հայ­կա­կան տե­սա­կէ­տը կեն­սա­կան է հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թիւնը ու­սում­նա­սի­րե­լու ըն­թաց­քէն ներս:

Դոկտ. Սե­պուհ Աս­լան­եան (Քոր­նել Հա­մալ­սա­րան) նոյն­պէս մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց՝ իր ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք, սկսե­լով  Պարս­կաս­տա­նէն,  մին­չեւ Անգլ­իա,  Մէք­սի­քա եւայլն:

Ան յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Պարս­կաս­տա­նի Ճուլ­ֆա քա­ղա­քի հա­յու­թեան մա­սին, յայտ­նե­լով թէ վա­ճա­ռա­կան­ներ գաղ­թե­լով առեւ­տուր կա­տա­րած ու հարս­տա­ցած են:

Դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու աւար­տին, զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ տար­բեր ծրա­գիր­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ներ­կայ աշա­կերտ­նե­րուն:  Անոնց կար­գին էին »Դէ­պի Եր­կիր« Կազ­մա­ կեր­պու­թիւնը (Birthright Armenia), Հայ Կա­մա­ւոր­նե­րու Միու­թիւնը, Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը, Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րը, Հ.Ե.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, եւ »Զօհ­րապ« Հիմ­նար­կը:

Ֆիլ Նի­կոն ներ­կա­յա­ցուց Հ.Ե.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը եւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը, իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ին, յայտ­նե­լով.- »Կը փա­փա­քիմ իմ շնոր­հա­կա­լու­թիւնս փո­խան­ցել Հ.Օ.Մ.-ին, ներ­կայ դա­սա­խօս­նե­րուն, եւ պրն. Լոյտ Պըր­մը­նին, իրենց աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ այս սքան­չե­լի ծրագ­րին հա­մար:  Եր­բեմն աւե­լի դիւ­րին է որոշ ձա­խո­ղու­թիւ­նէ մը վերջ, ինչ­պի­սին էր ամառ­ուայ ծրա­գի­րը,  հի­աս­թափ­ուիլ: Սա­կայն իս­կա­կան նուի­րու­մի ար­դիւնք է վե­րա­զին­ուիլն ու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ուի­լը, եւ ես ու­րախ եմ այդ­պի­սի յա­ջո­ղու­թեան մը ակա­նա­տե­սը ըլ­լա­լով:  Յստակ է այս սեն­եա­կէն ներս մարդ­կանց ֆի­զի­քա­կան մօ­տի­կու­թե­նէն, թէ այս տար­ուայ մաս­նա­կից­նե­րուն թիւը ակն­կալ­ուա­ծէն շատ աւե­լի լաւ էր«:

Ապա, աշա­կերտ­նե­րուն առիթ տրուե­ցաւ զրու­ցե­լու: Աւե­լի ուշ, մաս­նակ­ցող­նե­րը մօ­տա­կայ  Նիւ Ճըրզիի »Սա­յաթ Նո­վա« ճա­շա­րա­նէն ներս ճա­շե­ցին եւ խրախ­ճանք մը կա­տա­րե­ցին:  Այդ­պի­սով, կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ մը իր աւար­տին հա­սաւ: Նշենք թէ այս ձեռ­նար­կը կա­տար­ուե­ցաւ պրն. Լոյտ Պըր­մը­նի առա­տա­ձեռ­նու­թեամբ իր մօր, Ալիս Հայ­կազ­եան-Պըր­մը­նի յի­շա­տա­կին, ինչ­պէս նա­եւ »Նոր­եան« Հիմ­նադ­րա­մին նուի­րա­տուու­թեամբ:  Հ.Օ.Մ.-ը շնոր­հա­կալ է անոնց նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեան:  Մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը մեր ապա­գան է, եւ անոնց ջան­քե­րը քա­ջա­լե­րե­լով, մեր ապա­գա­յին օգ­նած կÿըլ­լաք:  Վար­չու­թիւնը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւնը կը յայտ­նէ հե­տեւ­եալ ան­ձե­րուն.-

Ընկհ. Սիլ­վա Թագ­ւոր­եան-Գու­յումճ­եան (Արե­ւել եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի)

Ընկհ. Սու­զան Ազար­եան (Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն-ի Հ.Օ.Մ.-ի փոխ-ատե­նա­պե­տու­հի)

Ընկհ. Վար­դու­հի Չի­լոյ­եան (Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի գոր­ծա­վար)

Ըն­կե­րու­հի Թա­լին Չալ­եան (Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի Պըր­կըն շրջա­նի մաս­նա­ճիւղ)

Օրդ. Էլի­զա­պէթ Ագ­եան (Հ.Օ.Մ.-ի Բա­րե­կամ)

Դոկտ. Աս­պետ Գո­չիկ­եան (Հ.Օ.Մ.-ի Երի­դա­սար­դա­կան Հա­մա­գու­մա­րի Վա­րիչ-պա­տաս­խա­նա­տու)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles