ՊՈՍԹԸՆ.- Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, տեսակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայկ Օշական (ներկայացուցիչ), Յովսէփ Աւագեան, Լեըոն Աթթարեան, Ժան Աւետիսեան, Խաժակ Մկրտիչեան եւ Կրէկ Պետեան:
Գրեթէ մէկ ժամուան տեւողութիին ունեցող այս հանդիպման ընթացքին, քննուեցան շրջանէն ներս հարցեր, Սուրիահայութեան իրավիճակը, Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, հարիւրամեակի ձեռնարկներու լոյսի տակ պահանջատիրութեան գծով կատարուած գործընթաձո եւ հայ եկեղեցւոյ դերը գաղութէն ներս:
Նորին Սրբութեան իջեւանած պանդոկին մէջ կատարուած այս հանդիպումին, ներկայ էին նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի գործավար՝ Մարալ Չօլոյեանը, եւ խմբագիրներ՝ Նանօր Պարսումեան («Արմինիըն Ուիքլի») եւ Զաւէն Թորիկեան («Հայրենիք»):
Read Time:39 Second