ԳլխաւորԼրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հ.Հ. ԴԵՍՊԱՆ ԹԱԹՈՒԼ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

p2 tesban  ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուրբաթ, Յունիս 27-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընահայ գաղութը ժամադրուած էր Պաթեստայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ՝՝Արապեան՝՝ կեդրոնի ՝՝Քէշիշեան՝՝ սրահէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ հրաժեշտի ձեռնարկը՝ Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի:

Հարիւրի շուրջ հաշուող ներկաներու շարքին էին Երեւանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան՝ Տէր եւ Տիկին Ճոն Էվընզ, Արցախի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Ռոպէր Աւետիսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամներէն՝ Կարօ Արմէնեան, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան եւ զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ (կատարողութեամբ՝ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն) եւ ապա ոտնկայս ներկաները ունկնդրեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Բացման խօսքը կատարեց, շրջանի “Սեպուհ“ Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ p2 alexԱլեքս Տէր Ալեքսանեան, որ քանի մը տողով ներկայացուց դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի կենսագրականը: Ապա բեմ հրաւիրուեցան խօսք առնողներ:
“Հայ Դատ“ի գրասենեակի անունով, խօսք առաւ Արամ Համբարեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ, գրասենեակը դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի հետ, շարունակ ինը տարի գործակցած է: “Պատահած է որ օրեր շարունակ, կապ հաստատենք իրարու հետ, դիմագրաւելու համար բազմաթիւ հարցեր: Պատահեցաւ օրեր որ հարցեր ստեղծուին, սակայն պետութիւնն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր սեպելով, շարունակ գործակցեցանք: Պրիւքսէլի իր նոր գործատեղիէն ներս, վստահաբար Պարոն դեսպանը պիտի գործակցի Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին հետ: p2 ARAMԱհաւասիկ, այսօր եկած ենք հրաժեշտ տալու եւ մաղթելու յաջողութիւն“, ըսաւ Արամ Համբարեան:
Ապա խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ՝ Կարօ Արմէնեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց, դեսպան Մարգարեանի իննամեայ գործունէութեան օրերէն յուշեր եւ հաստատումներ:
“Մեր անդրանիկ դեսպանը Արմէն Գարօն էր, որ Առաջին հանրապետութեան օրերուն, ժամանած էր Ուաշինկթըն այս դժուար աշխատանքը կատարելու: Դեսպան Մարգարեան, Հայաստանի պատմութեան հինգերորդ դեսպանն էր, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կատարեց: Հեշտ չէ այս գործը, մանաւանդ որ կը ճակատինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նման թշնամիներու հետ: Խորհուրդներ փոխանցեցինք, անցանք նեղ կիրճերէ, նոյնիսկ անդունդներէ, սակայն Սիւնեաց Աշխարհի զաւակ Թաթուլ Մարգարեանին (Կապանի շրջանէն) հետ կրցանք դուրս գալ բոլոր մտահոգութիւններէն եւ դժուարութիւններէն:…Դեսպանը անաչառօրէն գործեց: Մեծ պաշարներու տէր, ան մեր փոքր պետութիւնը ներկայացուց պայծառ ու ջինջ ճակատով: Պատիւն ունեցած եմ Հայաստանի

``Սիրելի հայրենակիցներ, շնորհակալ եմ թէ այս օրերին կը կազմակերպուին հրաժեշտի միջոցառումներ: Պէտք է ասեմ, որ այն եզրակացութեան հասած եմ թէ, ձեռք-ձեռքի գործելով ու աշխատելով է որ յաջողութիւններ կերտում ենք:…Հայրենիքի սահմանները միայն ֆիզիքական չեն: Միայն աշխարհագրական սահմանները չեն որոնք գոյութիւն ունին, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ, այլ նաեւ հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ պահպանել ենք հայրենիքի եւ իրաւունքի սահմանը: Մեր պետութիւնը փոքր է…մեր ազգը՝ աշխարհասփիւռ: Պետութիւն եւ ազգ գործակցութեան արդիւնք է որ կերտել ենք Հայաստանն ու Արցախը: Նշում ենք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Ահա այս միասնակամ ոգիով է որ մեկնում եմ եւ մաղթում եմ յաջողութիւն``, ըսաւ Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, իր հրաժեշտին առթիւ կատարուած ձեռնարկի ընթացքին:
“Սիրելի հայրենակիցներ, շնորհակալ եմ թէ այս օրերին կը կազմակերպուին հրաժեշտի միջոցառումներ: Պէտք է ասեմ, որ այն եզրակացութեան հասած եմ թէ, ձեռք-ձեռքի գործելով ու աշխատելով է որ յաջողութիւններ կերտում ենք:…Հայրենիքի սահմանները միայն ֆիզիքական չեն: Միայն աշխարհագրական սահմանները չեն որոնք գոյութիւն ունին, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ, այլ նաեւ հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ պահպանել ենք հայրենիքի եւ իրաւունքի սահմանը: Մեր պետութիւնը փոքր է…մեր ազգը՝ աշխարհասփիւռ: Պետութիւն եւ ազգ գործակցութեան արդիւնք է որ կերտել ենք Հայաստանն ու Արցախը: Նշում ենք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Ահա այս միասնակամ ոգիով է որ մեկնում եմ եւ մաղթում եմ յաջողութիւն“, ըսաւ Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, իր հրաժեշտին առթիւ կատարուած ձեռնարկի ընթացքին:

Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի աշակերտելու: Ան իր Հայաստանի Հանրապետութիւն լայնածաւալ գործին մէջ կը նշէ Հայոց պատմագէտ Մովսէս Խորենացիէն խօսքեր, ուր վեր կ՛առնուի հայուն պայքարելու եւ դիմադրելու բերկրանքն ու կամքը: …p2 armenianԱյսպէս դէմ դնելով բոլոր դժուարութիւններուն, շարունակ գործեց դեսպան Մարգարեանը: Հպարտութեամբ կը շեշտեմ, որ ան չգործեց պարզապէս իբրեւ պաշտօնեայ, այլ եղաւ գործիչ, զինուոր: Բարի երթ եւ լուսաւոր ճանապարհ՝ պարոն դեսպան“, ըսաւ Արմէնեան:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի մօտ դեսպանատան կապ՝ Յովսէփ Աւագեան խօսք առաւ, եւ յայտնեց թէ ողջերթի խօսք չէ, այլ.- “Մեր սրտի անկեղծ խօսքը: Պարոն դեսպան, դուք յատուկ տեղ ունիք մեր գաղութին համար: Դուք կրցաք Հայաստանն ու Սփիւռքը լաւապէս շաղախել, վստահութիւն եւ յարգանք պարտադրելով: …Բարի երթ, եւ մենք փեր երթին ընկերակիցն ենք“, ըսաւ Աւագեան:p2 hovsep
Ապա, Ա.Մ.Ն. Արեւեան շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի նեկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, փոխանցեց իր սրտի խօսքը.- “Ես արդէն իսկ քանի մը օր առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, հրաժեշտ տուած էի դեսպան Մարգարեանին, սակայն քանի մը օր ետք, ահաւասիկ կրկին ժամանած եմ եւ երեւակայեցէ՛ք շոգեկառքով երբ կ՝ուղղուէի. մեքենական խանգարում ունեցայ եւ այդ պատճառով ալ յապաղումով ժամանեցի: Կրնայի վերադառնալ, սակայն այդպէս չըրի: Գէթ, շատ կարճ այցելութեան մը համար, որոշեցի ժամանել եւ բեմահարթակ բարձրանալ: Ինծի համար պատիւ էր ձեզի պէս անկեղծ ղեկավարի մը հետ գործելը: Վստահաբար միեւնոյն ոճով եւ եռանդով պիտի շարունակէք գործել Պրիւքսէլի մէջ: …Պարոն դեսպան, կրնաք վերադառնալ ձեր տունը: Հաճելի է ձեր հետ գործելը“:

Դեսպան Մարգարեան իր կարգին, խօսք առնելով, յայտնեց թէ տարակարծութիւններ մէկդի դնելով, կարելի է գործակցիլ ու գործել: Ան նշեց թէ համակարգուած եւ միասնական աշխատանքի արդիւնք, կարելի է հասնիլ արդիւնքներու:p2 richaRD
Շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Սարգիս Ագթաւուքեանի աղօթքով, աւարտեցաւ այս հրաժեշտի ձեռնարկը, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց-խօսակցութիւն: Նշենք թէ, Դեսպանին յանձնուեցաւ գաղութին կողմէ յուշանուէր մը: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպանն է նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button