Լրահոս

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԱԾ ՔԵՍԱՊԻ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

sargsyan  Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Քեսապի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Լա Հէյի համաժողովներու կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ, շաբաթասկիզբին եւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Քեսապի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:

“Բոլորս շատ լաւ ենք յիշում Քեսապի պատմութիւնը, որը վերջին հարիւրամեակի ընթացքում, ցաւօք, հարուստ է հայերի տեղահանման դժոխային իրողութիւններով:… Քեսապի հայերի այսօրուայ` թիւով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութեան 21-րդ դարի մեքանիզմներին նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կարծում եմ` բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ ինքնըստինքեան առաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է լինեն բոլոր կողմերի համար“, ըսաւ նախագահը:

Հանրապետութեան Նախագահը յիշեցուցած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանի հայութեան համար 1909 թուականին էր, երբ Ապրիլին թրքական զինուած ջոկատները ներխուժեցին Քեսապ: Հայերն ապաստանեցան Գարատուրանի լեռները եւ ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք թուրքերը ուղղուեցան դէպի Գարատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին Վերին թաղի տուները: Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա: Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիայի մէջ մնալէ ետք վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները:

Advertisement Subscribe Today

Պատմական իրողութիւններուն անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանը յիշատակած է նաեւ 1915-ը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան գաղթէն եւ աքսորներէն եւս անմասն չմնաց Քեսապի բնակչութիւնը, որ աքսորուեցաւ երկու ուղղութեամբ` դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ` մինչեւ Յորդանան:

“Ես արդէն յանձնարարել եմ Մ.Ա.Կ.-ի` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներում Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին` հետամուտ լինել մարդու իրաւունքների եւ ազգային փոքրամասնութիւնների հարցերով մասնագիտացած կառոյցներում Քեսապի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ նրանց բնակութեան մշտական վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներին”, եզրակացուց Նախագահը:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button