
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը խորապէս մտահոգ է Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան նկատմամբ իրականացուող հալածանքին կապակցութեամբ: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գերագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին եւ վեց եպիսկոպոսներու նկատմամբ յայտարարուած դատական մեղադրանքը, որ ծագած է թեմական առաջնորդութեան վերաբերեալ եկեղեցական ներքին խնդիրէ մը, կրօնական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հանդէպ յարգանքի վերաբերեալ լուրջ հարցադրումներու տեղի կու տայ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը յարգալիր կոչ կ՛ուղղէ յետս կոչելու դատական մեղադրանքը, որ, կը հաւատանք, թէ օրինականօրէն կամ մեր պատմական աւանդութիւններով հիմնաւորուած չէ: Ինչպէս անցեալին, եթէ առիթ ընծայուի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը պատրաստ է կառուցողական դեր վերցնելու այս խնդրի կարգաւորումին ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր սահմանադրական եւ ազգային օրէնքներով, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը ճանչնայ որպէս Ազգային եկեղեցի, կ՛ընդունի ներքին կառավարման անոր իրաւունքը եւ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը: Հետեւաբար, եպիսկոպոսներու եկեղեցական պաշտօններու արժանաւորութեան վերաբերեալ հարցերը պէտք է լուծուին ըստ եկեղեցական օրէնքի եւ եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած կանոնագրական գործընթացներու:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ Հայաստանի ժողովրդավարօրէն ընտրուած կառավարութիւնը, անոր հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: Միաժամանակ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը յ անխախտ կը մնայ՝ Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութեամբ եւ եկեղեցական կանոնագրութեամբ ընտրուած անոր առաջնորդութեան հանդէպ իր յարգանքին մէջ, գիտակից աշխարհի տարածքին հայ ինքնութեան պահպանումին կապակցութեամբ Եկեղեցւոյ պատմական շարունակուող դերին:
Հ.Բ.Ը.Մ.
5 Օգոստոս 2026

