
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ ձեզ, ինչպէս նաեւ Քորսիքայի խորհրդարանի բոլոր անդամները՝ Արցախին, հայ ժողովուրդին եւ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար ու կամայականօրէն պահուող հայ քաղաքական բանտարկեալներուն զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկելու առիթով։
Կը խնդրենք, որ մեր խորին շնորհակալութիւնը փոխանցէք իւրաքանչիւր պատգամաւորի, ինչպէս նաեւ՝ քորսիքացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչները փաստօրէն անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն հաստատակամ յանձնառութիւն՝ արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ մարդու իրաւունքներու համամարդկային արժէքներուն հանդէպ։
Այս բանաձեւով Քորսիքայի խորհրդարանը կը հաստատէ, որ քաջատեղեակ է հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան, անոր դարաւոր արմատներուն Արցախի մէջ եւ դարերու ընթացքին անոր կրած փորձութիւններուն։ Ձեր այս դիրքորոշումը կը վկայէ միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդներու ազատութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան նկատմամբ ձեր հաստատ կամքը։
Պաքուի հայ քաղաքական բանտարկեալներու անմիջական ազատ արձակումը պահանջելով, արցախահայութեան սեփական հայրենիք վերադարձի իրաւունքը վերահաստատելով՝ ապահովութեան եւ միջազգային երաշխիքներու պայմաններուն ներքեւ, ինչպէս նաեւ եւրոպական հիմնարկներուն վճռական քայլերու դիմելու կոչ ուղղելով, դուք կը փոխանցէք արդարութեան եւ խաղաղութեան բացառիկ պատգամ մը:
Մեր ակնկալութիւնն է, որ այս օրինակելի նախաձեռնութիւնը ներշնչէ շրջանային, ազգային թէ միջազգային այլ խորհրդարաններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն՝ հետեւելու քորսիքական յանդուգն քայլին, որպէսզի միջազգային իրաւունքի սկզբունքները լիովին յարգուին եւ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքները գործնապէս պաշտպանուին։
Քորսիքացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական սերտ բարեկամութեան եւ համերաշխութեան կապերը այս բանաձեւով կը ստանան նոր, առաւել արժանապատիւ որակ: Այս յանձնառութիւնը յաւերժ պիտի մնայ բազմաթիւ հայերու յիշողութեան մէջ՝ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։
Ընդունեցէ՛ք, տիկին նախագահ, պատուարժան տիկնայք եւ պարոնայք խորհրդականներ, մեր խորին երախտագիտութեան, բարձրագոյն յարգանքի եւ խորին ակնածանքի հաւաստիքը։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
3 Օգոստոս 2026
Փարիզ

