ԳլխաւորԼրահոս

Հայաստան-Հունգարիա Մրցումէն Յիշատակելի Տեսարան Մը

13 Նոյեմբերին, 2026-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական խաղերու զտումի մրցումներուն, Հայաստան իր նախավերջին մրցումը կատարեց Երեւանի մէջ Հունգարիոյ դէմ եւ 1-0  արդիւնքով պարտուեղաւ։ Յիշատակելի էր համակիրներուն պարզած պաստառը՝ Հունգարիոյ խումբին ուղղուած. «ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՀՈՍ ԿՐՆԱՔ ԱՊԱՀՈՎ ՔՆԱՆԱԼ»։

Այս պատգամը կը յիշեցնէր 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ սպանութիւնը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի, որ քունին մէջ կացինահարուեցաւ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ։ Ան խոստովանած էր, թէ Մարգարեանը կացինահարած էր միայն անոր հայ ըլլալուն պատճառով։

Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք, ան զարմանալիօրէն եւ մութ պատճառներով 2012-ին յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անմիջապէս անոր ներում շնորհուեցաւ, պաշտօնի բարձրացում ստացաւ եւ մեծարուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս։

Նշենք, թէ վերջին մրցումին, Լիզպոնի մէջ, Հայաստան ծանր պարտութիւն մը կրեց Փորթուկալէն, 9-1 արդիւնքով։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button