Լրահոս
Դեմոկրատականները Յաղթական՝ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Վըրճինիայի Մէջ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4-ին, կարեւոր ընտրութիւններ տեղի ունեցան Ա․Մ․Ն․-ի մէջ, որոնք նշուեցան հակա-Թրամփ հոսանքի յաղթանակով։
Ծագումով հնդիկ 34-ամեայ Մամտանի պարտութեան մատնեց Նիւ Եորքի նախկին նահանգապետ Էնտրիւ Քոմոն եւ հանրապետականներու թեկնածու՝ Քորթիս Սլիոան:
Նաեւ, դեմոկրատականներ Ապիկէյլ Սփանպըրկըր եւ Միքի Շերըլ իրենց կարգին Վըրճինիայի եւ Նիւ Ճըրզիի կառավարիչ ընտրուեցան:
«Ես իսլամ եմ, ընկերվարական ու դեմոկրատական եմ, եւ կը մերժեմ անոնցմէ ոեւէ մէկուն համար ներողամտութիւն հայցել: Նիւ Եորքը այլեւս պիտի չըլլայ քաղաք, ուր դուք կրնաք իսլամաֆոպիա տարածել եւ ընտրութիւններուն մէջ յաղթել», յայտնեց Մամտանի։

