Գլխաւոր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան՝ Ձերբակալուած

 

Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան եւ 7 հոգի, որոնց շարքին գլխաւոր ճարտարապետ Հենրիկ Գասպարեան, ձերբակալուած են, չորս միլիոն դրամ կաշառք ստանալու համար:

Կէս տարիէ ի վեր պաշտօնավարող Գիւմրիի քաղաքապետը ձերբակալուեցաւ վարչապետի յայտարարութենէն ուղիղ քսան օր ետք: Արձագանգելով Հայաստանը Ռուսիոյ հետ նոյն դաշինքին մէջ տեսնելու մասին Ղուկասեանի յայտարարութեան` Փաշինեանը այդ յայտարարութիւնը որակած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւն եւ ըսած, որ նման յայտարարութիւններուն հեղինակները պէտք է դուրս շպրտուին հանրային եւ քաղաքական դաշտէն:

Մեծ թիւով ոստիկաններ տեղափոխուած էին Գիւմրի: Ուժայիններու մուտքը Վարդանանց հրապարակ հաւաքուածները դիմաւորեցին «Ամօ՛թ» վանկարկումներով: Հրմշտոց ու բախում եղաւ, ներքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով` 23 հոգի բերման ենթարկուեցաւ:

Մինչ իրաւապահները քննչական գործողութիւններ կը կատարէին քաղաքապետարանի շէնքին մէջ ու կը փորձէին ձերբակալել Վարդան Ղուկասեանը, դուրսը հաւաքուած էին անոր աջակիցները, զուգահեռ կ՛աւելնար ոստիկաններուն թիւը: Գիւմրիի քաղաքապետը նախքան ձերբակալուիլը կարճ խօսած էր տեղի ունեցածին շուրջ. «Բնական պիտի ըլլայ, կ՛երթանք, թող նային ինչպէս որ պէտք է, ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ: Անկէ ետք ամէն ինչ կ՛երեւի, ամէն ինչ ընենք»:

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button