Չինաստանի Մէջ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Էրտողանի եւ Ալիեւի Հետ
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հանդիպումը:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ձգտող քայլերը:
Փաշինեանն ու Էրտողանը շեշտած են կառուցողական մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը` փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ շրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով: Կողմերը համաձայնած են շարունակել երկխօսութիւնը:
Փաշինեան նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Երկու կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգը` կարեւոր նկատելով կառուցողական երկխօսութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ շրջանային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը: Երկու ղեկավարներն ալ ընդգծեցին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին վեհաժողովի հիմամբ ձեւաւորուած դրական ընթացքը, որ կը վկայէ խաղաղութեան յառաջ մղման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին միջազգային ընտանիքի աջակցութեան մասին:

