Յօդուածներ

Մամոնայի Ուժը

 

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Երկու Համաշխարհային պատերազմներուն միջեւ ծնած սերնդակիցներուս համար, որոնք քաղց համտեսած են, ժամանակի ընթացքին յստակ եւ անառարկելի իրողութիւն պիտի դառնար երկնաւոր կեանքի մէջ մամոնային վերապահուած ուժը: Ելլելով այն իրողութենէն, թէ անոնց վրայ խոր հետք թողած է եւ իմաստ զգենած, նիւթական անձուկ վիճակի մէջ ապրած ու գոյատեւած ըլլալու հոգեկուլ, ջլատիչ իրողութիւնը, եւ իբրեւ հետեւանք մեր մանկութիւնը խոշտանգած եւ ձախաւեր տրամայի վերածած այդ դառն իրողութեան՝ մեր մէջ անզուսպ, անբեկանելի պահանջ դարձած է եւ ներուժ հայթայթած, մեծ զոհողութիւններու գնով վերջ դնել, թուրք ոսոխին կողմէ գաղթական հայերուս վիճակուած դաժան ճակատագիրին եւ ողբերգութեան:

Տակաւին միտքիս եւ յիշողութեանս մէջ թարմ մնացած է, թէ ինչպէս զրկանքներով լեցուն մեր մանկութեան դժխեմ օրերուն, թաղին լաճերս նոյնիսկ գնդակ մը չունէինք ֆութպոլ խաղալու համար, քիչ մը բարեկեցիկ ընտանիքին մեզի տարեկից մանչը, որեւէ ճղճիմ պատճառով, մեզ կը զրկէր իր ոսկի գնդակէն: Սակայն, պէտք է ընդունինք, թէ մեզի բախտ ինկած բոլոր այդ զր-կանքները մեր սերունդը խթանեցին, որ ոչ մէկ արգելքի եւ խոչընդոտի դիմաց կանգ չառնելով եւ ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով՝ անսանք անդուլ աշխատանքին ու զոհողութիւններու գնով յաջողելու մարտահրաւէրին, մեր ճակատագիրէն վրէժ լուծելու տենչանքին, ինչպէս նաեւ անսահման զոհողութիւններու գնով յաջողութեան հասնելու առաջադրանքին։

Advertisement Subscribe Today

Երբ բոլոր այդ վերոյիշեալ զոհողութիւնները յանձն առնելու գնով մեզի յաջողուեցաւ տնտեսապէս որոշ բարձունք մը յաղթահարել՝ այն ատեն մեզի համար յստակ եւ ակնյայտ պիտի դառնար նորին վսեմութիւն Մամոնային՝ դրամին ուժը։ Ի՞նչու չէ, նաեւ՝ անոր հզօրութիւնը եւ անսահման կարողութիւնը:

Այո սիրելիներ, Միացեալ Նահանգներ ոտք դնելէ ետք, բոլորին պէս ինծի համար ալ առաւել քան երբեք բացայայտ պիտի դառնար մամոնային ունեցած ուժը՝ առանց բացառութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Այլեւս գաղտնիք չէ, թէ երբ դրամ ունիս նաեւ լերան լանջին՝ առանձնատուն, ինչպէս նաեւ մարդամօտ, հաճելի անհատականութիւն, առանց բացառութեան, բոլորին պաշտամունքին առարկան կը դառնաս։ Բարձրաստիճան կղերէն սկսեալ, քաղաքական ղեկավարութիւն եւ հայրենիքէն ժամանած այցելու յայտնի գրողներ, մտաւորականներ, դուռ եւ դրացի, որոնք կու գան վայելելու եւ երբեմն ալ օգտուելու բաց սեղանէդ, հիւրասէր եւ առատաձեռն հայ մարդու անհատականութենէդ բխած բարիքներէն։ Ասոնց կողքին, առանց մոռացութեան տալու շքեղ յարկիդ տակ սարքած գրական ճոխ երեկոները:

Իսկ եթէ յանկարծ պատահի, որ Ամերիկան հարուածող տնտեսական տագնապները եւ Միջին Արեւելքի մէջ ծայր տուած քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմներու պատճառած անկայունութեան պատճառով, բոլորին պէս քու ալ գործը ու տնտեսական կարողութիւնը տագնապ ապրի՝ շրջապատդ, առանց բացառութեան, կամաց կամաց ոտքերը կը քաշէ: Այո, երբ գործերդ կաղալու սկսին շուրջդ հետզհետէ ցամքելու եւ կծկուելու կը սկսի բարեկամներուդ թիւը ու երաշտ կը տիրէ: Այն ատեն խելքի գալով՝ իր խորութեան եւ ահագնութեան մէջ կը զգաս մամոնային ուժը։

Արդարութեան սիրոյն, այս մէկն ալ պիտի խոստովանիմ եւ մէջէս հանեմ բոլորս խոցող համատարած ամօթը: Իբրեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակ, մարմինս կը փշաքաղի եւ ինտելեքտս՝ իմացականութիւնս եւ բանականութիւնս կը սառին ամէն անգամ, երբ վերյիշեմ Վատիկանի մէջ, կարգ մը Տիեզերական եկեղեցւոյ պատկանող բարձրաստիճան հոգեւորա-կաններու կողմէ գործի դրուած մամոնայի պաշտամունքը, երբ անոնք, անտեսելով եւ մոռացութեան տալով ատրպէյճանցիներու իրականացուցած Արցախի քրիստոնեայ հայ բնակչութեան ցեղասպանութիւնը եւ անոր հայրենի հողերէն արտաքսումը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կնոջ՝ Ալիեւայի կատարած նիւթական մեծագումար նուիրատուութիւններէն դիւթած՝ անոնց առջեւ բացին Վատիկանի դռները եւ առանց դոյզն մտահոգութեան ու խիղճի խայթի, կուլ տալով անոնց սուտերը, տակաւ կը քարոզեն Ղարաբաղի ատրպէյճանական բնօրրան եղած ըլլալու առասպելը:

Յուսանք որ նորընտիր Լէօ 14րդ քահանայապետը վերջ կը դնէ իր բարձրաստիճան կղերի ընչաքաղցութեան ու մոլորանքին։ Արդեօք Տիեզերական եկեղեցին կախեա՞լ է ատրպէյճանական լումաներէ՝ իր վերապրումին համար։ Արդեօք բարձրաստիճան կղերը իր հոգին սատանայի՞ն պիտի ծախէ բարօրութեան մէջ ապրելու եւ յղփանալու համար:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button