Տիանա Ադամեանի Հմայիչ Ելոյթը
ՊՈՍԹԸՆ.- Այս երիտասարդ եւ ապագայ խոստացող ջութակահարուհին, որ հազիւ 23 գարուններ բոլորած է, 2022-ին ելոյթ ունեցած էր «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ, «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ նուագահանդէսին, կազմակերպութեամբ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society)։
Տիանա Ադամեան այս անգամ հրաւիրուած էր, յատուկ Պոսթընի հանրածանօթ «Սելեպրիթի Սերիզ» հիմնարկին կողմէ, որ հանրածանօթ է իր կազմակերպած երաժշտական երեկոներով։
Ադամեան ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ «Լոնկի» երաժշտանոցի «Փիքման Հօլ» սրահին մէջ։
Երեւան ծնած եւ հոն սկզբնական դասընթացքի հետեւելէ ետք, մասնագիտացած Միւնիխի մէջ, Ադամեան արդէն իսկ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է զանազան նուագախումբերու հետ։
Ան իր կողքին ունենաոլվ դաշնակահարուհի Ռենանա Կութմանը, նուագեց գործեր Մոցարթէն, Սիպելիուսէն, Սէն Սանսէն եւ Եդուարդ Պաղտասարեանէն։
Աւարտին, հանդիսատեսներուն ծափողջոյններուն ընդառաջելով, Ադամեան ամենայն հմտութեամբ նուագեց Ֆրից Քրայզլըրի հանրածանօթ «Շէօն Ռոզմարին» գործը։
Տիանա Ադամեանը, իր անդրանիկ ելոյթը Պոսթընի մէջ ունեցած է 2016-ին, «Երազարթ» հիմնարկին կազմակերպած մէկ նուագահանդէսին։


