ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿ. ԻՆՉՊԷ՞ Ս ՉՇՈՒԱՐԻԼ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՈՐԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՂԵՂԻՆ ԴԻՄԱՑ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second
ՄՈՐՄՈՔ. Հրթիռակոծուած Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին

Յ. Պալեան

Հայրենասիրութիւնը այլամերժութիւն չէ. ան նոյնն բանն է ինչ որ է մարդկութիւնը: Հայրենասէր եմ քանի որ մարդ եմ եւ մարդկային:

Մահաթմա Կանտհի

 

            Շատ դժուար է սփիւռքահայուն հայրենասէր ըլլալ: Պատմութեան պարտադրած դառն հակասութիւն: Դժուար է հետեւիլ Հայաստանի կեանքին, դիրքորոշուիլ, հասկնալ եւ հասկցուիլ: Բայց ան ինչպէ՞ս կրնայ հայրենասէր չըլլալ, երբ իր բջիջներուն մէջ կայ «դրախտ կորուսեալ»ի ցաւը:

            Սփիւռքի լրատուամիջոցները անբաւարար են լրիւ պատկերացումները տալու Հայաստանի յարաճուն կողմերու իրարու նկատմամբ ունեցած որակումներուն, որոնք սոսկ քննադատութիւն չեն, ամբաստանութիւններ են, եթէ զրպարտութիւններ չեն: Անոնք այնքա՜ն բազմաթիւ են: Հայաստանի շարքային քաղաքացին, տեղւոյն վրայ, կը յաջողի՞ ճշմարիտը ջոկել կեղծէն, բայց սփիւռքահայը, որ հեռու է եւ միայն մասնակի տեղեկութիւններ կը ստանայ, մեկնաբանութիւններ կը կարդայ եւ կը լսէ, կը լուսաբանուի՞, կը շուարի՞: Երբեմն ինք ալ անձնատուր կ’ըլլայ մեկնաբանութիւններու՝ ըստ իր հին կամ նոր սէրերուն:

            Հայաստանի անփառունակ պարտութիւնը համաձայնեցուա՞ծ էր, թէ՞ ոչ, հողերու կորուստը անխուսափելի՞ էր, թէ՞ ոչ, փոխադարձ ամբաստանութիւննրուն մէջ (նախկիններու եւ նորերու սխալներ) ինչպէ՞ս ջոկել ճիշդն ու սխալը: Կարծէք հանրային կարծիքը խոր մտահոգութեամբ կը սպասէ բացայայտումներ, ոստիկանական արկածներու դիպուածներու եւ անակնկալներու ժապաւէն մը դիտելու պէս կը հետեւի: Մարդիկ, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, պաշտօնական լրատուամիջոցներու ծխածածկոյթէն անդին կը փորձեն նայիլ:

            Արդիւնքը այն է, որ յստակութեան պակասի մէջ կը բազմանան եւ կ’աճին մեկնաբանութիւնները, եւ հակառակ անորոշութեան, մարդիկ կը կողմնորոշուին հիմնուելով դասական «իմ կարծիքով»ի բան չնշանակող եզրակացութեան վրայ, կամ թութակաբար կը կրկնեն զանոնք: Այս ալ կը կոչենք հանրային կարծիք: Օրինակ. եթէ հանրային կարծիքի մէջ շրջող «հողատու» ըլլալու պատասխանատուութեան շողանկարը (radioscopie) կարելի ըլլայ ունենալ, պիտի յանգինք այն շփոթեցնող հարցումին, որ նախկիննե՞րն են հողատու, թէ՞ նորերը: Օր մը կարելի կ’ըլլա՞յ հիմնաւորուած փաստարկներով եւ մեկնաբանութիւններով լուսաւորել ստեղծուած կացութիւնը, ոչ թէ փոխադարձ ամբաստանութիւններու ջաղացքին ջուր բերելու, այլ հասկնալու համար, որպէսզի ազգի եւ հայրենիքի վերականգնումի քաղաքականութիւնը մտնէ ճիշդ հունի մէջ:

            Հայաստանի մէջ հիմա ստեղծուած են եւ  դեռ կրնան ստեղծուիլ ընտրական դաշինքներ: Ընտրապայքարի հռետորաբանութիւնները պիտի շեշտե՞ն որակաւորումներու եւ աղմուկի հետեւանք շփոթները, թէ՞ ընտրող քաղաքացիին պիտի օգնեն ճիշդը տեսնելու եւ ըստ այնմ օգտագործելու իր ժողովրդավարական իրաւունքը: Իսկ ընտրական ցանկերու բազմացումը շփոթանքի յաւելեալ պատճառ պիտի ըլլայ, պիտի ցրուին քուէները, եւ ստեղծուի իշխանութիւն ձեւաւորելու դժուարութիւն, եւ հրապարակ կրնան գալ «անբնական դաշնակիցներ» եւ «իշխանատենչ պատեհապաշտներ»:

            Ի հարկէ միջազգային կազմակերպութիւններու դէտեր եւ լրատուամիջոցներ պիտի հետեւին: Պիտի ունենան դրական կամ բացասական արտայայտութիւններ, դատումներ: Սփիւռքն ալ պիտի հետեւի, յաճախ գրասեղանի ետին կամ հեռատեսիլին առջեւ նստած: Եթէ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու համախոհութեան մարմին ունենայինք, եթէ ունենայինք անկախ եւ հետախուզող լրագրողներ, որոնք նախընտրական շրջանին տեղւոյն վրայ գտնուէին, հետեւէին, լուսաբանուէին եւ իրենց կարգին լուսաբանէին սփիւռքը, նաեւ՝ Հայաստանի քաղաքացին, այդ կ’ըլլար դրական: Փաստ՝ լրագրական եւ քաղաքական հասունութեան: Անկախ եւ հետախուզող լրատուամիջոց եւ լրագրող չունինք, դժբախտաբա՛ր: Թէեւ, պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այդ ճիգը հնարաւոր չափով ընողներ կան դասական մամուլին մէջ:

            Բայց հիմնական խնդիրը ընտրող քաղաքացիին լուսաբանումն է: Այդ լուսաբանութիւնը, թող ներուի ըսել, սփիւռքի պարագային հայրենասիրական զգացումի բաւարարութիւն է: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, տարրական համախոհութեամբ, երկրի քաղաքական, տնտեսական, ռազմավարական, զիջումներու, կրթական եւ դատական կացութեան վերաբերեալ բոլոր թղթածրարները պէտք է բացայայտեն, անոնց դրական եւ բացասական երեսներով, առանց իրենց մեկնաբանութիւններուն, ոչ թէ բանավէճ, այլ՝ դրական պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի քաղաքացի ընտրողը գիտնայ եւ ըստ այնմ քուէարկէ:

            Այսօր արդէն լսեցինք Ռոբերտ Քոչարեանի եւ իր դաշինքի անդամներուն խօսքերը: Խօսած են, կը խօսին եւ պիտի խօսին ուրիշներ ալ: Պէտք է մաղթել, որ երկիրը ինքզինք կը պահէ բարձրորակ վիճարկումի մակարդակին, բախումներ տեղի չունենան, իշխանութիւնը ուժի չդիմէ, եւ պատճառ-պատրուակ գումարուելով ընտրութիւնը չյետաձգուի եւ տեղի չունենան աննախատեսելի ու անցանկալի դէպքեր: Իսկ մեկնելով պատմական պահու դառն փորձառութենէն, զանգուածը չտարուի մէկուն կամ միւսին ամբոխահաճական (populiste) չարաշահումներէն: Ի հարկէ, այս աւելի դիւրին է ըսել կամ անկէ խուսափիլ:

            Այսօր, Մայիս 9, հեռատեսիլի տարբեր կայաններու հաղորդումները ահաւոր տխրութեան պահեր ստեղծեցին, յիշեցուցին Շուշիի հպարտառիթ յաղթանակը, զայն հակադրելով մեր ներկային, կրկին տարին ծաղիկներու երանգներով տխրեցնող Եռաբլուր…

            Յառաջիկայ ընտրութեան, քուէատուփին առջեւ, քաղաքացին պէտք է գիտնայ, որ իր քուէով հաշուետու է Եռաբլուրի հերոսներու եւ անոնց գարուն կեանքերուն: Այսինքն արդար, ճիշդ եւ պատասխանատու ընտրութիւն պէտք է կատարուի, որ այդ հնձուած կեանքերու նահատակութիւնը ազգային իմաստ ունենայ:

            Ինչպէ՞ս այս ազգային յանձնառու իմաստութիւնը հասցնել իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ: Որպէսզի այդ իւրաքանչիւրը ազգային ճշմարիտ գիտակցութեամբ՝ վճռէ:

            Գիտակցութիւն՝ ազգային գոյատեւման համար, ոչ թաղային հեղինակութեան, ոչ համայնքային տհասի փառասիրութեան եւ ոչ պաշտօններու տիրացման:

            Երբեմն պէտք է մտածել մեծն Արիստոտէլի հետ. «Ինքզինք զոհաբերել առաքինութեան պայմանն է»: Այսինքն՝ իրաւ հայրենասիրութիւն:

            Այդպէս կը յաղթահարուի ՄՈՐՄՈՔը… յանձնառութեամբ եւ ճիշդ ընտրութեամբ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles