Կարելի՞ է չանդրադառնալ աւելի քան դար մը պատմութիւն կերտած, այդ ահաւոր մաքառումներուն, այդ անծայրածիր զոհողութիւններուն…եւ դեռ աւելին այդ անցուդարձերուն, սկսելով Եղեռնէն առաջ իսկ, տարիներ շարունակ կատարուած հայ-թուրք ընդհարումներէն, Ա. համաշխարհային պատերազմէն, մինչեւ անկախացում – թէեւ կարճ, սակայն պատմական – ապա Բ. համաշխարհային պատերազմ եւ ետքը` պաղ (…եւ միապաղաղ) ու երկար պատերազմ, ապա «ձիւնհալ», վերանկախացում եւ ճանապարհային մութ ու խաւար քարտէս, արձանագրութիւններ եւ դեռ քանի մը ամիս առաջ` Հոկտեմբեր 10-ի Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ կատարուած ստորագրութիւնները:
Մերթ պարբերաթերթ, մերթ օրաթերթ, մերթ շաբաթաթերթ…«Հայրենիք» տեղեակ պահեց, ուղեցոյց դարձաւ, վերլուծեց վերոյիշեալ քանի մը տողերու մէջ ամփոփուած ամբողջ դարաշրջան մը: Եւ այդ ալ միշտ մնալով պահապանը` իր աւանդին ու տեսլականին: Երբեք տեղի չտուաւ, չսայթաքեցաւ, տուայտանքի չենթարկուեցաւ:
Մայիս 1899-ին, Նիւ Եորքի վիթխարի երկնաքերերու «գետնագերի»ն` ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը լոյս տեսաւ Երրորդ-Չորրորդ Պողոտայի ներքնայարկ նկուղի մը մէջ: Կարճ էր անոր կեցութիւնը այդ քաղաքէն ներս: Շուտով փոխադրութիւն` առաքելութիւն ի Մասաչուսէց` Պոսթըն, Սթիուըրթ Սթրիթ եւ երկար կեցութենէ ետք, 1986-էն ի վեր հայահոծ` Ուաթըրթաուն 80 Պիկըլօ Աւընիւ:
Գոյութիւն ունի շէնքը, արխիւներն ու նոյնինքն «Հայրենիք»ը, սակայն քայլ պահելով կեանքի եղափոխութեան հետ, ան իր կարգին մուտք գործած է կայքէջային զարմանալի աշխարհէն ներս, ուր գրիչն ու թուղթը փոխարինուած են մեքենագրութեամբ եւ կայքէջով: Այսպէս, տարբեր ձեւով ու ոճով կը մրոտին ու կը կարդացուին էջերը:
Իր հիմնադրութիւնէն, Մայիսեան այդ անդրանիկ տպագրութիւնէն մօտաւորապէս 35 տարի ետք, «Հայրենիք»ը, օժտուեցաւ անգլիատառ «Հայրենիք Ուիքլի»ով, որ յետագային վերածուեցաւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի:
Ի՜նչ զուգադիպութիւն…Ահաւասիկ, այսօր «Հայրենիք»ի 110-ամեակի կողքին, նաեւ կը տօնուի, անոր հնոցէն լոյս տեսած «Արմինիըն Ուիքլի»ին 75-ամեակը:
Արգելքները, անելներն ու դժուարութիւնները շատ են, սակայն յստակ է «Հայրենիք»ին առաքելութիւնը` իւրայատուկ ճանապարհային քարտէս մը` Ամերիկահայ Սփիւռքին հաստատաքայլ պատմութեան եւ անոր վերելքին հետ շաղախուած ու ամրօրէն կառչած:
Գործը` Աւանդն ու տեսլականը… կը շարունակուին:
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ