Վանքուվըրի Մէջ Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակ

Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան, Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին, ներկայութեամբ Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Գանատայի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Վանքուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Վարդան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գեղարդ Քհն. Կարապետեանի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Հայ կեդրոնի ուղեկից միութիւններու եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, խմբերգութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» պատանեկան միութեան ընկերներուն, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն։ Օրուան հանդիսավար Նուպար Փամփալեան ներկայացուց օրուան պատգամաբեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք բանախօսը ելոյթ ունեցաւ։
Ռուստամեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Մենք միշտ Հ.Յ.Դ.-ի օրը նշելը առիթ ենք դարձնում մեր ժողովրդի առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, անցած ճանապարհը վերլուծելու եւ ապագայ անելիքների մասին խօսելու համար: Այս տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ է, ես կ’ասէի նաեւ՝ պատմական, որովհետեւ համընկնում է մեր ժողովրդի համար բախտորոշ ժամանակահատուածի հետ, եւ ամէն տեղ այս տրամաբանութեամբ ենք 135-ամեակը նշել: Սա մեր համար նորից մեր ուխտի թարմացումն է, մեր երդման թարմացումը, առաջին հերթին՝ դաշնակցականի կերպարի վերահաստատումը», ապա աւելցուց. «Մենք միշտ մեր ժողովրդի հետ ենք եղել, մեր ժողովրդի կողքին ենք եղել, երբոր անհրաժեշտ է եղել նրա իրաւունքները պաշտպանել եւ նրա ինքնութիւնը պաշտպանել: Այսօր վտանգուած է հենց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշպանող չկայ»:
Ռուստամեան անդրադարձաւ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն կործանարար քաղաքականութեան եւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան՝ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, միաւորուելու եւ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն՝ ըսելով. «Ես վստահ եմ, որ մեր ուժերի միաւորումը, ինչպէս եղաւ հայ յեղափոխականների միաւորումը 135 տարի առաջ, նոյն ձեւով մեր ժողովրդին դաժան փորձութիւնները յաղթահարելով կը բերի լուսաւոր ապագայ։ Նոյն բանն է տեղի ունեցել Աւարայրում 451 թուականին, երբոր մահ իմացեալ անմահութիւն է, եւ մահ ոչ իմացեալ՝ մահ կարգախօսով վասն հաւատի եւ վասն հայրենեաց մեր նախնիները միաւորուեցին, ելան պայքարի եւ պահպանեցին մեր ինքնութիւնը։ Նոյն խնդիրն այսօր էլ է առաջացել։ Մենք պարտաւոր ենք վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի միաւորուել եւ այս վիճակից մեր ժողովրդին դուրս բերել»:
Վանքուվըրի Հ.Յ.Դ. «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէի անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սօսի Թերզեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որ սերունդներ դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել նուիրումի՝ անձնուիրութեան ոգիով:
Վանքուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բնական ծնունդն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն: Դաշնակցութեան ծննդեան եւ կեանքի նպատակն էր ծառայութիւնը։ Ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս ազատութիւնը: Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէս կ’ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի պահելու իր ազատութիւնը. նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը դրսեւորէ եւ կ’արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 135 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Գանատայի Հ.Յ.Դ. ընտանիքը յատկապէս եւ կը մաղթեմ, որ շարունակէ ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման»:
Տօնակատարութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Թորոնթոյէն ժամանած ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեան, որ ազգային եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց երեկոն։ Եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ։ Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» խմբերգով։

