Լրահոս

ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Ուրբաթ, 3 Ապրիլին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիտոսի Թաղման արարողակարգին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ, 4 Ապրիլի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը նախագահեց Քրիստոսի գերեզմանի կնքման արարողութեան Սուրբ Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հաւատացեալներու եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։

Շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագին Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ, որ մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանը։

Կիրակի, 5 Ապրիլին, Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր խօսքին մէջ, ան յորդորեց հաւատացեալները, որ ներկայ ազգային եւ միջազգային կեանքի վերիվայրումներուն մէջ, միշտ գօտեպնդուին մահուան յաղթահարող Յարութեան հաւատքով եւ յոյսով։

Advertisement Subscribe Today

Նշենք, թէ Երեքշաբթի, 31 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահած էր Տասը Կոյսերու արարողութեան Սուրբ Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 1 Ապրիլին՝ Կարգ Մատնութեան արարողութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ։

2 Ապրիլին, Փրաւիտընսի կաթողիկէ Առաջնորդ Պրիւս Եպս. Լեւանտովսկիի, նոյն օրը երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա տեղի ունեցաւ Կարգ Ոտնլուայի։ Սրբազան Հայրը լուաց տասներկու առաքեալներու ոտքերը, այնուհետեւ հովիւին, սարկաւագաց, դպրաց դասի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Արանց Ակումբի անդամներու ոտքերը, նաեւ Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեանի ոտքը։ Սրբազան Հայրը յատկապէս Ոտնլուային հրաւիրած էր մեթր Տէյվիտ Գափրիոն, զաւակը՝ հանգուցեալ հռչակաւոր դատաւոր Ֆրէնք Գափրիոյի, որ երկու տարիներ առաջ անձամբ դիմաւորած էր Վեհափառ Հայրապետը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ առիթով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը խնդրած էր։

Կարճ դադարէ ետք, Կարգ Խաւարման յատուկ արարողակարգը տեղի ունեցաւ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button