Ռազմավարական Տատամսում Եւ Գրաւ․․․
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Որոշումներդ թող արտացոլացնեն քու յոյսերդ, եւ ո՛չ թէ վախերդ»
Նելսըն Մանտելա (1918-2013, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ)
Ապրիլ 1-ը ընդունուած է կատակներու օր։ Մեծ հաստատութիւններ, ընկերութիւններ եւ պետութիւններ կը մասնակցին այս տօնակատարութեան` յղանալով կատակներ, որոնք մարդիկը կը խաբեն ժամերով, եւ երբեմն` օրերով:
Մոսկուայի մէջ, այդպիսի իւրայատուկ օր մը՝ 1 Ապրիլին կատարուեցաւ Փութին – Փաշինեան հանդիպումը։ Պատահածը պարզ զուգադիպութիւն մըն էր։
Կատակ, խաբէութիւն, խարդախութիւն, կեղծիք երբեք չկար այդ հանդիպումին։
Պարզ ու մեկին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցածը փրոթոքոլային իմաստով դիւանագիտութիւն չէր, այլ վնասներու սահմանափակում։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստանը հեռացած է Ռուսիայէն, բայց «ջայլամի քաղաքականութիւն» կիրարկելով, տակաւին չի խոստովանիր։
Դժուար է միջին եզրի արտաքին քաղաքականութիւն մը կիրարկելը, որուն համար գործի պէտք է լծուին հմուտ, պատրաստուած եւ քաղաքագիտութեան օրէնքները լաւապէս մարսած մասնագէտներ։ Սակայն, գետնի վրայ դանդաղօրէն Ռուսիայէն հեռանալու փխրուն եւ անկազմակերպ քաղաքականութիւն մըն է, որ կը կիրարկուի։
Երեւանը կը կարծէ, թէ դէպի Արեւմուտք կը թեքի՝ առանց Մոսկուան գրգռելու, խորացնել կապերը Եւրոպայի հետ՝ առանց ռուսական կառոյցներէն դուրս գալու, եւ վերստին սահմանել իր անվտանգութեան համակարգը՝ առանց զայն իրական փոխարինման ենթարկելու։ Մինչդեռ, Փութինի կարճ ու կտրուկ պատասխանները ցոյց կու տան տարբեր ենթադրութիւն եւ եզրակացութիւն։
Ան նախազգուշացուց, թէ Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ մաս կազմել Եւրոմիութեան ե՛ւ Ռուսիոյ հովանաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան։ Դեռ աւելին, Փութին նշեց, թէ Հայաստանը տակաւին կապուած է Ռուսիոյ՝ ուժանիւթի, առեւտուրի եւ ենթակառոյցներու միջոցով։ Այսպէս, Ռուսիան տակաւին ունի հզօր լծակներ Հայաստանի տնտեսութեան եւ ուժանիւթի մատակարարման վրայ։ Ան կրնայ բարձրացնել ծախսերը, սահմանափակել մուտքը կամ գործադրել ճնշումներ, որոնք խորապէս եւ ուղակիօրէն կրնան ցնցել հայորդին։ Միեւնոյն ժամանակ, Փութին հաւաստիացուց, թէ Արեւմուտքը չէ ստեղծած ապահովական վստահելի համակարգ։
Դեռ աւելին, մատը այլ վէրքի մը վրայ դնելով, Փութին ամէնայն թափանցիկութեամբ եւ քիչ մըն ալ ազդարարութեամբ նշեց, թէ Մոսկուան բազմաթիւ ընկերներ ունի Հայաստանի գործարար շրջանակներու մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը ունին Ռուսիոյ անձնագիր․․․եւ կը մնան արգելափակուած: Ան փափաք յայտնեց, որ անոնք ազատ արձակուին, որպէսզի կարենան մասնակցիլ ներքաղաքական գործընթացներուն, այսինքն յառաջիկայ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն։
Տարիներ շարունակ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնը հիմնուած էին վստահութեան եւ հաւատարմութեան վրայ։ Այդ գոյավիճակը այսօր փուլ եկած է, յատկապէս Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ Այս գծով, այնքան մը պղտոր են տեղեկութիւնները, որ կարելի չէ յստակ եզրակացութեան յանգիլ։ Մոսկուա չտրամադրե՞ց, կամ չուզե՞ց տրամադրել, այն մակարդակի պաշտպանութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ կատարած էր ի շահ Հայաստանի։ Այս չախչախիչ պարտութեան գծով, դեռ դէպքերու իրադարձութիւններն ու մութ ծալքերը չեն յստակացած։
Փութինի համար, Երեւանի կիրարկած ներկայ քաղաքականութիւնը ռազմավարական հանճար չէ, այլ երկմտանք եւ տատամսում, որ երբեք կենսունակ չէ։ Ինչ, որ կը պատահի ժամանակ շահելու դիրքորոշում մըն է։ Իսկ ժամանակ շահելու նմանօրինակ գործելաձեւ, ի վերջոյ փուլ կու գայ։
«Ռազմավարական գործընկերութիւն» եզրոյթը լոկ կը շարունակուի, սակայն իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի։
Մնա՞լ Ռուսիոյ ուղեծիրին մէջ նուազ ակնկալիքներով, թէ՞ աւելի վճռական խզում կատարել եւ ընդունիլ ստեղծուելիք վտանգները։ Փաշինեան կատարած է ընտրութիւնը, որ հեռու է վերոյիշեալ Մանտելայի իմաստուն խօսքէն։
Ռուսամէ՞տ կամ արեւմտամէ՞տ քաղաքականութիւն։ Վտանգաւոր գրաւի մը առջեւ կը գտնուի Երեւան։ Հայամէտ քաղաքականութեան բացակայութիւնն է մտահոգիչը։ Զգալի է հմուտ դիւանագիտութեան բացակայութիւնը։
Մոսկուայի հանդիպումը ցոյց տուաւ, թէ ներկայ wait and see մօտեցումն ու իրավիճակը խնդիրը չի լուծեր, այլ ընդհակառակը, աւելի կը բարդացնէ։

