Գրական

Պատերազմ մը, որ ապրեցանք

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Պատերազմ մը անագորոյն

Տմարդի,

որ ապրեցանք տարիներ՝

կը կրկնուի հիմա արդէն

Advertisement Subscribe Today

վերստին:

Ողջ սերունդ մը ապաքէն,

քանդում տեսած ու մոխիր,

կը տուայտի

անձրեւին տակ ռումբերու:

Գարուն է, բայց հրդեհներ

հոս կը ծաղկին միմիայն,

պայթող, ժայթքող բողբոջներու

փոխարէն՝

օճախներ են եւ անմեղեր շանթահար,

որոնք կ’իյնան՝

աշխարհի մը դէմ կուրցած,

ոճիռներու դէմ՝ անլուր,

ղեկավարներու՝ ծախուած:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button