Յօդուածներ

Ո՜Հ …ԳԵՂԱՆԻ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

 

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

Լեհ մտաւորական Սթանիսուաւ Սրոքովսքիի (Stanisław Srokowski) «Գեղանի հայուհի» (Piękna Ormiańka) լեհերէն նոր վէպի շնորհահանդէսին հրաւիրուած էի 2026 թ. մարտ 10-ին, Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի հանրածանօթ «Երաժշտութիւն եւ գրականութիւն» մշակութային կեդրոնին մէջ:   

Չորս տասնեակէ աւելի հատորներու հեղինակ լեհ մտաւորական Ս Սրոքովսքին՝ բանաստեղծ, արձակագիր, գրական քննադատ, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ հրապարակախօսը ծնած է Հնիլչէ 1936 թ. յունիս 29-ին, (այդ ժամանակ  Լեհաստան, իսկ ներկայիս Ուքրանիա)։  Նոր հատորին հետաքրքրական խորագիրը զիս գօտեպնդած ու  խանդավառած էր աւելի մօտէն ծանօթանալու, թէ ինչո՞ւ հեղինակը այդ միջակ չափի 301 էջնոց գիրքը «գեղանի» վերադիրով բնորոշած է եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս յատկորոշած է «հայուհի»ն։ 

Այդ նպատակով, հեղինակի լեհերէն լեզուով ուղղեցի հարցումներս՝ իմանալու համար «Գեղանի հայուհի»ի հատորի ծալքերուն մէջ իր խոհուն մտածումները եւ բովանդակութեան նրբերանգները։ Գիրք մը, որուն շուրջ մտորումներս զիս մղեցին արտայայտելու իմ երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը։

 

Advertisement Subscribe Today

Այս իմ երկրորդ հանդիպումս էր հեղինակին հետ։ Իսկ առաջին մեր ծանօթութիւնը եղած էր այլ առիթով, երբ նախաձեռնած ու կազմակերպած էի «Հայ գրականութեան խնճոյք» վերնագրով գրականութեան երեկոն, նոյն մշակութային կեդրոնին մէջ,  2022 թ. սեպտեմբեր 12-ին,  որ նուիրուած էր  երեք տասնամեակներու Հայ-լեհական դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին եւ ՀՀ անկախութեան տօնին: Այդ մշակութային երեկոյի համատեղ նիւթաբարոյական հովանաւորներն էին Լեհաստանի Տօլնէ Շլոնսք մարզի (Dolny Śląsk) մարզպետարանը (որուն կեդրոնն է Վրոցլաւ քաղաքը) եւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։ Հովանաւորներու մասնակցութիւնը յատուկ շուք մը ունէր՝ մարզպետարանի կրթութեան եւ մշակոյթի տնօրէնին ու ՀՀ օրուայ դեսպան Սամուել Մկրտիչեանի ներկայութեամբ։ Այդ երեկոյ Լեհաստանի մէջ դարաւոր հետք ունեցող հայ փոքրամասնութեան համար հայ երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը ձեռք-ձեռքի տալով տօնախմբած էին պատմական այդ ամեակները, լեհ հանրութեան դիմաց քիչ մը աւելի փայլած էին ակնածելի դրոշմ թողելով:

Հաւատացած եմ, որ սփիւռքի մէջ, մշակոյթներու խաչմերուկներու, օտարացնող խստաշունչ պայմաններու տակ, երբ նորաստեղծ հայ համայնքները կը գտնուին կազմաւորման եւ կայացման փուլին մէջ, մեր ինքնութեան պահպանման գլխաւոր բանալին մեր մշակոյթին հանդէպ գիտակից եւ նպատակասլաց կառչածութիւնն է՝ հայեցիութեան գիտակցութիւնը բանիմացութեամբ կենդանի պահելով։

      Ս․ Սրոքովսքին «Հայ գրականութեան խնճոյք»ին հրաւիրուած էր իբրեւ երեք բանախօսներէն մին իր հետ կը մասնակցէին՝ հայ երիտասարդ սերունդի արդի բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ ու լեհ գրական հանրութեան ծանօթ բանաստեղծուհի՝ Տաթեւ Չախեանը եւ լեհ բանաստեղծուհի Կալինա Իզապելա Ժիոլա` լեհ բազմաբեղուն բանաստեղծուհի, թարգմանչուհի եւ գրաքննադատ, Հայաստանի գրողներու միութեան պատվաւոր անդամ, որ լեհ-հայկական գրական կապերու իսկական դեսպանն է [1]։ Ուստի,  մօտէն ծանօթ էի արդի լեհական գրականութեան մէջ Սրոքովսքիի հեղինակած արգաւանդ հրատարակութեանց, գրական ոճին, վաստակաշատ ներդրումին, ստեղծագործական ուղիին։

      Սրոքովսքին ժամանակակից լեհական գրականութեան քնարերգակներէն մէկը կը նկատուի, կ’առանձնանայ ազդեցիկ ու հարուստ իր գրական հրապուրիչ լեզուով, ընկերային հարցերու վերլուծութեամբ, հոգեմտաւոր խորութեամբ։ Պատկերացումի հակիրճ հորիզոն մը բանալու համար, իր հեղինակած չորս տասնեակէ աւելի հատորներէն, լեհերէն հրատարակութիւններու վերնագիրներէն կարելի է հայերէնի թարգմանել, պարզապէս ակնարկ մը հայելու համար անոր բանաստեղծութիւններու ծաղկաւէտ փորձադաշտին՝ «Թեւակոտոր թռչուններ» (1967), «Լռութեան գոտի» (1968), «Դուն» (1971) «Ծննդեան վկայագիր» (1981), «Սէր եւ մահ» (2005) եւ այլն, իսկ Վէպերէն՝ «Ճակատագիր» (1977), «Վախ» (1978), «Բացակայ» (1978), «Բելզեբուբի երազը» (1982), «Մանկութեան ուրուականներ» (1985), «Հայրենադարձներ» (1988), «Արքատիի մութ բլուրները» (2022), «Ուքրանացի սիրահար» (2024)  եւ այլն։

      «Գեղանի հայուհի» վէպը եռագրութեան երրորդ հատորն է։ Առաջին երկու հատորները՝ «Ռուսական սէր» եւ «Թաքնուած քաղաք», լոյս տեսած են 2025 թուականին Քրաքովի Arcana հրատարակչութենէն, իսկ երրորդ հատորը՝ «Գեղանի հայուհի», հրապարակուած է  2026 թուականին Gadowski հրատարակչութենէն։ Եռագրութիւնը կը ներկայացնէ 1960–ական թուականներու  Լեհաստանի մէջ Լեկնիցա քաղաքի ընկերային ու քաղաքական կեանքը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի լեհ անհատի փորձառութիւնները, տագնապները, մարտահրաւէրները:

Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Եաքուպ Մեյերը, առաջին անգամ կը հանդիպի խորհրդաւոր ու գեղեցիկ կնոջ մը՝ Նաթաշային, որ ի յայտ կու գայ թէ Նելլի անունով հայուհի մըն է, եւ այստեղ սկիզբ կ’առնէ անոնց սիրային պատմութիւնը: Մեյերն ու Նելլին կ’ապրին այդ քաղաքի մօտակայ շէնքերուն մէջ, անոնց հանդիպումներ կը դառնան աւելի յաճախակի, կը զարգանայ նաեւ սիրային յարաբերութիւնը:

Նելլի այն հայուհին է, որ հրաժարած էր ռուսական անունէն, փախած էր Խորհրդային Միութենէն, շեշտադրելով իր ազգային ինքնութիւնը։ Մեյերը տպաւորուած է նելլիի խիզախութեամբ, ազատասիրութեամբ, որ կը գերազանցէ վախն ու ստրկութիւնը, անկախութեան ձգտելու իր հաստատակամութեամբ: Նելիի ուժեղ հոգին,  զինք դարձուցած էր անկախ մտքի եւ հայրենասիրական զգացումներու անվիճելի խորհրդանիշ:

      «Գեղանի հայուհի»  վէպը գերազանցելով սիրային պատմութեան մը բովանդակութիւնը, հերոսուհիի ուժեղ տիպարին, զգայունութեան շնորհիւ,  ու մանաւանդ ազատութեան ցանկութեամբ, խորապէս տպաւորած էր հեղինակը, որ կարողացած էր Նելլին վերածել առանցքային յատկանշական կերպարի մը։ Վէպին հեղինակը, հերոսուհի՝ Նելլիի ընդմէջէն գիտակցաբար ուզած է ընդգծել, բարձրախօսել հայ ժողովուրդի անվիճելի արժանիքները, յայտնել իր հիացմունքը, հայ ազգը ներկայացնելով իբրեւ մեծարանքի արժանի մրցանիշ, որպէս ազատութեան ու անկախութեան անզիջելի պայքարի ցուցանիշ, այլ խօսքով հայուհին՝ Նելլիի անձը հեղինակին համար դարձած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ յարգանքի, սքանչացումի եւ գեղեցկութիւնը  մարմնաւորող խորհրդանիշ, Սրոքովսքին Նելլիի այս տիպարով հայ ժողովուրդը ներկայացուցած է տեղացի լեհ գրասէր հասարակութեան։

      Մարդը բնոյթով երեւակայող էակ է, այս իմաստով Սրոքովսքին որպէս կեանքի երեւոյթներու խորազնին դիտորդ ու նուրբ մեկնաբան է։ Անոր անսահման երեւակայութիւնը ամբողջապէս արտայայտուած է «Գեղանի հայուհի» վէպին մէջ։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յատկանշական է նաեւ հայրենասիրութիւնը, որ կը ներկայանայ իբրեւ մեղմ մեղեդի՝ անաղմուկ ուղեկիցը, որ ներդաշնակօրէն միահիւսուած է քնարական զգայուն լարերու քնքշութեամբ։ Սրոքովսքիի վէպը կ’առանձնանայ իր գրական ոճով, ներկայացուած հոգեբանական խորութեամբ, պատմական պատումներով, հաւաքական ապրումներով, այդ ժամանակաշրջանի մտայնութեամբ: Ընդգծուած են անհատի եւ տիրող քաղաքական համակարգի միջեւ տեղի ունեցող իրավիճակները, մարտահրաւէրները։ Նելլիի ազատութեան հոգին ու խիզախութիւնը  հիմնական շեշտադրումներն են, եւ այդ պատճառով վէպը կը դիտուի որպէս հայ ժողովուրդի արժանիքներու, անկախութեան եւ ազատութեան գովերգութիւնը:

Ո՜հ-ի արժանի Սրոքովսքիի «Գեղանի հայուհի»-ի հակիրճ մանրապատումէն ետք, հարցումս եղաւ՝ «Ուրեմն ինչո՞ւ այս վերնագիրը»: Հեղինակը՝ հմտութեամբ, վճռակամութեամբ եւ իր դիրքորոշումը անխախտ պահելով, հաստատեց՝ «Մեզի հետ եղած էք, մեր հետ ապրած էք ու պիտի շարունակէք ապրիլ»։

 

[1] Ա․ Ս․,  «Թումանեան լեհերէնով կը խօսի»; «Նոր Յառաջ», Ժ տարի, թիւ 1377, երեքշաբթի 3.Սեպտեմբեր.2019, էջ 6 ․

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button