Մոսկուայի Մէջ Փութին – Փաշինեան Տեսակցութիւն

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Չորեքշաբթի 1 Ապրիլին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք արծարծեցին շրջանային զանազան նիւթեր։
Փութին յայտնեց, թէ Ռուսիոյ փափաքն է, որ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերը մասնակցին Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
«Մոսկուա գործարար շրջանակներու մէջ բազմաթիւ ընկերներ ունի: Անոնցմէ մի քանին Ռուսիոյ անձնագիր ունին եւ գիտեմ, որ անոնք բանտը կը գտնուին: Անշուշտ, այդ մէկը ձեր որոշումն է, բայց կը փափաքէինք, որ անոնք բոլորը կարենան մասնակցիլ ներքաղաքական գործընթացներուն», ըսաւ Փութին։
Փաշինեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Ուզում եմ ընդգծել, որ մեզ մօտ ընտրութիւններին կարող են մասնակցել միայն անձինք, ովքեր բացառապէս Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեն»:
Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման՝ Փութին նշեց, որ անկարելի է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ եւրոպական միութեան միաժամանակ անդամակցիլ:
Փութին դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ իրավիճակը տակաւին զգայուն նիւթ է։ Փաշինեան յայտբեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած է խաղաղութիւն, որ երկարատեւ աշխատանքի եւ բազմաթիւ միջազգային խաղացողներու մասնակցութեան արդիւնք է:

