ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ

22 Մարտի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր Սուրբ Խորանի վարագոյրը բացաւ Գալստեան Կիրակիին՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:
Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Մայրավանքին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
Քարոզին մէջ Շահէ արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ տուեալ նուիրական պահին՝ դիտել տալով, որ այդ պահը անցեալի պատմութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ դնող առիթ է: Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդին մեծ սուրբը 13 տարի նախախնամութեան տնօրինութեամբ Խոր Վիրապի մթաստուեր պայմաններուն մէջ տագնապեցաւ եւ ապա լոյս աշխարհ վերադարձաւ, որպէսզի մեր ամբողջ ազգը Աստուծոյ ճշմարիտ լոյսի գիտութեան առաջնորդէ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած Դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեամբ, Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքներուն եւ մեր հաւատքի հօր՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին աջին ուղեկցութեամբ, շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը եւ ուխտաւորներուն բաշխեց մասունքներուն օրհնութիւնը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Սուրբ Խորան եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան աջով կատարեց ջրօհնէքի արարողութիւն։
Նշենք, որ Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ դրուեցան Լուսաւորչի աջը, ինչպէս նաեւ սուրբ Սեղբեստրոս ու սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։

