Մարդասիրական Օժանդակութիւն՝ Իրանին
ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի, Մարտ 31-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ դեղորայք փոխանցուեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան։
Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան «Yerkir.am»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, թէ այս մարդասիրական օգնութիւնը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Իրանի ժողովուրդին հանդէպ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Արցախի դժուար օրերուն, հարեւան եւ բարեկամ Իրանը կանգնած է հայ ժողովուրդին կողքին։
«Անշուշտ, ոչ մէկ օգնութիւն կրնայ մեղմել կամ սփոփել բարեկամ Իրանի ժողովուրդին ցաւը, սակայն որպէս մարդ եւ որպէս բժիշկ, պարտաւոր ենք կանգնելու ցաւի եւ վիշտի մէջ գտնուող մարդոց կողքին»,– ըսաւ «Տօնոյեան» բժշկական կեդրոնի վիրաբոյժ, 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Հենրիկ Մարգարեան՝ աւելցնելով, թէ բժշկական պարագաները ընտրելու ընթացքին իրեն օգտակար եղած է պատերազմի իր փորձառութիւնը։
Մարդասիրական օգնութիւնը ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի փոխդեսպանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս դժուարին օրերուն Իրանի ժողովուրդին կողքին գտնուելու համար։

