«Մահ Կամ Ազատութիւն»
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան յապաղած տօնակատարումներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը կուսակցութեան գործունէութեան մասին արտակարգ գնահատականի ասպարէզ դարձաւ:
Ի՞նչ էր պատրուակը: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամներէն մէկը` Յակոբ Յակոբեան, գրական անունով` Յակոբ Մովսէս, հարցազրոյց մը տուած էր 1in.am կայքին, որուն ընթացքին ի միջի այլոց, խօսած էր նաեւ Դաշնակցութեան մասին: Ըստ Յակոբ Մովսէսին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու է… տասը դարերէ ի վեր հայութեան գլխուն եկած արհաւիրքներուն համար: Պատճառը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն է եւ այդ գաղափարախօսութիւնը ամփոփող «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը: Այդ կարգախօսը վտանգաւոր է, ըստ Յակոբ Մովսէսի:
Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովը անկախ մարմին է: Անոր անդամները չեն կրնար, իրենց անդամակցութեան միջոցին, անդամ ըլլալ որեւէ կուսակցութեան: Անոնք քաղաքական հարցերու պարագային պարտաւոր են զսպուածութիւն ցուցաբերել: Կարճ խօսքով` պարտաւոր են անկախ ու անաչառ դատողութիւններ ցուցաբերել: Կարճ խօսքով` պարտաւոր են անկախ ու անաչառ դատողութիւններ կատարել իրենց հանրային ելոյթներուն ընթացքին:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը բողոքած էր ու պահանջած Յակոբ Մովսէսի պաշտօնէ դադրեցումը: Ազգային ժողովի փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբը, քննելով բողոքը, եզրակացուցած էր, որ Յակոբ Մովսէս իր վարքագիծով խախտած էր սահմանադրական կանոնը: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամները կ՛ընտրուին Ազգային ժողովին կողմէ, ձայներու առնուազն եզրայանգումը պէտք է կատարուէր Ազգային ժողովի լիակատար նիստին:
Այդպէս ալ եղաւ: Յակոբ Մովսէս, որ հրաւիրուած էր նիստին, արդարացաւ ըսելով, որ ինք խօսած էր ոչ իբրեւ յանձնաժողովի անդամ, այլ իբրեւ մտաւորական, մոռնալով, որ ինք հրաւիրուած էր կայք իբրեւ անդամ այդ յանձնաժողովին: Ելոյթներու ընթացքին, շուտով, խորհրդարանական մեծամասնութեան անդամները մոռացութեան տուին Յակոբ Մովսէսի արարքը, զայն արդարացնելու փորձ ալ չըրին, այլ հարցը շրջելով մէկը միւսին ետեւէն հանդէս եկան Դաշնակցութեան դատափետութեամբ: Կարծէք օրակարգի հարցը ոչ թէ Յակոբ Մովսէսի արարքն էր, այլ…. Դաշնակցութեան բոլոր ժամանակներու գործունէութեան դատապարտումը:
Բնականաբար դաշնակցական պատգամաւորները պատասխանեցին զրպարտութիւններուն: Յատկանշական էր յատկապէս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը, որ ջախջախեց բոլոր չարախօսութիւնները:
Ինչպէս նախատեսելի էր, Ազգային ժողովը մերժեց Յակոբ Մովսէսի լիազօրութիւնները դադրեցնելու դիմումին ընթացք տալ: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորները չմասնակցեցան փակ գաղտնի քուէարկութեան, իսկ ընդդիմութեան 28 ձայները չբաւարարեցին դրական որոշում կայացնելու համար:
Յաճախ դիտել տուած ենք, որ Դաշնակցութեան քննադատութիւնը ծնած է կուսակցութեան հետ: Դաշնակցութիւնը կը քննադատուի 135 տարիներէ ի վեր. քանի եւ քանի՜ անգամներ նախանշուած է անոր վերջնական չքացումը` մահը: Սակայն Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու գործել: Արմէն Ռուստամեան շեշտը կը դնէ դաշնակցականի տեսակին, այսինքն` դաշնակցականութեան վրայ ու կ՛աւելցնէ, որ այդ տեսակը հիմնուած է պարզագոյն սկզբունքի մը վրայ. համակերպիլ այն բանին, որ հարկաւոր չէ փոխել, փոխել այն, որուն հնարաւոր չէ համակերպիլ:
Ըսած ենք ու կրկնելու գնով պիտի ըսենք, որ մեր պատմութեան վերջին 150-ամեակի փոթորկալի բոլոր ժամանակներուն, Դաշնակցութիւնը գիտցած է դառնալ ի՛ր ժամանակի շունչը: Պատահա՞ծ է, որ սխալ դատողութիւն կատարէ. այո՛, անխուսափելիօրէն պատահած է, սակայն առաջին իսկ ճգնաժամին` Դաշնակցութիւնը վերադիրքաւորուած է Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն բխող առաջադրանքին վրայ:
Այսօրուան դիրքորոշումը եւ անցեալ ժամանակներու դիրքորոշումները կրնան տարբերիլ ըստ ժամանակին յատուկ ռազմավարութեան եւ պայմաններուն յատուկ մարտավարութեան թելադրանքին: Սակայն անոնք խորքին մէջ միասնական են, որովհետեւ բոլորին աղբիւրը Դաշնակցութեան Ծրագիրն է, բոլորը զսպանակողը Դաշնակցութեան գործելակերպն է, բոլորին ուղենիշը «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսն է ու դաշնակցականի երդումին «բոլոր ուժերովս-իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին» խոստումը:
Յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութեան առիթով (7 Յունիս 2026) Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորները կը յուսան Դաշնակցութիւնը հեռացնել քաղաքական դաշտէն: Ազգային ժողովին մէջ կամ ոչ, կառավարութեան մէջ կամ ոչ, Դաշնակցութիւնը կայ ու կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան զինուորագրուած ազգային քաղաքական աներեր պատնէշը:


