ԳլխաւորԳրական

ՀԻՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՅԺԸ, ՆՈՐԻՆ ՈՅԺԸ

Վեհանոյշ Թեքեան

Հետզհետէ հրճուանքը կտրեցաւ ճարահատ ճիւղի պէս

Արձագանգը չուեց թառեցաւ Բանի մէջ

Հողմը կաղնիին բունը խլեց լքեց

Արմատը տրտում բայց տոկուն մնաց

Advertisement Subscribe Today

Տարիները դէմքերը աղօտեցին

Ժամանակի շրջանկարները մնացին

Հին տարուան մակոյկը արդէն գնաց

Պարոյկը օդէն կախուած մնաց

Կենսախայտ հողը դարձաւ արիւնի լաւայ

Հին հողին վրայ կամուրջը կ՚երերայ

Անուրջները ջնջուեցան   վիշտով սորվեցանք

Մահէն հեռու մնալու արուեստը

Արեւափար մակոյկն ու

Հաստատակամ կամուրջը

Կիզակէզ անուրջը եւ

Ի՞նչ պիտի ըլլայ-ի պարոյկը

Հմայիչ էր հեռաւոր Միջերկրականը

Ցունամի դարձեր կլաներ է օրերը

Յաւերժի կապոյտ ջահ էր երկինքը

Բարիի ոյժէն Արարիչն ելեր է դուրս

Մնացեր է դրանս՝ սին գոյժը սեւաքուրջ

Այլեւս թող գա՜յ Նոր Տարին պատմուճանով ծիրանի

Որ մարմրած Լուսաւորչի Կանթեղէն

Հայու կեանքին ինքնակիզուած պատրոյգին

Հոգեկանն ու անհատնելին լուսարձակէ

Բարին բերէ, Չարը վանէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button