Յօդուածներ
Հինգ Տարի Առանց Վարդան Գրիգորեանի. Տուն Տանող Ճամբան Եւ Ապագային Կապող Կամուրջը
Ռուբէն Ճանպազեան«Թորոնթոհայ», Մայիս 2026 (թիւ 225)
Կը յիշեմ 2021-ի գարնանային այդ կէսօրը, երբ ստացայ Վարդան Գրիգորեանի մահուան լուրը։ Անմիջապէս զգացի, որ աշխարհը քիչ մը աւելի խամրեցաւ:
Արդէն հինգ տարի անցած է այն օրէն. ու մինչ իր ղեկավարած հաստատութիւնները՝ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանէն մինչեւ «Պրաուն» համալսարանն ու «Քարնեկի» հիմնարկութիւնը, կը շարունակեն ծաղկիլ, ես այս գրութիւնով կ’ուզեմ յիշել իր կառուցած այն կամուրջը, որ երկարեց դէպի նոր սերունդը։
Վարդանը յատկանշական տուեալներու եւ տիտղոսներու տէր մարդ էր։ Ան «Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի փրկիչն» էր, որ աւելի քան 327 միլիոն տոլար հաւաքեց՝ զայն փրկելով 50 միլիոնի պարտքէն։ Ան «Պրաուն» համալսարանի առաջին «օտարածին» նախագահն էր, որ կրկնապատկեց հիմնադրամի դրամագլուխը՝ հասցնելով զայն մէկ միլիառի։ Ան նաեւ արժանացաւ շատ քիչերուն վիճակուած ԱՄՆ-ի «Ազատութեան նախագահական մետալ»-ին։ Սակայն մեզի՝ հայերուս համար, ան նաեւ մէկ այլ արժէք էր. ան կենդանի ապացոյցն էր, որ իր «տուն տանող ճամբան» հարթած էր բանականութեամբ, ծառայութեամբ եւ սերնդակիցներուն սատար հանդիսանալու անխախտ կամքով։
Դոկտ. Գրիգորեանի հետ իմ առաջին ու միակ անձամբ հանդիպումս եղաւ 2012-ի ամրան։ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան մէջ փորձաշրջանի (internship) մասնակից էի. նորաւարտ ու խանդավառ երիտասարդ մը, որ կը ջանար իր տեղը գտնել սփիւռքեան բարդ իրականութեան մէջ։ Մեր խումբը հրաւիրուած էր Մանհաթըն՝ «Քարնեկի» հիմնարկութեան իր գրասենեակը։ Կը յիշեմ այդ սենեակին մթնոլորտը՝ պատմութեան եւ գաղափարներու (եւ հարուստ փայտեայ կահոյքի) ծանրութեամբ, սակայն ինքը՝ Գրիգորեանը, զարմանալիօրէն պարզ էր ու իր մօտեցումով՝ թեթեւ։ Ան մեզի հետ չխօսեցաւ բարձունքէն. ընդհակառակը, նստաւ նոյն սեղանին շուրջ եւ խօսեցաւ այնպիսի անկեղծութեամբ, որ նոյնիսկ ապշեցուցիչ էր։ Ան կը պատմէր իր ձախողութիւններուն մասին (օրինակ՝ ինչպէս ան չընտրուեցաւ Փենսիլվանիոյ համալսարանի նախագահութեան պաշտօնին) նոյնքան եռանդով, որքան իր յաջողութիւններուն: Բայց ամենէն աւելի տպաւորիչը իր ուսուցիչին՝ Սիմոն Վրացեանի մասին խօսելու ձեւն էր։
Վրացեանը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, եղած էր Վարդանին տնօրէնը, խորհրդատուն ու մտերիմը Պէյրութի ճեմարանին մէջ։ Տեսնել ամերիկեան մտաւորական կեանքի այս հսկան՝ մարդ մը, որ խորհուրդներ տուած էր ԱՄՆ նախագահներուն եւ աշխարհի ամենէն հարուստ բարերարներուն, թէ ինչպէ՛ս սիրով ու երախտագիտութեամբ կը խօսէր իր ուսուցիչին մասին՝ խոնարհութեան բարձրագոյն դաս էր։ Հանդիպման աւարտին, ան մեզմէ իւրաքանչիւրին նուիրեց իր յուշերէն օրինակ մը:
Տարիներ ետք, երբ ստանձնեցի Armenian Weekly-ի խմբագիրի պաշտօնը, «Հայրենիք»-ի ժառանգութեան պատասխանատուութիւնը ուսերուս վրայ ծանր նստած էր։ Նորեկ էի ու կը փորձէի ուղի հարթել նախկին մեծ խմբագիրներու շուքին տակ։
Տարիներ ետք, երբ ստանձնեցի Armenian Weekly-ի խմբագիրի պաշտօնը, «Հայրենիք»-ի ժառանգութեան պատասխանատուութիւնը ուսերուս վրայ ծանր նստած էր։ Նորեկ էի ու կը փորձէի ուղի հարթել նախկին մեծ խմբագիրներու շուքին տակ։
Օր մը, անսպասելիօրէն գրասենեակիս հեռաձայնը զարկաւ. պարոն Գրիգորեանի գլխաւոր քարտուղարն էր: Վարդան Գրիգորեանը կապ կ’ուզէր հաստատել ինծի հետ։
Այս մարդը, որ «Քարնեկի»-ի մէջ աւելի քան երեք միլիառ տոլարի պիւտճէ կը տնօրինէր, ժամանակ գտած էր փնտռել-գտնելու «Հայրենիք» շէնքի երիտասարդ, նոր խմբագիրը։ Մեր հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ան շատ սրամիտ էր, քաջալերող եւ հետաքրքրուած։ «Ռուբէն ջա՛ն», կ’ըսէր իր այդ հարազատ պարսկահայ շեշտադրութեամբ, ապա զրոյցը կ’ուղղէր դէպի աւելի լայն հորիզոններ՝ շեշտելով, որ Weekly-ի աշխատանքը լոկ էջեր լեցնել չէր, այլ ազգային կարեւոր ծառայութիւն։
Այս մարդը, որ «Քարնեկի»-ի մէջ աւելի քան երեք միլիառ տոլարի պիւտճէ կը տնօրինէր, ժամանակ գտած էր փնտռել-գտնելու «Հայրենիք» շէնքի երիտասարդ, նոր խմբագիրը։ Մեր հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ան շատ սրամիտ էր, քաջալերող եւ հետաքրքրուած։ «Ռուբէն ջա՛ն», կ’ըսէր իր այդ հարազատ պարսկահայ շեշտադրութեամբ, ապա զրոյցը կ’ուղղէր դէպի աւելի լայն հորիզոններ՝ շեշտելով, որ Weekly-ի աշխատանքը լոկ էջեր լեցնել չէր, այլ ազգային կարեւոր ծառայութիւն։
Ան կը մղէր զիս, որ թերթն ըլլայ ճշմարտութեան եւ մտաւորական լրջութեան փարոս։ Ան այդ քաջալերանքը կ’ամրապնդէր բարոյական, ինչպէս նաեւ անանուն նիւթական աջակցութեամբ։ Սակայն ինծի համար ամենէն թանկագինը իր ժամանակն էր։ Այսօր կը հաւատամ, որ ան կը վերադարձնէր այն պարտքը, որ ունէր Վրացեանի հանդէպ։ Ան հայրական հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր անծանօթ երիտասարդի մը հանդէպ, ճիշտ այնպէս, ինչպէս ուրիշներ ըրած էին իրեն համար, երբ 1956-ին ոտք դրաւ Ամերիկա:
Վարդանը իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ յաճախ կը յիշէր մեծ մօր խօսքը. մարդուն միտքն ու արտաքինը փոփոխական են, բայց ազնուութիւնը միակ դրամագլուխն է, որ երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը։ «Եթէ զրկուիս ազնուութենէ, կը սնանկանաս», կը մէջբերէր ան։ Նայելով այսօրուան աշխարհին՝ իր հեռացումէն հինգ տարի անց, այդ խօսքերը մարգարէական կը թուին։
Վարդանը իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ յաճախ կը յիշէր մեծ մօր խօսքը. մարդուն միտքն ու արտաքինը փոփոխական են, բայց ազնուութիւնը միակ դրամագլուխն է, որ երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը։ «Եթէ զրկուիս ազնուութենէ, կը սնանկանաս», կը մէջբերէր ան։ Նայելով այսօրուան աշխարհին՝ իր հեռացումէն հինգ տարի անց, այդ խօսքերը մարգարէական կը թուին։
Մենք կ’ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը յաճախ կը շփոթուի գիտելիքի հետ, եւ ուր մենախօսութիւնները փոխարինած են երկխօսութեան։ Վարդանը մեզի կը զգուշացնէր ասոր մասին։ Սրտանց կը հաւատար, որ կրթուած քաղաքացին միակ երաշխիքն է «օրուելեան հասարակարգ»ին դէմ։ Ան յաճախ կ’ըսէր, որ նիւթապէս հարուստ մեռնողը անպատուուած կը մեռնի, եւ ինք ապրեցաւ այդ սկզբունքով՝ իր կեանքի ուժը ներդնելով «նոր քաղաքացիներու պատրաստութեան» մէջ։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութենէն (զոր հիմնադրեց այլ գաղափարապաշտներու հետ, ինչպիսին է Ռուբէն Վարդանեանը) մինչեւ իր զօրակցութիւնը Դիլիջանի UWC դպրոցին, ան շարունակ սերմեր կը ցանէր այնպիսի հունձքի համար, որուն պտուղները պիտի քաղէին ուրիշները։ Յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ պիտի ըսէր Վարդանը Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայ մարտահրաւէրներուն ու անոնց միջեւ ստեղծուած լարուածութեան մասին։ Անկարելի է անտեսել, որ Ռուբէն Վարդանեանը՝ բազմաթիւ տեսլական ծրագիրներու մէջ իր գործընկերը այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած է՝ շինծու մեղադրանքներով։ Դառն ու ծանր հեգնանք է, որ այն մարդը, որ Վարդանի հետ կամուրջ կը կառուցէր դէպի ապագայ, այժմ գերի է այն նոյն նախապաշարումներուն ու անարդարութեան, որոնք անոնք կը ջանային յաղթահարել։
Դժուար է պատկերացնել, որ Վարդանը ուրախ պիտի ըլլար Հայաստանի ներկայ վիճակով, սակայն կը կարծեմ, որ ան կանգ պիտի չ’առներ ու կեդրոնանար այսօրուան մթութեան վրայ։ Փոխարէնը, ան մեզմէ պիտի պահանջէր նայիլ առօրեայ աղմուկէն անդին եւ աշխատիլ յանուն պայծառ ապագայի մը։ Ինչպէս որ զիս մղեց իմ աշխատանքը տեսնելու աւելի լայն պրիսմակով, այնպէս ալ մեզմէ պիտի սպասէր աւելի մեծ մտածել, նոյնիսկ այս ծանր հարուածներուն դիմաց։
Դեռ ունիմ The Road to Home («Տուն տանող ճամբան») ինքնակենսագրական գիրքին օրինակը, զոր նուիրած էր մեզի տասնչորս տարի առաջ. զայն մեծ հաճոյքով ընթերցած եմ եւ վերընթերցած: Այդ օրինակը այսօր դրուած է գրադարանիս մէջ՝ արեւելահայերէն թարգմանութեան կողքին, որ դեռ չեմ ալ բացած (լուռ յիշեցում մըն է այն բարի մտադրութիւններուն, որոնք յաճախ կը մնան անկատար)։ Նայելով այդ օրինակին, կը յիշեմ Մանհաթընի այդ գրասենեակին, հեռախօսազրոյցներուն եւ այն մարդուն մասին, որ թոյլ չտուաւ, որ իր յաջողութիւնը կտրէ իր արմատները։ Ամէն անգամ, երբ կը նայիմ այդ գիրքին, կը գիտակցիմ, որ Վարդանին մեծագոյն նուաճումը միայն հաւաքած միլիոնները կամ հիմնած հաստատութիւնները չէին, այլ Սիմոն Վրացեանի ջահը վառ պահելը՝ զայն փոխանցելով ինծի պէս մարդոց։ Ան ապացուցեց, որ Թաւրիզէն եկած գաղթական մը կրնայ ո՛չ միայն գրադարան փրկել, այլեւ ներշնչել սերունդներ։
Թերեւս մարմնապէս ան այլեւս մեզի հետ չէ, բայց ունինք իր կեանքի օրինակը։ Երանի՜ մեզի, եթէ ունենանք նման ուսուցիչներ, եւ ըլլանք այնքա՜ն կարգապահ, այնքա՜ն նուիրուած, որ դառնանք այն առաջնորդները, որոնց կարիքը յաջորդ սերունդը այնքա՜ն զգալիօրէն ունի։

