Հաւատաւորը՝ Վահան Նաւասարդեան (Ծննդեան 140-ամեակի եւ մահուան 70-րդ տարելիցին առիթով )

Համաստեղ
Ծ․Խ․- Վահան Նաւասարդեան ծննդեան 140-ամեակի եւ մահուան 70-րդ տարելիցին առիթով, «Դրօշակ» (թիւ 3, 2026) լոյս ընծայած է Համաստեղի այս գրութիւնը։
Մահը ինչպէ՜ս կրցաւ տեղ գտնել Վահանի իսկապէս լեցուն հոգիին մէջ: Լեցուն՝ աշխատանքով, խանդավառութիւնով, սիրով, կիրքով, լեցուն մանաւանդ մեծ հաւատքով: Այդ բոլորը լեցուցած էին անոր կեանքի բոլոր ժամանակները: Ան վարար գետի մը հոսանքն էր իր երիտասարդ օրերուն, գետ մը՝ իր յառաջացած տարիքին ու իր կեանքի վերջին շրջանին: Գետ մը՝ միշտ հոսանքի մէջ, քարերուն զարնուող ու փրփուր տուող, և կարծես միշտ կ’իմանայիր անոր մէջ գետին այդ վազքը անհանդարտ, երբ նոյնիսկ լուռ էր:
Պսակադիր քահանան էր պատասխանատու բոլոր հետևանքներուն:
Ողբացեալ Վահանն ու Հերսելիան իրենց ծխատէր քահանաներէն ոչ մի նման փաստաթուղթ չունէին, ես զանոնք չէի ճանչնար, ուստի պէտք է մերժէի՝ պատասխանատուութիւնից զերծ մնալու համար:
Հետագայում, Ս. Հռիփսիմէ վանքին մէջ զանոնք պսակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգելույս Կաթողիկոս Գարեգին Աը, երբ Վահանը Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանում ուսուցիչ էր, իսկ Գարեգին Կաթողիկոսը տեսուչ էր ճեմարանին՝ ծայրագոյն վարդապետ եղած միջոցին: Հանգուցեալ Վահանին իմ խորին գոհունակութիւնս յայտնեցի, որ իմ մերժումով իր պսակադիրն եղաւ ինձնից արժանաւորը՝ իմ թանկագին ուսուցիչը:
«Որչափ խաւար է գիշերը, նոյնքան փայլուն են աստղերը»,– կ’ըսէ ռուսական ասացուածքը: Հայութեան խաւարչտին ու մութ երկնակամարին վրայ ողբացեալ Վահան Նաւասարդեանի աստղը փայլեց իր բովանդակ լոյսով՝ լոյս եւ յոյս տարածելով իր չորս կողմը եւ ծիրը թողնելով հայոց երկնքին վրայ՝ մի նոր համաստեղութիւն կազմեց՝ Նաւասարդեան Համաստեղութիւն…
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
***
Իր երիտասարդութեան շրջանին ըմբոստ, անկաշկանդ, ազատութեան ձգտող, աւելի լայն հորիզոններու թռիչք հասցնող նոր սերունդի մը ինքնուրոյն մէկ ներկայացուցիչն էր Վահանը եւ, անտարակոյս, հին սերունդին մտահոգութիւնը՝ յիշել ինչ որ հին սերունդինն էր, հեռանալ պապենական տունէն, աւանդութիւններէն ու նախապաշարումներէն:
Վահանը քանի յառաջացաւ, ոչ միայն հիմնովին ըմբռնեց հին սերունդին իմաստութիւնը, այլեւ դարձաւ աւելի պահպանողական ու աւելի ըմբռնեց մեր պապերուն արժէքները: Ազատութեան համար անկաշկանդ թռիչք առնող Վահանը դարձաւ հլու հպատակը, անկաշառ պահապանը, անխոնջ մշակն ու ծառան մեր պապերուն հաւատքին: Այդ արժէքները Վահանին մէջ դարձան ոչ միայն իմացականութիւն, այլև հաւատք՝ առանց այլևայլի և առանց պատճառաբանութեան: Ան ոգեւորուեցաւ մեր պատմութիւնով և իր ոգին դարձուց անառիկ բերդ: Հայ հողը դարձաւ անոր համար ներշնչարան, դարձաւ ոգի եւ մարմին՝ Յիսուսի բաժնած նկանակին պէս: Հողը անոր համար մասունք էր ու դիւցազներգութիւն: Ափ մը հայկական հողի մէջ ան կրնար լսել դոփիւններն ու վրնջիւնները դիւցազնամարտի ձիերուն ու տեսնել հսկայ հասակը Հայկին:
Ան սրբակրօն էր, ինչպէս քուրմ մը տաճարին մէջ, քուրմ մը՝ մոլեգին ու անողոք: Այդ հաւատքի տաճարն էր, որ կը պաշտպանէր պատարագով, աղօթքով ու կիրքով:
Վահանը գուցէ մէկ ծունկ աղօթք ըրած չէր հայ եկեղեցիին մէջ և սակայն առանց տատամսելու ընդունակ էր նետուիլ կռիւին մէջ՝ փրկելու համար Հայ եկեղեցին. մեր տունը սրբազան, ուր կ’ապրին ոգիները նախնիքներուն:
– Նկատեցի՞ր,– խօսեցաւ Վահանը, երբ տարիներ առաջ Երուսաղէմի մէջ հայկական վանքի կալուածներէն կ’անցնէինք:
– Ի՞նչը, Վահա՛ն:
– Չնկատեցի՞ր, որ միշտ սեղանին վրայ ծռած կուրծքս, ուսերս շտկուեցան հրաշքով: Ես կը զգամ այդ հրաշքը. կուրծքս վեր ելաւ հայրենիք ունեցող զինուորականի մը պէս, որովհետեւ հայ վանքի կալուածներուն մէջէն կ’անցնինք:
– Հա՛յր Սուրբ,– խօսեցաւ Վահանը Հայր Թաշճեանին,– եթէ կռուողի պէտք ունենանք մեր վանքին իրաւունքները պաշտպանելու համար, նոյնիսկ ամենափոքր, անիմաստ իրաւունք մը, զիս կանչէ:
Վահանին համար եթէ կար համամարդկային, նոյնիսկ տիեզերական հարց մը, ան ալ հայ ժողովուրդին հարցն էր, և չկար աշխարհի մէջ այնքան մեծ և ազնիւ ժողովուրդ, որքան հայ ժողովուդն էր:
Զգացական, պիտի ըսեն ոմանք, եւ սակայն Վահանը, հետևած ընկերաբանական գիտութիւններուն, անխոնջ ընթերցող մը, իր իմաստութիւնը բիւրեղացուցած էր Հայրենիք ու Հայաստան գաղափարին հետ:
Ան չէր քաշուէր նոյնպէս ծայրայեղօրեն ըսելու. «Այն բանը, որ չի ծառայեր հայ ժողովուրդին, անիմաստ է եւ փուճ»:
Վահանին համար ճշմարիտ է այն, որուն ինք կը հաւատար, որովհետև իր հաւատքը և իր իմաստութիւնը նոյնացած էին հայ ժողովուրդին հետ: Ան որպէս անհատ չէր, որ կը մտածէր: Անոր մէջ տարրերու շարժումը կար, սերմ նետուած արտի մը շարժումին պէս: Ամէն բանով գերիվեր կը զգար, որովհետև իր հոգիին մէջ կ’ապրէր իր ցեղին մեծութիւնը: Մեծ կը զգար իր նախնիքներով: Վահանը եկած էր դեր մը կատարելու: Ցեղին տարրը այնքան արթուն էր անոր մէջ, հոսանք մը, որ զինք կը մղէր արշաւի, ու միշտ ալ արշաւ մը եղաւ անոր կեանքը իր մտածումով ու գործունէութեամբ:
Եթէ Հին Կտակարանի շրջանին մէջ ըլլար ան, վար պիտի գար լեռնէն, խիստ մարգարէի մը պէս տապալելու համար կուռքերը: Ինքզինք զրկող խիստ անապատական մը, որ կարծես Ս. Մեսրոպի հրաշքը իր աչքերով տեսած էր. այդքան միսթիք էր անոր հաւատքը: Ուժեղ էր անոր սէրը, ուժեղ էր նաև անոր ատելութիւնը: Եթէ կար թերութիւն մը անոր մէջ, այն ալ բարեխառնութեան պակասն էր. կամ խիստ ցուրտ էր ու սառնամանիք և կամ շատ արևոտ ու տաք. ես վստահ եմ, որ թշնամիներն անգամ պիտի ներեն Վահանին, որովհետև այնքա՜ն մեծ սրբազնութիւն դրած էր իր հաւատքին մէջ: Այդ էր պատճառը, որ անոր կիրքին ու պայքարներուն մէջ անկեղծութիւն կար:
Անտարակոյս, ճիշդ էր Վահանը: Ճշմարտութիւնը ինքը հաւատքն էր, առանց ինչուի եւ առանց պատճառաբանութեան: Ճշմարտութիւնը իր ցեղն է, իր ժողովուրդը: «Սխալ թէ շիտակ՝ այդ իմ Հայրենիքն է»,– այդ կրնար Վահանը ըսած ըլլալ:
Չէ՞ որ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ նոյն զգացումով, նոյն հաւատքով: Այլապէս, եթե չունենար զգացական այդ ուժը, ուրիշ որևէ ուժով չէր կրնար պահել իր գոյութիւնը:
Մեր նախնիքը, մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, Ս. Մեսրոպը, Հայկը, Վարդանը, Արարատը, մեր ազատագրական շարժման հերոսները, բոլորը, բոլորը, գերադրական մարմին առած ոգիներ էին Վահանին համար: Ու կ’ապրէր, կը ներշնչուէր այդ բոլորով:
Ըսե՞լ, որ Վահանին մէջ միշտ ալ ուժեղ բանաստեղծը կար և կաշկանդուած բանաստեղծը, որ ճիգ կ’ընէր իր ազատութիւնը գտնել: Հակառակ անոր, որ Վահանը ամբողջովին կ’ապրէր իր խմբագրական, իր քաղաքականկուսակցական աշխատանքներով, իր պայքարներով, չէր զգար, որ իր մէջ բանաստեղծը կար կաշկանդուած եւ այդ բանաստեղծը յաճախ իր գոյութիւնը կը զգացնէր անոր ոճին մէջ, երբ կը խորհրդածէր, երբ դիմագիծ մը ուզէր տալ:
Վահանի ոճին գծերը կու գային Խորենացիէն եւ Նարեկէն: Անոր մէջ երբեմն ալ զգալի էր բանաստեղծն ու իր ոճը, երբ նոյնիսկ թուանշաններուն հետ էր, երբ Նեղուցներու մասին կը գրէր եւ կամ կու տար Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը:
Ինչպէս անհատներ, նոյնպէս ազգերն ալ ունին իրենց թերութիւնները: Մեր վիպագիրը, մեր բանաստեղծը, մեր տեսաբանը, խմբագիրը և նոյնիսկ գիտնականը րոմանթիկ ապրումներով մօտեցեր են հայ ժողովուրդին ու յաճախ ներբողներ են հիւսեր: Շրջանը կամ սերունդը հասած չէ հայ գրագէտին, հայ խմբագրին համար, մօտենալու հայ ժողովուրդի թերութիւններուն: Վահանը շատ հարազատ մէկ ներկայացուցիչն էր երանելի սերունդի մը, որ հետզհետէ կը հեռանայ իր րոմանթիկ մեծ նուիրումներով, աստղերուն նայող եւ միսթիք՝ իր հաւատքին մէջ:

