ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔՍ…

Գէորգ Պետիկեան
-Պապի՛կ, ի՞նչ կ’ընես …մինչեւ վերջ սենեակդ քաշուած…ամէն օր…
Թոռնիկս է: Արդէն մեծցած հասակ առած, եւ կ’ուզէ որ մենք այր եւ կին, ամէն շաբաթավերջ իր ներկայութեան, իր հետ անցնենք: Խօսինք: Ուտենք: Վիճինք: Խնդանք: Կ’ատակենք: Երգենք:
Տեսակ մը կարօտ: Պատանի թոռնիկի յատուկ կարօտ՝ հանդէպ պապիկին եւ նանիին:
Իմ կարգիս, ինչպէս միշտ, հանդարտ անկեղծութեամբ իրեն կը խոստովանիմ.-
«Կ’առանձնանամ սենեակէս ներս։ Կը նստիմ, չեմ գիտեր որքան ժամանակ ու կը թղթատեմ գիրքերս, նօթագրութեան տետրակներս, ու տակաւին տարիներ առաջ ապրած պատահարներուս գիրկին մէջ կը մխրճուիմ:
Ու երկա՜ր կը յիշեմ եւ նոյնքան ալ երկա՜ր կը մտածեմ ու մտածածիս բեռան տակ, սահմռկած ու անխօս կը մնամ այսպէս երկար: Յաճախ շուարած: Երբեմն յուզուած եւ քիչ մըն ալ լայն ժպիտ գծած դէմքովս:
Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած են առօրեայ մտահոգութիւններուն:
Ճակատս, տարիներէ ի վեր, արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանի, իսկ մազերս՝ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած են:
Օրերուս նման անտող են նաեւ ժամերս ու տրամադրութիւններս:
Այդ միջոցին իսկ կ’ուզեմ յիշել, հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ երիտասարդութիւնս մեծցաւ:
Ու անկեղծօրէն խոստովանելով ըսեմ, որ ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն տարիքիս կը կապեմ: Անձէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը՝ թերեւս: Ու շատ յաճախ ալ. նոյնիսկ բառերէս կը վախնամ:
Արդէն սկսած եմ դեգերիլ ժամանակին մէջ: Լեցուիլ ու նոյն հաւատքով հպարտանալ:
Կը զգամ արդէն, որ տարիքիս հետ, մանուկի մը յափշտակութիւնը տակաւին կայ եւ մնացած է աչքերուս մէջ: Այս բոլորը տակաւին ինքնածին՝ կը յիշեմ: Բոլոր տարեկիցներուս նման ես ալ ընտանիքէս ետք, հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ, եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն է, որ զիս կը բռնէ լալու աստիճան:
Ներկայութիւնս գօտեպնդող դէմքերով եւ դէպքերով, մեր մեծերու յուշերուն տողանցումը մտովի կը դիտեմ նորէն: Անոնք տակաւին կը մնան յուշերուս մէջ, որովհետեւ ինծի եւ մեզի անխտիր տակաւին շատ «ըսելիքներ» ունին:
Սիրելի թոռնուհիս, այս տարի, կամքէ անկախ, ինքզինքս զրկած եմ հայրենի մթնոլորտէն, հողէն ջուրէն, հայրենաբնակ բարեկամներէն, եւ հեռու մօտիկ ծանօթներէն: Պարզ ճշմարտութիւն եւ անմեղ խոստովանանք:
Ու այսպէս նման մտածումներ, պատկերներ, դէմքեր եւ դէպքեր, հանդարտ հաճելի եւ խորք ունեցող բառերով կը սողան հայ մտքիս մէջ, ուր մտածումներու անթիւ փշրանքներ լեցուած են ոճաւոր եւ հաճելի:
Բայց յստակ ըսեմ, որ գիտակցութեան առջեւ միշտ ներկայ եղած է եւ է՛, էութիւնս:
Գիտեմ որ միշտ ծննդավայրիս նման հայրենիս ալ նստած է սրտիս վրայ: Նաեւ
գիտեմ որ ներկայիս հո՛ն, հայրենի հողին վրայ, ազգային կեանքը նստած է տրտմութեան աղբիւրին մօտ: Յաճախ անտեղի եւ անիմաստ աղմուկը եւ անոր Ծնունդ տուող ատելութիւնն ու նախանձը, գողցած են մարդոց ուրախութիւնը:
Կարօտը սրտիս, միշտ երազած եմ վերադառնալ էութեանս, կրկին ու կրկին տեսնելու պապերուս երկիրը:
Կրկին անգամ եւ այս առթիւ յուզումով եւ յիշատակելի պատկերներով կեանքի կը կոչեմ գաղափարներուս հետ յուշերս նոր բառերս, խօսքերս, որովհետեւ այս ձեւով չեմ ուզեր պատգամի ուժ եւ պիտակ տալ տողերուս: Այս ձեւով, յիշողութիւններուս մէջէն սփոփանքս ալ կը գտնեմ:
Համոզուած եմ, ինչպէս միշտ, Մասիսը իր տեղէն, իր վերէն, իր ստորոտին ապրող զաւակներու քայլերուն կը հետեւի, վերապրեցնելով յիշատակները հազարաւոր ինծի նման ուխտաւորներուն:
Անոր համար ամէն առիթով կրկնած եմ, թէ մեր ապահովութիւնը, մեր հայրենի հողին վրայ է միայն:
Վտանգաւոր շրջանէ կ’անցնին երկիրը: Սկզբունքները ոտնակոխուած կ’երեւին:
Մեր երկիրը կարծես կորսնցուցած է սեփական կամքով գոյատեւելու ձգտումը եւ կը հետեւի դուրսէն եկած գաղափարաբանութեամբ: Խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն եւ իրարհասկացողութիւն գաղթած են մեր հողէն: Հեռացած:
Սակայն, հակառակ այս իրավիճակին, իբրեւ ականջի օղ ըսեմ.- պայման է լրջօրէն մօտենալ, ե՛ւ հետեւիլ, ե՛ւ մտածել այն ինչ որ պատահած է, եւ կը պատահի ու կը շարունակուի:
Հո՛ն, կեանքի խաղերէն եւ քմահաճոյքէն, հինցած են օրերը: Մարդիկ, մեծով- պզտիկով կորսնցուցած են իրենց մտքի եւ բազուկի ուժը: Երկիրը տեղքայլի մէջ է: Տակաւին վարանում կայ: Արդուկը «գացած» հարցեր ունինք: Անոնցմով կ’ապրինք իրիկնամուտի ստուերներու, նման գիրկ-գիրկի:
Ու հաւատա՛, կեանքի այս եւ նման վատ խաղերու օրէնքներուն տակ, յոյսը՝ լաւին ու բարիին, մէջս տակաւին կը սպասէ
Ու այս բոլորէն ետք եւ որպէսզի պահենք մեր ազգային կեանքի ռիթմն ու էական եւ անհրաժեշտ բովանդակութիւնը, պարտաւոր ենք նորոգել ազգային կեանքի հետքը»:
-Պապի՛կ…այսինքն…
– Մէկ խօսքով, այսինքն ամէն պատեհ առիթին, կը փորձեմ հոգիս կարդալով եւ գրելով քակել: Փնտռածս՝ մեր հաւատքն ու կամքն է թոռնիկս:

