Գլխաւոր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

 

Թրքական ծովուժը կատարեց մեծ ռազմափորձ մը՝ միաժամանակ Սեւ Ծովուն, Եգէական Ծովուն եւ Միջերկրականեան Ծովուն արեւելեան աւազանին մէջ, ընդգծելով գործողութիւններ կատարելու եւ կանխարգելիչ  իր պատրաստութիւնը։

Ծովային ռազմափորձին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 հազար նաւազներ, 120 մարտանաւեր եւ 50 պատերազմական օդանաւեր։

Անթալիոյ նեղուցին մէջ կեդրոնացած ռազմափորձին ընթացքին գործածուեցան նաեւ «Թի. Պի. – 3» տիպի անօդաչու սարքեր, որոնք արձակուեցան «Թի. Սի. Ճի. Անատոլու» ռազմանաւէն։

*

Advertisement Subscribe Today

   Զինեալ մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշ զինեալներ վիրաւորուեցան Պոլսոյ մէջ Իսրայէլեան հիւպատոսարանին մօտ կատարուած զինեալ գործողութեան ընթացքին, հաղորդեց Պոլսոյ ոստիկանութիւնը, որ նաեւ յայտնեց, որ զինեալներէն մին կապեր ունի կրօնական ծայրայեղական կազմակերպութեան մը հետ։

Ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Չիֆթճի հաղորդեց,որ զինեալները Քոճայլի նահանգէն Պոլիս փոխադրուած են՝ վարձու ինքնաշարժ մը գործածելով։ Ան նաեւ հաստատեց,որ բացայայտուած են զինեալներուն ինքնութիւնները՝ փոխանցելով,որ երեք զինեալներէն երկուքը եղբայրներ են։

Տեղին է նշել, որ իսրայէլացի ոչ մէկ դիւանագէտ կը գտնուի Թուրքիա, որովհետեւ Կազայի պատերազմին սկսումէն քանի մը օր ետք, Թէլ Աւիւ դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմը Թուրքիայէն դուրս բերաւ։

*

Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը կը դիմագրաւէ ներքին կուսակցական լուրջ խնդիրներ, որոնց իբրեւ ապացոյց, լուծարքի ենթարկուեցաւ կուսակցութեան Պոլսոյ կառոյցը եւ փակուեցան շրջանային 39  գրասենեակներ։

Ազգային Շարժումի ներքին հարցերը լուսարձակներու տակ յայտնուեցան, երբ հրաժարեցաւ կուսակցութեան փոխ ղեկավար Սեմիհ Եալչին, որ միեւնոյն ժամանակ Ազգային Շարժումի Պոլսոյ կառոյցին ղեկավարն էր։

Հրաժարելէ առաջ, Եալչին ընկերային հաղորդակցութեան «Իքս» հարթակին վրայ գրած էր, թէ կուսակցութեան շարքերը թափանցած է անձ մը, որ կը պառակտէ եւ բնաւ պատիւ չի բերեր կուսակցութեան։ Եալչինի այս տեսակէտը պաշտպանած էին Ազգային Շարժումի բարձրագոյն մարմինի մէկէ աւելի անդամներ։

Աւելի ուշ, Եալչին հրապարակեց իր լուսանկարը՝ կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելիի հետ, գրելով, որ հաւատարիմ կը մնայ իր կուսակցապետին։

*

Թուրքիա, Յորդանան եւ Սուրիա ստորագրեցին հասկացողութեան  եռակողմ յուշագիր մը՝ փոխադրութեան համագործակցութեան մասին, նպատակ ունենալով շրջանային հաղորդակցութեան ուժեղացումը եւ Հիւսիս – Հարաւ միջանցքով առեւտուրի աշխուժացումը։

Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտնեց, որ յուշագիրը կամքի ուժեղ դրսեւորում մըն է՝ շրջանային զարգացման թափ տալու իմաստով։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիա – Սուրիա – Յորդանան առանցքի աշխուժացումը էապէս պիտի բարեփոխէ արտածումներու պատկերը՝ տնտեսութիւններուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալով։

Ուրալօղլու նաեւ կարեւորեց ուղղակի փոխանցումներու սակերու եւ հարկերու նուազումը, նպաստելու համար սահմանային փոխադրութիւններու հեզասահ ընթացքին։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Աթէնքի քաղաքականութիւնը՝ «Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան» նկատմամբ, յայտարարելով, որ Լօզանի համաձայնագրով ամրագրուած անոնց իրաւունքները կ՛անտեսուին։

Թուրքերը դժգոհ են, որ Աթէնքի իշխանութիւնները կը մերժեն ճանչնալ թուրք փոքրամասնութեան ընտրած միւֆթիներուն օրինականութիւնը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button