ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալ Ուաշինկթընի մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ծերակուտական Ճեֆ Մերքլիի հետ։
Ըստ թրքական դեսպանատան կողմէ «Էքս» հարթակին վրայ կատարուած գրարման, Օնալ եւ Մերքլի քննարկած են թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան զարկ տալու հեռանկարները։
Թէ ի՞նչ են այդ տարբեր մարզերը, յստակ չէ։ Սակայն գաղտնիք մը չէ, որ թուրքերը հակահայկական լոպիինկ կը կատարեն Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ եւ այս հանդիպումը թերեւս կ՛իյնայ այդ ծիրին մէջ։
*
Անօդաչու սարքերու կառուցման թրքական «Պայքար» ընկերութիւնը հանրութեան ներկայացուց «Քամիքազ Քէ յ- 2» նոր սարքը, որ Արուեստական Բանականութեամբ գործող թռչելու, հարուածելու եւ տեսանելիութեան համակարգ մը մը ունի։
Այս տրոնին թռչելու կարողութիւնը աւելի քան 2 հազար քիլոմեթր է եւ կրնայ մինչեւ 8 հարիւր քիլոկրամ ռումբ կրել։Անիկա նաեւ կառուցուած է այնպէս մը, որ կրնայ բազմաթիւ անգամ թռչիլ։
*
Վերջին երկու շաբթուան ընթացքի Թուրքիա զգալիօրէն աւելցուցած է բանջարեղէնի եւ որոշ պտուղներու Ռուսիա արտածումը՝ Իրանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով։
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ռուսիա արտածուող բանջարեղէններու եւ պտուղներու քանակին մեծ մասը կը հայթայթուի Անթալիայէն։ Զգալիօրէն բարձրացած է լոլիկի, պղպեղի, սմբուկի եւ նարինջի ընտանիքին պատկանող պտուղներու արտածումը։
*
Օտարներու կողմէ հաստատուած ընկերութիւններ Թուրքիայէն արտածումներուն մօտաւորապէս 30 առ հարիւրը կատարած են, հաղորդեց Առեւտուրի նախարարութիւնը, որ նաեւ նշեց, թէ օտար ներդրումները վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն աճ արձանագրած են։
Վկայակոչելով Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան վերջին զեկոյցը, նախարարութիւնը յայտարարեց, որ օտար ներդրումները, որոնք 2002-ին կազմած են 1.2 միլիառ տոլար, 2025-ին արձանագրած են 12.2 առ հարիւրի աճ մը՝ կազմելով 13.1 միլիառ տոլար։
Օտար ներդրողներու կողմէ հիմնուած ընկերութիւններու կողմէ կատարուած արտածումները հասած են 46.4 միլիառ տոլարի։ Այս արտածումները մեծ մասամբ կատարուած են Եւրոպական Միութեան երկիրներ, ինչպէս՝ Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա։ Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգներ եւս կը գտնուին առաջատար դիրքերու վրայ։
*
Իրաքի փոխ վարչապետ եւ քարիւղի նախարար Հայյան Ապտիւլ Ղանի յայտարարեց, որ Քերքուք – Թուրքիա քարիւղատարով դէպի Թուրքիա իրաքեան քարիւղ սկսած է փոխադրուիլ։
Ղանի յայտնեց, որ Իրաքի քարիւղի օրական արտադրութիւնը 4.4 միլիոն տակառ է։ Սակայն Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններէն երկու օր ետք, իրաքեան քարիւղի արտածումը կանգ առած է՝ Ծոցի մէջ զարգացումներուն եւ Հորմուզի նեղուցին փակման պատճառով։
Ըստ Ղանիի, Քերքուք – Թուրքիա քարիւղատարը օրական շուրջ 250 հազար տակառ քարիւղ սկսած է փոխադրել՝ Թուրքիոյ Ճէյհուն նաւահանգիստը։
Իր կարգին, Իրաքի Քրտական Շրջանային Կառավարութեան վարչապետ Մասրուր Պարզանի խորհրդակցութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաքի հետ, որուն փոխանցեց, թէ իր կառավարութիւնը համաձայնած է, որ Իրաքի դաշնակցային կառավարութիւնը դէպի Թուրքիոյ Ճէյհուն նաւահանգիստը քարիւղ փոխադրէ՝ Քերքուք – Թուրքիա քարիւղատարին միջոցով։

