ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ նախագահ էրտողան յայտարարեց,որ Անգարա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ կայունութեան նպաստող ճիգերուն եւ պիտի գործակցի Սէուտական Արաբիոյ հետ՝ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագրերուն մէջ։
Էրտողան այս յայտարարութիւնները կատարեց Ռիատի մէջ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ թագաժառանգ իշխան Մոհամէտ Պըն Սալմանի հետ։ Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին Անգարա – Ռիատ յարաբերութիւնները, ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ գործակցութիւնը,ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները։
Թուրքիոյ նախագահը Սէուտական Արաբիայէն անցաւ Եգիպտոս, ուր նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ նախագահեց Թուրքիա -Եգիպտոս ռազմավարական համագործակցութեան գերագոյն խորհուրդին նիստին։
*
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Պոլսոյ մէջ ձերբակալեց երկու թուրքեր, որոնք կը գտնուին Իսրայէլի հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու կասկածներու տակ։
Ձերբակալեալներէն մին կը կոչուի Մեհմէտ Պուտաք Տերիա, որ հանքավայրերու երկրաչափ մըն է։ Ան 2005-ին հիմնադրած է առեւտրական ընկերութիւն մը, որ աւելի ուշ գրաւած է Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»-ի ուշադրութիւնը։
Տերիա ապա Մոսատի թելադրանքով աշխատանքի հրաւիրած է Վեյսէլ Քերիմօղլուն, որ պաղեստինեան ծագում ունի։ Անոր միջոցով՝ Տերիա կապեր հաստատած է պաղեստինցիներու հետ, որոնք կ՛ընդդիմանային Իսրայէլի պետական քաղաքականութեան։ Ապա այս պաղեստինցիներուն բոլոր տուեալները փոխանցուած են Մոսատի։
Տերիա նաեւ առեւտրական նպատակներու համար մուտք գործած է Կազա, ուր գտնուող շտեմարաններու լուսանկարներ փոխանցած է «Մոսատ»-ին։
*
Ամերիկացի եւ թուրք պաշտօնատարներ խորհրդակցութիւններ ունեցան ռազմանաւերու շինութեան մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ, մինչ ամերիկեան վարչակազմը կը քննարկէ իր ծովուժը ընդարձակելու ծրագիրը, Չինաստանի հետ մրցակցութեան լոյսին տակ։
Ամերիկեան ծովուժի հրամանատարութեան պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ այցելեց թրքական ծովուժի հրամանատարութեան կեդրոնը, իսկ ամերիկացի բանբեր մը յայտարարեց, որ ամերիկեան եւ թրքական ծովուժերը կը քննարկեն գործակցութեան զարգացման հեռանկարները։
*
Աթէնքի իշխանութիւնները ներկայիս կը պատրաստեն օրէնքի նախագիծ մը, որուն նպատակն է արգելքներ դնել Թուրքիոյ հետ սահմանակից յունական տարածքներու մէջ թուրքերու կողմէ կալուածներու գնման դէմ։
Խօսքը կը վերաբերի հիւսիսարեւելեան Էվրոս շրջանին մէջ թուրքերու կողմէ կալուածներու գնման բազմաթիւ պարագաներու՝ օգտագործելով Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ արձանագրուած ընկերութիւններու միջոցով։
Օրէնքի նոր նախագիծին համաձայն, յունական իշխանութիւնները մանրամասն քննութիւններ պիտի բանան թուրքերու կողմէ կալուածներու գնման գործառքներու, որոնք կը կատարուին սահմանակից Ալեքսանտրուփոլիի, Օրէսթիատայի եւ Տիտիմոթէյքոյի մէջ։ Աւելի՛ն։ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաւանութիւնը պէտք է տայ նշեալ շրջաններուն մէջ թուրքերու կողմէ գնուելիք կալուածներու գործառքներուն՝ առաջնորդուելով ապահովական նկատառումներէ։ Եթէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մերժէ գործառքը, ապա անիկա չեղեալ պիտի համարուի։
Տեղին է նշել,որ Յունաստան՝ 1924-ին, իսկ Թուրքիա՝ 1927-ին, հաստատած են օրէնքներ, որոնք կը սահմանափակեն սահմանակից շրջաններու մէջ կալուածներու գնումը՝ յաջորդաբար թուրքերու եւ յոյներու համար։

