Յօդուածներ

“Զմմառեանք Ի Սփիւռս Աշխարհի”-ի Տարեգիրքի Գրախօսականը

Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիր եւ միաբանութեան դպրեվանքի հայրենագիտութեան դասատու
-Եթէ կրնաս՝ բարձրացի՛ր, բայց գիտե՛ս ո՞ւր, մինչեւ ո՛ւր,
-Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր,
Բայց մինչեւ ու՞ր, մինչեւ ո՞ւր…”:
-“Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր”
Հետեւեալ խորիմաստ խօսքերը` հայ մեծանուն բանաստեղծ` Վահան Թէքէեան կարծէք յօրինած ըլլար` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Ս.Իգնատիոս Մալոյեանը բնութագրելու, որու ձօնուած է “Զմմառեանք Ի սփիւռս աշխարհի” տարեգիրքի 31-րդ համարը։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ նոյնինքն Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի համար`
6 Օգոստոս 1896-ը, վճռորոշ եւ բեկումնային տարեթիւ մը հանդիսացաւ, ուր Մալոյեան իր սրբութեան մեկնակէտը եւ միաբանութեան մշտնջենաւորութեան հիմնաքարը դրաւ։
Արդարեւ, Մալոյեան`
ուղիղ 130-տարիներ առաջ, ճիշտ այդ օրը` Զմմառու միաբան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ, անով իսկ քանդակեց իր եւ իր փարած միաբանութեան անմահութիւնը։
Ան բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց իր սիրած եւ փայփայած միաբանութիւնը դէպի համաշխարհային ճանաչում, դէպի միջազգայի հնչեղութիւն վայելող հոգեւոր եւ ազգային բարձունքներ։ Վատիկանի Ս.Պետրոս տաճարի հրապարակէն` սրբադասման օրը քանիցս հնչեց Զմմառու միաբանութեան պատուանունը։
Տեղեկատուական գործակալութեանց լրահոսերու կեդրոնական եւ կարեւորագոյն լուրը Մալոյեանի Սրբադասումն էր եւ այն միաբանութիւնը` որ կոփած էր անոր նկարագիրը եւ հոգեւոր մղումները։
Այսօր, երբ չորրորդ իշխանութիւնն է` աշխարհի տէրն ու անոր դիմագիծը փոխողը, Զմմառու միաբանները որպէս հոգեւոր իշխանութիւն` պարտաւոր կը զգան տեղեկատուական ոլորտը զարգացնել, որպէսզի Միաբանութեան խօսքը լսելի դառնայ եւ ժողովուրդը ներգրաւուի դէպի եկեղեցին, դէպի Տիրոջ խօսքը։
Ահա թէ ինչո՞ւ, հակառակ անոր, որ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի մէջ  տիրող ապահովական անկայուն կացութեան, քաղաքական ելեւէջներուն, դիւանագիտական եռուզեռին եւ տնտեսական ճգնաժամին` մայրավանքի վարչութիւնը ոգի ի բռին` փորձեց սոյն հատորը ամէն գնով կեանքի կոչել, որպէսզի մամուլի աշխարհին մէջ եւս, իր համեստ լուման ներդնէ` հանդէպ միաբանակից սուրբին։
Արդարեւ, ան իր սրբադասմամբ խոյացաւ դէպի բարձունքները եւ իր հետ բարձրացուց եւ պանծացուց միաբանութիւնը։
Մայրավանքի վարչութիւնը նպատակադրեց, որ սոյն հատորը գիտական եւ արխիւային մակարդակի ըլլայ եւ ծառայէ որպէս աղբիւր` սուրբին արժանիքները բացայայտող եւ վաւերագիր իր վարքագրութիւնը ուսումնասիրողներուն սեղանին։
Մալոյեանի ձերբակալութեան, բանտարկութեան, չարչարանքներու, աքսորի եւ նահատակութեան դրուագները գրի առնուած են ականատեսերու վկայութեանց հիման վրայ, իսկ միաբանութեան վարչութեան կատարած հետազօտութիւնները աւելի շատ կը վերաբերի անոր հոգեւոր եւ միաբանական կեանքին, առաքելութեանն ու վարքին։
Քանզի մամուլը իր բոլոր տեսակներով` արտացոլումն է տուեալ ժամանակահատուածի ոգիին եւ այն կառոյցին, այս պարագային Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան տարած աշխատանքի տարողութեանը ու անոր դաւանած կրօնական ուղղուածութեանը։
“Զմմառեանք Ի սփիւռս աշխարհի” տարեգիրքին ընդմէջէն մենք կը ծանօթանանք ներմիաբանական հարցերուն եւ որոշ եղելութիւններու շուրջ անոր վերաբերմունքին եւ դիրքորոշմանը նաեւ իրադարձութիւններու նկատմամբ ունեցած արձագանքին` ըլլան անոնք դրական կամ բացասական։ Ուսանելի դասեր քաղենք անոր նախկին սխալներէն եւ գործուած բացթողումներէն։ Ան որպէս ուղեցոյց փարոս կ’ուղեկցի միաբաններու ապագայ գործունէութեան ընթացքին։
“Զմմառեանք Ի սփիւռս աշխարհի” տարեգիրքը այն հայելին է, որ կը ցոլացնէ միաբանութեան ինքնութիւնը իր բոլոր մանրամասներով եւ նրբերանգներով։
31-րդ հատորին մէջ ամփոփուած են անսպառ փաստեր` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մասին, որոնք տրամադրելի են գիտաշխատողներու եւ հետազօտողներու համար։
Այս տարի` միաբանութիւնը յաւուր պատշաճի կը յիշատակէ Մալոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան 130 ամեակը, որովհետեւ այդ օրը խորհրդանշական եւ շրջադարձային է այն առումով, որ ուրուագծեց Մալոյեանի ապագան` ապահովելով երկնային օթեւաններուն մէջ` մահկանացուներուն համար բարեխօս ըլլալու Աստուածային շնորհքին։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան գրական անդաստանը հարստացաւ սոյն հատորով։
Գիտական, փաստավաւերագրական այս հարստութիւնը, որ ձօնուած է «Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի վարքագրութեան» մանրամասները ներկայացնող համապարփակ ուսումնասիրութեան` միամեայ նուիրումով կատարուած հետազօտութեան արդիւնք է, որ նոր հորիզոններ կրնայ բանալ մեր անցեալէն մինչեւ ցայժմ չկարդացուած եւ չբացայայտուած Մալոյեանական վարքագրութեանը։
Աւելի քան չորս տասնամեակ տպագրուած “Զմմառեանք Ի սփիւռս աշխարհի”-ի` գիտական եւ կազմակերպչական գործունէութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է հայագիտական մտքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button